Jump to content

Ահեկան (գրական հանդէս)

«Ահեկան» մշակութային եռամսեայ հանդէս։ Հրատարակուած է Պէյրութ, 1966-1970[1] թուականներուն (երկրորդ թիւը հրատարակուած է «Նաւասարդ-66» անունով)։

Խմբագիրն էր Գրիգոր Շահինեան[2][3]։ Խմբագրական աշխատանքներուն մասնակցած են Փիեռ Ադդարեան, Վազգէն Ալեքսանեան, Սիլվիա Աճեմեան, Ժան Գարագաշեան։

Լուսաբանած է երիտասարդական եւ ժամանակակից մշակութային ձգտումները, հայութիւնը յուզող խնդիրները, արտացոլած՝ սփիւռքահայ, յատկապէս լիբանանահայ մշակութային կեանքը։ Հրատարակած է արձակ եւ չափածոյ գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ, լիբանանեան արաբագիր եւ ֆրանսագիր հեղինակներու գործերէն թարգմանութիւններ, գրականագիտական, բանասիրական ուսումնասիրութիւններ։ Անդրադարձած է հայկական եւ միջազգային շարժարուեստին, թատրոնին, նկարչութեան, երաժշտութեան, ճարտարապետութեան։

Աշխատակիցներու շարքին էին՝ Յարութիւն Քիւրքճեան, Գրիգոր Պըլտեան, Գառնիկ Ադդարեան, Արմէն Դարեան, Գէորգ Աճեմեան, Վահէ Օշական, Յարութիւն Թորոսեան, Պօղոս Ճելալեան, Գրիգոր Տիշ, Պեպօ Սիմոնեան, Զօհրապ Գիրեճեան, Ռաֆֆի Սեթեան, Կարօ եւ Յարութիւն Արմէնեան, Յովհաննէս Փիլիկեան, Թալին Ոսկերիչեան, Նիկողոս Սարաֆեան, Ժագ Յակոբեան, Զահրատ, Զարեհ Խրախունի, Ռոպեր Հատտեճեան, Մարկ Նշանեան[1] եւ ուրիշներ։ «Ահեկան» հրատարակած է նաեւ հայաստանեան հեղինակներու գործեր։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 «ԱՀԵԿԱՆ հանդէսը (Լիբանանի հայ համայնքի մամուլը շարքից) | armeniandiaspora.am»։ www.armeniandiaspora.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-02-09-ին։ արտագրուած է՝ 2019-01-16 
  2. «Կենսագրութիւն Գրիգոր Պըլտեանի»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2009-01-23։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2019-01-16 
  3. «Ազատ Խօսք, Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ»