Jump to content

Սամուէլ Անեցի

Սամուէլ Անեցի
Ծնած է 1105
Մահացած է 1185
Գործունէութեան ոլորտ պատմութիւն
Տիրապետած լեզուներ հայերէն

Սամուէլ Անեցի (նաեւ՝ Սամուէլ Երէց), հայ պատմիչ, ժամանակագիր։

Կ'ենթադրուի, որ ծնած է Անի կամ մօտակայ բնակավայրերէն մէկուն մէջ։ Աշակերտած է Յովհաննէս Սարկաւագին։ Եղած է քահանայ։

Պահպանուած, միակ ժամանակագրական բնոյթի պատմական երկը՝ «Հաւաքմունք ի գրոց պատմագրաց»ը գրած է Գրիգոր Դ. Տղայ կաթողիկոսին պատուէրով, որ ծանօթ է նաեւ իբրեւ «Ժամանակագրութիւն» եւ միջնադարուն մեծ արժէք ունեցած է։ Երկը կը ներկայացնէ աշխարհի արարչագործութենէն մինչեւ ԺԲ. դարու 60-ական թուականներու պատմութեան համառօտ ժամանակագրական շարադրանքը։ Շարադրանքը կը սկսի Ադամէն եւ կը հասնի մինչեւ 1180 թուական։ Այլ հեղինակներ Սամուէլ Անեցիի ժամանակագրութիւնը շարունակելով՝ հասցուցած են մինչեւ 1665 թուական։

Սամուէլ Անեցին միջնադարեան այն բացառիկ պատմիչներէն է, որ շարադրանքին զուգահեռ կու տայ ցանկեր ժամանակագրական տարբեր համակարգերու թուագրութիւններով, կը նշէ օգտագործած աղբիւրները, կը փորձէ ճշդել պատմական իրադարձութիւններու, տիրակալներու եւ կաթողիկոսներու ժամանակագրութիւնը։ Օգտագործելով Եւսեբիոս Կեսարացիին, Ագաթանգեղոսին, Մովսէս Խորենացիին, Եղիշէին, Ղազար Փարպեցիին, Փաւստոս Բիւզանդին, Սեբէոսին, Շապուհ Բագրատունիին, Յովհաննէս Ե. Դրասխանակերտցիին, Ստեփանոս Տարօնեցիին, Յովհաննէս Սարկաւագին եւ այլոց գործերը՝ Սամուէլ Անեցին յաճախ կը հակադրուի անոնց՝ իրադարձութիւնները ներկայացնելով անձնական պատկերացումով, ինչ որ երկը աւելիով կ'արժեւորէ։ ԺԳ. դարու իրադարձութիւնները, զորս Սամուէլ Անեցին շարադրած է իբրեւ ականատես, կարեւոր սկզբնաղբիւր են այդ ժամանակաշրջանի Հայաստանի եւ Կիլիկեան Հայաստանի պատմութեան ուսումնասիրման համար։ Արժէքաւոր նիւթեր կան նաեւ դրացի երկիրներու եւ ժողովուրդներու մասին։ «Հաւաքմունք ի գրոց պատմագրաց»ի համեմատական բնագիրը՝ յառաջաբանով եւ ծանօթագրութիւններով, հրատարակած է Ա․ Տէր- Միքայէլեանը, 1893-ին[1] եւ 2011-ին[2]։ Սամուէլ Անեցիին երկը թարգմանուած է լատիներէնի եւ 1818-ին հրատարակուած Եւսեբիոս Կեսարացիին «Քրոնիկոնի»ն հետ։ Տարբեր ժողովածուներու մէջ ֆրանսերէն հատուածներ հրատարակուած են Մ․ Պրոսսէի եւ է․ Թյուլորիէի թարգմանութեամբ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սամուէլ Անեցի, Հաւաքմունք ի գրոց պատմագրաց յաղագս գիւտի ժամանակաց անցելոց մինչեւ ի ներկայս
  2. Սամուէլ Անեցի, Հաւաքմունք ի գրոց պատմագրաց յաղագս գիւտի ժամանակաց անցելոց մինչեւ ի ներկայս ծայրաքաղ արարեալ, Երեւան, 2011։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։