Լումա (հանդէս)
«Լումա», գրական, քաղաքական, պատմական եւ հասարակական կիսամեայ, երկամսեայ, վերջը՝ միամսեայ հանդէս։ Լոյս տեսած է 1896-1912 թուականներուն, Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիր՝ Գիւտ Աղանեանց։ Ներկայացուցած է Պերճ Պռօշեանի, Մուրացանի, Շիրուանզադէի, Վրթանէս Փափազեանի, Յովհաննէս Յովհաննիսեանի ստեղծագործութիւնները, եւրոպական եւ ռուս հեղինակներու (Միխայիլ Լերմոնտով, Իւան Տուրգենեւ, Վլատիմիր Կորոլենկօ, Անթոն Չեխով, Մաքսիմ Կորքի եւ ուրիշներ) թարգմանական գործերը։
Տպագրած է նաեւ ազգագրական, տեղագրական, մանկաւարժական ուսումնասիրութիւններ, Միքայէլ Նալպանտեանի եւ Ստեփանոս Նազարեանի նամակները, յուշագրութիւններ, Քարլ Կաուցկիի «Ֆրիտրիխ Էնգելս» (1906, №3) յօդուածը։ Մատենախօսական բաժնին մէջ հրապարակուած են Գարեգին Ենգիբարեանի, Իսահակ Յարութիւնեանի, Սեդրակ Մանդինեանի յօդուածները, նմուշներ քրտական բանահիւսութենէն։