Jump to content

Ասատուր Կիւզելեան

Ասատուր Կիւզելեան
Ծնած է 14 Մայիս 1932(1932-05-14) (92 տարեկան)
Ծննդավայր Սուրիոյ եւ Լիբանանի ֆրանսական մանտադ
Մասնագիտութիւն գրագէտ, բանաստեղծ, հայագէտ, Խմբագիր, հրապարակախօս

Ասատուր Կիւզելեան (ծնած է 14 Մայիս 1932-ին, Ալեքսանտրեթի նահանգի Սովուգ Օլուգ հայկական գիւղը): Գրող, բանաստեղծ, հայագէտ, խմբագիր, հրապարակախօս եւ Հայ Դատի եռանդուն նուիրեալ: Ան հայ ազգային իրականութեան մէջ հանրածանօթ դէմք մըն է կրթական, հրապարակագրական, եկեղեցական եւ հասարակական մարզերու մէջ իր տարած աշխատանքով:

Ասատուր Կիւզելեան Անթիլիասի դպրեվանքին պատիւ բերող մտաւորական մը եղաւ:


1939-ին, երբ Ալեքսանտրեթի Սանճաքը (նահանգ) Ֆրանսան դաւադրաբար «նուիրեց» քեմալական Թուրքիոյ 40,000 հայերու հետ՝ Կիւզելեաններն ալ լքեցին իրենց պապենական հողը եւ գաղթեցին Լիբանան, ապա՝ հաստատուեցան Հալէպ:

Ասատուր Կիւզելեան իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանին մէջ։ 1948-ին կ'ընդունուի Անթիլիասի դպրեվանքը, որուն դասընթացքը աւարտելէ ետք 1955-ին, կը ստանցնէ ուսուցչական պաշտօն Հալէպի Կիլիկեան վարժարանէն ներս:

«Ուշ դիմեցի Անթիլիաս: Ուսումնապետ Բիւզանդ Եղիայեան ըսաւ որ միայն Կաթողիկոսին կարգադրութեամբ կրնայի ընդունուիլ դպրէվանք: Ուստի երբ ան զիս տարաւ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեանցի գրասենեակը, Վեհափառը հարցուց. «Ուզում ես սովորե՞լ տղաս»: Պատասխանս բնական է եղաւ՝ «Այո, Վեհափառ Տէր»: Կաթողիկոսի հրահանգին ընդառաջելով, Բիւզանդ Եղիայեան կարգադրեց որ քննութիւն յանձնեմ: Վեհափառը երբ քննութեան արդիւնքներուն ծանօթացաւ, Բիւզանդ Եղիայեանին ըսաւ. «Այս երեխի համար մի անկողին կը գնէք, նրան կ'արձանագրէք որպէս իմ սանը եւ նրա դպրոցական բոլոր ծախսերը կը վերցնէք իմ ամսականից»: Այդպէսով ոչ միայն ընդունուեցայ դպրէվանք, այլ ընդունուեցայ՝ որպէս Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեանցի սանը»:[1]
- Ասատուր Կիւզելեան


Ասատուր Կիւզելեանի գրական տաղանդի ձեւաւորման ու զարգացման մէջ ամէնէն մեծ ազդեցութիւնը ունեցաւ իր հայերէնի, գրաբարի եւ հայ մատենագրութեան ուսուցիչը, անուանի գրող, բանասէր, պատմաբան, հայագէտ, դասագիրքերու հեղինակ՝ Սիմոն Սիմոնեան։ Շնորհիւ Սիմոնեանի գրաբարի հանդէպ ստեղծած խանդավառութեան, Ասատուր Կիւզելեան ըմբոշխնեց մաշտոցեան հայերէնի լեզուական հարստութիւնն ու գրեթէ ամբողջ Նարեկը գոց սորվեցաւ։

1957-ին Ասատուր Կիւզելեան կը մեկնի Հնդկաստան եւ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանին մէջ կը դասաւանդէ հայագիտական նիւթեր:

1964-ին ընտանեօք կը փոխադրուի Լոնտոն, ուր կը վարէ խմբագրութիւնը «Արեգակ» ամսաթերթի, որ լոյս կը տեսնէ միայն երկու տարի:

1974-ին իր նախաձեռնութեամբ լոյս կը տեսնէ «Լոնտոն» ամսագիրը, որ կը գոյատեւէ մինչեւ 1976:

Հրատարակութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ասատուր Կիւզելեան ցարդ հրատարակած է չորս գիրքեր:

«Համոյ եւ Ֆատիլէ» չափածոյ սիրավէպը, որ լոյս տեսած է տպարան «Սեւան»էն 1960-ին: Գիրքը երկրորդ անգամ հրատարակուած է Երեւանի մէջ 2009-ին, անգլերէն թարգմանութեան հետ համատեղ:

«Յարատեւող Բարեկամութիւն», հեղինակ` Ալբերտ Փարսադանեան, հրատարակուած` 2004-ին, Երեւան: Գրքի երկրորդ եւ նոր նիւթերով ընդարձակուած տարբերակը լոյս տեսած է Երեւան, 2009-ին, որուն մէջ կան Ասատուր Կիւզելեանի բազմաթիւ յօդուածներն ու բանաստեղծութիւնները։

«Թերթելով Մամուլը», լոյս տեսած է Պէյրութ, 2011-ին: Գիրքը կը պարունակէ Ասատուր Կիւզելեանի խմբագրականներուն եւ յօդուածներուն հատընտիրը։ Այս հատորի «Դէմքեր» խորագրուած բաժնին մէջ հեղինակը, ի միջի այլոց, հանգամանօրէն կը ներկայացնէ հնդիկ հանճարեղ բանաստեղծ Ռապինտրանաթ Թակորի կեանքն ու գրական գործունէութիւնը: Գիրքի «Ճամբու Նոթեր» բաժնին մէջ, Ասատուր Կիւզելեան կը ներկայացնէ սփիւռքի զանազան հայաշատ քաղաքներէն ստացած իր տպաւորութիւնները, ինչպէս օրինակ, Պոլսոյ Սկիւտարի հայոց գերեզմանատունը, ուր կը հանգչին իր սիրած բանաստեղծներէն Պետրոս Դուրեանի եւ Մաթէոս Զարիֆեանի աճիւնները:

«Կը Խօսին Նամակները» հատորը նուիրուած է Ասատուր Կիւզելեանի եւ Սիմոն Սիմոնեանի՝ Ասատուր Կիւզելեանի եւ Վահրամ Մավեանի տպաւորիչ նամակագրութիւններուն։ Գիրքը լոյս տեսած է Պէյրութ, 2014-ին։

«Խօսում են նամակները” յուշ-նամականի արեւելահայերէնով լոյս տեսած հատորը նուիրուած է Ասատուր Կիւզելեանի եւ հայրենի մտաւորականներու նամակագրութիւններուն: Գիրքը հրատարակուած է «Մուղնի» հրատարակչութեան տնօրէն Ռուզան Պետրոսեանի կողմէ Երեւան, 2021-ին: Գիրքին յառաջաբանը գրած է Խորհրդային Հայաստանի Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի փոխնախագահ Ռոմէն Կոզմոյեանը:

Հայոց Ցեղասպանութեան 50-ամեակ (1965)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով Ասատուր Կիւզելեան իր բազմաթիւ խմբագրականներով եւ յօդուածներով կոչ կ'ուղղէ սփիւռքահայերուն, որ կառչին հայոց պատմութեան ոգիին եւ միացեալ ուժերով ու ծրագրուած գործունէութեամբ հետապնդեն Հայ դատը: Յիսնամեակի առիթով Ասատուր Կիւզելեան կը հրատարակէ «Արեգակ Բացառիկը», 84 էջ ծաւալով, հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով, ուր համաշխարհային համբաւի տէր կարգ մը դէմքեր, ինչպէս Արմին Թ. Վեկներ գրած են յօդուածներ:

Իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին Ասատուր Կիւզելեան միշտ աշխատած է ի շահ Սփիւռք-հայրենիք կապերու ամրապնդման, հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածներու համագործակցութեան եւ միասնականութեան:

Առ ի գնահատանք հայ ժողովուրդին, հայ դպրոցին, հայ մշակոյթին, հայ գրականութեան եւ եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեան, Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը 1982-ին Ասատուր Կիւզելեանը պարգեւատրած է «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով։ Աւելի ուշ,

27 Մարտ, 2012-ին, Ասատուր Կիւզելեան պարգեւատրուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլեամ Սարոյեան» մետալով` հայ գրականութեան, մշակոյթին, նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին մատուցած 60-ամեայ ծառայութեան համար:

23 Մայիս, 2012-ին, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով` Հայ գրատպութեան 500-ամեակին առիթով, գրականութեան եւ գրահրատարակչութեան զարգացման գործին ներդրած աւանդի համար:

– Շնորհակալութիւ´ն, շատ զգացուած եմ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանէն, որ մարտ ամսին զիս պարգեւատրեց «Ուիլեամ Սարոյեան» մետալով:

Շատ յարգելի շքանշան է ինծի համար, որովհետեւ ես անձնապէս ճանչցած եմ Ուիլեամ Սարոյեանը, որ ողջ աշխարհ մըն էր՝ գիտելիքներով հարուստ մարդ մը:

Օր մը հարցուցի իրեն. «այսքան բազմազան տաղանդներով եւ լայնածաւալ գիտելիքներով հարուստ մարդ մըն էք, ինչո՞ւ գրականութիւնը ընտրեցիք որպէս ասպարէզ»: Ուիլեամ Սարոյեան պատասխանեց. «փոքր տղայ էի երբ Ֆրեզնոյի մէջ թերթ կը վաճառէի: Փող չունէի, ամենէն արժան բանը, որ կրնայի գնել, թուղթն ու մատիտն էր։ Գնեցի եւ սկսայ գրել: Եթէ հայրս հարուստ ըլլար, հնարաւոր է որ մուրճ գնէի ու քանդակագործ դառնայի, կամ ներկ առնէի եւ նկարիչ դառնայի»:[1]
- Ասատուր Կիւզելեան Հայերն այսօր» հարցազրոյց 2012թ.


Անդամակցութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ա. Կիւզելեան 1962-ին կ'ընտրուի Հնդկաստանի Ասիական Ընկերութեան՝ իսկ 2017-ին` Հայսատանի Գրողներու Միութեան պատուաւոր անդամ։

«Ասատուր» փաստա-վաւերագրական ֆիլմի ներկայացումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

5 Յունիսի 2019-ին Երեւանի Cinematographers միութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Ասատուր» փաստա-վաւերագրական ֆիլմի ներկայացումը: Ֆիլմի գլխաւոր հերոսը` ազգային, հասարակական, գրական, մշակութային եւ եկեղեցական գործիչ, գրող-հրապարակախօս, հայ բարերար եւ մեծ մտաւորական լոնտոնաբնակ Ասատուր Կիւզելեանն է:

«Ասատուր» փաստա-վաւերագրական ֆիլմը գրեթէ չի խօսիր Ասատուր Կիւզելեանի բարերարութեան եւ բարեգործութեան մասին, մի պարզ պատճառով` ան չի սիրեր խօսիլ այդ մասին: Միայն մէկ առիթով ըսած է. «Ճշմարիտ տիկինը երբեք չի շպարուիր ու գեղեցկանար ի ցոյց ուրիշներու: Ան այդ կ'ընէ ծածուկ եւ առաջին հերթին իր համար: Բարեգործութիւնն ալ այդպիսի նման բան մըն է: Այն ի ցոյց դնելու համար չէ»:

Անվերջ կարելի է պատմել այս հետաքրքիր ու իւրօրինակ մարդու մասին: Սակայն ֆիլմի ռեժիսոր` Գրիգոր Հարությունյանը, իր ներածական խօսքին մէջ ներկայացնելով Ասատուր Կիւզելեան երեւոյթը, հրաշալի բնութագրեց. մասնագիտութեամբ` ՄԱՐԴ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]