Jump to content

Այծեմնիկ Ուրարտու

Այծեմնիկ Ուրարտու
Ծնած է 15 Սեպտեմբեր 1899(1899-09-15)[1]
Ծննդավայր Կարս, Կարսի մարզ, Կովկասեան երկրամաս, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 1974
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Կրթութիւն Ազրպէյճանի մշակոյթի եւ արուեստի պետական համալսարան
Ստեղծագործութիւն(ներ) Կուժով Աղջիկը
Մասնագիտութիւն քանդակագործ
Պարգեւներ եւ
մրցանակներ
Հայկական ԽՍՀ ժողովրդական նկարիչ
Aytsemnik Urartu Ուիքիպահեստին մէջ

Այծեմնիկ Ուրարտու, (Այծեմնիկ Համազասպ Տէր-Խաչատրեան), (15 Սեպտեմբեր 1899, Կարս - 17 Դեկտեմբեր 1974, Երեւան), հայ խորհրդային քանդակագործ։ 1956-էն ՀԽՍՀ վաստակաւոր նկարիչ, 1960-էն ՀԽՍՀ ժողովրդական նկարիչ։ Մասնագիտական կրթութիւն ստացած հայ առաջին կին քանդակագործը:

Բուն անունով՝ Այծեմնիկ Տէր-Խաչատրեան, ծնած է Կարս՝ 15 Սեպտեմբեր 1899-ին, ուսուցիչի ընտանիքի մը մէջ[2]։

Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի տարիներուն, ընտանիքը տեղափոխուած է Ստաւրոպոլ (Հիւսիսային Կովկաս), ուր ապագայ քանդակագործուհին ռուսական մարզակրթարան յաճախած է մինչեւ ութերորդ դասարան։

1921-1925 հետեւած է Պաքուի մէջ նորաբաց բարձրագոյն արուեստանոցի դասընթացքներուն, այդ օրերու նշանաւոր քանդակագործ Ստեփան Տմիթրի Էրզեանի գլխաւորութեամբ[3]:

1926-ին մասնակցած է Մոսկուայի քանդակագործներու ցուցահանդէսին, ուր իրական չափերով կատարուած երկու աշխատանքները մեծ գնահատանքի արժանացած են մասնակիցներուն եւ քննադատներուն կողմէ։ Նոյն թուականին, քանդակագործուհին տեղափոխուած է Երեւան։

1926-1940, Այծեմնիկ ստեղծած է գործերու շարք մը, որ կը ներկայացնէր Հայաստանի նշանաւոր դէմքերու քանդակներ՝ գեղարուեստական տարբեր ձեւերու կիրարկումով։

Ան ստեղծած է Մսրա Մելիքին եւ Սասունցի Դաւիթին, Ստեփան Շահումեանին, Յովհաննէս Թումանեանին, Աւետիք Իսահակեանին, Մարտիրոս Սարեանին, ջութակահար Ա. Գաբրիէլեանին, նկարչուհի Ս. Գարակէօզեանին եւ բազմաթիւ այլ կարկառուն գործիչներու քանդակներ ու դիմապատկերներ։

Գրեթէ տասը տարի աշխատած է Յովհաննէս Թումանեանին յուշարձանին վրայ, որ մնացած է անաւարտ, բայց նոյն ընթացքին ստեղծած է բանաստեղծին հերոսներուն քանդակները, որոնք ինքնուրոյն գեղարուեստական արժէք կը ներկայացնեն։ Այս շարքին մէջ կը բացայայտուի վարպետին ստեղծագործական  անհատականութիւնը եւ ճկունութիւնը, ինչպէս նաեւ ոճային իւրայատկութիւնը։

Մասնակցած է Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան ստեղծման գործին։

Ստալինեան բռնութիւններու շրջանին, Այծեմնիկ Ուրարտուի գործերը դադրած են ցուցադրուելէ, իսկ մրցոյթներու ղրկուած գործերը անտեսուած են։ Այս անտեսումը հաւանաբար կապուած էր անոր մտերիմ ընկերոջ՝ յայտնի պատմաբան ու քաղաքական գործիչ Աշոտ Յովհաննիսեանին բանտարկութեան եւ աքսորի շրջանին հետ (1937-1943)։ Սակայն Այծեմնիկ չէր յանձնուած եւ շարունակած է աշխատիլ՝ ստեղծելով անգնահատելի ժառանգութիւն մը։ Անոր ստեղծած  դիմապատկերները կը ներթափանցէին մարդու ներաշխարհին մէջ։ Պատերազմական եւ յետպատերազմական շրջանին, անոր աշխատանքներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւած են մեծածաւալ դիմապատկերները: Մեծ Հայրենական պատերազմի տարիներուն, Ուրարտուն ժամանակաւորապէս իր բնակարանը յանձնած է փախստականներուն, իսկ ինքը բնակած է արուեստանոցին մէջ, ուր ստեղծած է ժամանակակիցներու դիմապատկերներու իւրայատուկ շարք մը:

Ամուսնացած է 1944-ին, Աշոտ Յովհաննիսեանին ազատ արձակումէն ետք։

Քանդակագործուհին շարունակած է իր բեղուն աշխատանքը, սակայն ճակատագիրի խաղերը նոյնպէս շարունակուած են։ 1947-ին փլած է արուեստանոցին առաստաղը՝ ոչնչնացնելով շուրջ 40 ուրուագիծ եւ զանազան աշխատանքներ: Միայն բազմաթիւ բողոքի նամակներէ ետք, արուեստանոցը վերանորոգուած է շուրջ տարի մը ետք։

Քսան տարի աշխատած է իր վերջին աշխատանքներէն մէկուն՝ Մովսէս Խորենացիի քանդակին վրայ, զոր աւարտած է 1961-ին եւ այժմ կը զարդարէ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարանին սրահներէն մէկը։

Թէեւ Աշոտն ու Այծեմնիկը երեխաներ չեն ունեցած, սակայն Ուրարտուն իր նամակներէն մէկուն մէջ, զոր ուղղած էր ընկերուհիին՝ Մարկա Աճեանին, կը խոստովանէր, որ իր այդքան մեծ հոգատարութեամբ, խնամքով ու սիրով ստեղծուած քանդակներն էին իր երեխաները։

1960-ական թուականներուն, Այծեմնիկ Ուրարտու դադրած է ստեղծագործելէ, որուն պատճառը Ալցհայմըր հիւանդութիւնն էր։ Նոյնիսկ նամակ գրելու դժուարութիւն սկսած է ունենալ, բայց կամքի ուժով յարատեւած է իր գործունէութեան մէջ ու մինչեւ կեանքին վերջը ղեկավարած է Հայաստանի նկարչական ֆոնտը եւ Նկարիչներու Միութեան քանդակներու բաժինը։

Մահացած է Երեւան, 17 Դեկտեմբեր, 1974-ին։

1956-ին, Այծեմնիկ Ուրարտու արժանացած է Խորհրդային Միութեան վաստակաւոր արուեստի գործիչի աստիճանին, իսկ 1960-ին` Հայաստանի ժողովրդական նկարիչի կոչման:

Ստեղծագործութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Հանգիստ, 1926,
  • Անապաստանը, 1926,
  • Առաջ, 1927,
  • Երգչուհի Վերա Դուխովսկայայի դիմապատկերը, 1927,
  • Աւետիք Իսահակեանի կիսանդրին, 1929,
  • Տհասը, 1929-32,
  • Անուշը 1934, մարմար
  • Յովհաննէս Թումանեան 1934-1938, յուշարձան
  • Կուժով աղջիկը, 1939
  • Մովսէս Խորենացի, 1934
  • Նկարչուհի Ս. Գարակէօզեան, 1934,
  • Ստեփան Շահումեանի կիսանդրին, 1934,
  • Միրգերով աղջիկը, 1931-1934,
  • Անուշ, 1938,
  • Յովհաննէս Թումանեանի արձանին մանրակերտը, 1938,
  • Մսրա Մելիք եւ Սասունցի Դաւիթ, 1938,
  • Սասունցի Դաւիթ, 1939,
  • Մայոր Անտոնովի, 1941,
  • Ջութակահար Աւետ Գաբրիէլեան, 1942,
  • Վիրաբուժ Ա. Քեչեկ, 1943,
  • Բերքահաւաք, 1945
  • Մարտիրոս Սարեանի դիմապատկերը, 1947
  • Աշոտ Յովհաննիսեանի դիմաքանդակը, 1948,
  • Առատութիւն, 1961,
  • Մովսէս Խորենացիի արձանը, 1962

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]