Անթուան Մէյէ

Անթուան Մէյէ
ֆրանսերէն՝ Antoine Meillet[1]
Meillet Antoine.jpg
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Paul Jules Antoine Meillet[1]
Ծնած է 11 Նոյեմբեր 1866(1866-11-11)[2][3][4][…]
Ծննդավայր Մուլեն[2][5]
Մահացած է 21 Սեպտեմբեր 1936(1936-09-21)[2][5][4][…] (69 տարեկանին)
Մահուան վայր Շատոմեյան[2][5][6]
Քաղաքացիութիւն Flag of France (1794–1815, 1830–1974, 2020–present).svg Ֆրանսա
Ուսումնավայր Փարիզի Համալսարան
Փարիզի Արուեստներու Բաժանմունք
Կոչում Արեւելեան լեզուներու Հայկական Բաժանմունքի Ամպիոն
Մասնագիտութիւն քերական, Indo-Europeanist, հայագէտ, սլավոնագետ, լեզուաբան
Աշխատավայր Ֆրանսայի Քոլէճ[7]
Արեւելեան ապրող լեզուներու ազգային դպրոց.[1]
Բարձրագոյն հետազօտութիւններու գործնական դպրոց[1]
«Ռըվիւ տէ զ՛Էթիւտ զ՛Արմենիէն»
Վարած պաշտօններ կազմակերպութեան նախագահ
Անդամութիւն Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու Ակադեմիա, Փեթերսպուրկի Գիտութիւններու Ակադեմիա, Արուեստներու եւ գիտութիւններու ամերիկեան կաճառ, Ռուսաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիա, Արձանագրութիւններու եւ գեղարուեստի կաճառ[8] եւ Նիտըրլենտական արուեստներու եւ գիտութիւններու արքայական կաճառ

Անթուան Մէյէ (ֆրանսերէն՝ Antoine Meillet, 11 Նոյեմբեր 1866(1866-11-11)[2][3][4][…], Մուլեն[2][5] - 21 Սեպտեմբեր 1936(1936-09-21)[2][5][4][…], Շատոմեյան[2][5][6]), ֆրանսացի լեզուաբան, հայագէտ։ Հնդեւրոպական լեզուներու մասնագէտ։ 20-րդ դարասկիզբի ֆրանսացի ամէնէն անուանի լեզուաբաններէն մէկը։

Կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մէյէ եղած է միջազգային չափանիշով այն լեզուաբանը որ հայերէնին տուած է իր ճիշդ դիրքն ու արժէքը: Հայերէնը եղած է իր նախասիրութիւններուն կեդրոնը: Ան եղած է նաեւ Հրաչեայ Աճառեանի երախտաշատ ուսուցիչը:

Aquote1.png Յայտնի է, որ այբուբենը գլուխ֊գործոց մըն է: Հայ հնչաբանութեան հնչիւններէն իւրաքանչիւրը յատուկ նշանով մը նոթագրուած է եւ դրոյթը այնքան լաւ հաստատուած է, որ հայ ազգին հայթայթած է հնչիւնաբանութեան վերջնական արտայայտութիւն մը, արտայայտութիւն՝ որ պահպանուած է մինչեւ այսօր առանց փոփոխութիւն մը կրելու, առանց բարելաւում մը ստանալու կամ պէտք ունենալու, վասնզի սկիզբէն իսկ անիկա կատարեալ է: Հայերէնը ոչ միայն կը հաւասարի եւրոպական լեզուներու, հապա կը գերազանցէ զանոնք: Ոճի տեսակէտով հնդեւրոպական ոչ մէկ լեզու չի գերազանցեր հայերէնը, նոյնիսկ չի հաւասարիր անոր:
- Անթուան Մէյէ[9]
Aquote2.png


Aquote1.png … Այն ժամանակ, երբ Ֆրանսա անունը նոյնիսկ գոյութիւն չունէր, Հայաստանը մեծ դեր խաղացած է պատմութեան մէջ, այն ժամանակներուն, երբ ֆրանսերէն լեզուն դեռ չէր տարբերուեր լատիներէնէն, գոյութիւն ունէր հայերէն կարեւոր գրականութիւն:
- Անթուան Մէյէ[10]
Aquote2.png


Նախ աշակերտ Կարիէրի՝ հետեւած է Հիւբշմանի դասախօսութիւններուն, եւ գացած է Վիեննա, Մխիթարեան վանքը ուր ուսած է հայերէնը հիմնապէս՝ Յ. Տաշեանի մօտ, 1890-1891-ին: Ապա անցած է Թիֆլիս, արեւելահայոց կեդրոնը եւ Էջմիածին, անկէ ալ Վենետիկ Մխիթարեաններու վանքը, ուր դարձած է Ս. Ղազարի կաճառին անդամ:

1902-1906՝ հայերէնի ուսուցչապետ է Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու դպրոցին, եւ 1906-ին, դասախօս կարգուած բաղդատական քերականութեան՝ Գոլէժ Ֆրանս, ուր մնացած է 30 տարի:

Աշխատութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր ուսումներուն բերումով սկիզբէն իսկ շփում ունեցած է հնդեւրոպական լեզուներու հետ, եւ 1903-ին արդէն՝ հրատարակած իր կոթողական «Ներածութիւն հնդեւրոպական լեզուներու բաղդատական ուսումնասիրութեան»ը:

Իր դասախօտութիւններու շարքին հրատարած է՝

  • «Սլաւական հասարակաց լեզուն», 1914,
  • «Քերականութիւն հին պարսկերէնի», 1915,
  • «Գերմաներէն լեզուներու ընդհանրական յատկանիշերը», եւայլն:

Խստապահանջ եւ վերապահ իբրեւ գիտնական, եղած է սակայն ջերմ հայասէր եւ մասնակցած ամէն տեսակ հայանպաստ կազմակերպութիւններու, ինչպէս եւ գործօն անդամ եղած է Հայ Ազգային Պատուիրակութեան:

Ինք եղած է նաեւ հիմնադիրը՝ Շարլ Տիլի եւ Ֆրէտէրիք Մաքլէրի հետ՝ «Հայ ուսմանց հանդէս»-ին, որ գոյատեւած է 10 տարի:

Յիշենք իր գլխաւոր գործը հայերէնի մասին, լոյս տեսած նախ Վիեննա, 1903-ին եւ վերհրատարակուած 1962-ին, Լիզպոն: Մինչեւ այսօր՝ անշրջանցելի հեղինակաւոր աշխատանք մը:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 Ֆրանսիայի ազգային գրադարան — 1537.
  2. 2,00 2,01 2,02 2,03 2,04 2,05 2,06 2,07 2,08 2,09 2,10 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  3. 3,0 3,1 Base Léonoreministère de la Culture.
  4. 4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 (unspecified title)
  5. 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 5,5 5,6 5,7 5,8 Мейе Антуан // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохоров — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
  6. 6,0 6,1 6,2 https://www.persee.fr/doc/crai_0065-0536_1952_num_96_4_10016
  7. Ֆրանսիայի քոլեջի պրոֆեսորների ցանկ
  8. http://www.aibl.fr/membres/academiciens-depuis-1663/article/antoine-meillet
  9. Վկայութիւններ հայոց լեզուի մասին
  10. [https://www.aztagdaily.com/archives/343387 Հայ Լեզուի Հիասքանչ Առանձնայատկութիւնները]