Jump to content

Ռոպէր Հատտէճեան

Ռոպէր Հատտէճեան
Ծնած է 20 Յունուար 1926(1926-01-20)[1] (98 տարեկան)
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Ուսումնավայր Պոլսոյ Համալսարան
Բանկալթի մասնաւոր հայկական դպրոց
Մասնագիտութիւն լրագրող, Թատերագիր
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր

Ռոպէր Հատտէճեան (20 Յունուար 1926(1926-01-20)[1], Պոլիս, Թուրքիա), Պոլսահայ գրող, «Մարմարա» օրաթերթին գլխաւոր խմբագիր[2]։

Ծնած է 1926-ին, Պոլիս, ուր ստացած է նախակրթութիւնը եւ երկրորդական ուսումը՝ տեղւոյն Մխիթարեան վարժարանին մէջ[3]։

Պոլսոյ համալսարանի փիլիսոփայութեան ճիւղի ուսանող՝ կը սկսի գրել, առաւելաբար պատմուածքներ, որոնք լոյս կը տեսնեն գրական մամուլին մէջ։

Որոշ շրջան մը աշխատած է հիւսուածեղէնի հսկայ գործարանի մը մէջ՝ իբրեւ ներկայացուցիչ:

Սակայն 1949 թուականին հրատարակուած իր առաջին գործը թատրերգութիւն է։ Առատ արտադրող՝ անկէ ետք փոխնիփոխ լոյս կ'ընծայէ պատմուածքներու ժողովածոներ եւ քրոնիկային կամ գրական-վերլուծական երկեր։ Բոլորն ալ, մտածողական խորացումով, սակայն միշտ կենդանի ու իրապաշտ լարումով, կը պատկերացնեն մեր ժամանակակից աշխարհը, արդի կեանքը, մարդկային գոյութեան հարցականները, մարդկային յարաբերութիւնները։

«Սան» ու «Ճառագայթ» պարբերականներուն մէջ կը գրէ պատմուածքներ եւ յօդուածներ:

1967-ին կը ստանձնէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրի պաշտօնը ու կը դառնայ անոր բազմամեայ տնօրէն-խմբագրապետ։ Կ՛ունենայ հրապարակագրական պատկառելի վաստակ։

1981-ին, «Մարմարա» թերթին մէջ կը սկսի հրատարակել իր առօրեայ յօդուածները Յուշատետր անուան տակ։

1983-ին կը հրատարակէ իր գլուխ-գործոցներէն՝ «Առաստաղ» վէպը։

  • Թատրոն՝ «Կեանքի Մը Երեք Կիրակիները» (1949), «Վաստակ» (1976)
  • Գրա-վերլուծական՝ «Յակոբ Պարոնեանի Մտերմութեան մէջ» (1965)
  • Պատմուածքներ՝ «Բառասխալ» (1972)
  • Վէպ՝ «Առաստաղ» (1978)
  • Հազար տարի Ս. Գրիգnր Լnւսաւnրչի Հետ - 2003
  • Բնանկարներ - 2004
  • Օդանաւին անիւները - 2004
  • Իսթանպnւլահայ Նnր Բանաստեղծnւթեան Վէպը - 2004
  • Ասիկա Այբ Է - 2005
  • Գրադարանիս մnռցnւած գիրքերը
  • Թարգմանչաց Տօն մը Թեհրանահայnւթեան մօտ - 2006
  • Առագաստ դէպի բանաստեղծnւթիւն – 2006
  • Հիւանդnւթեան օրեր - 2006
  • Պտnյտ Հայ Գրականnւթեան Քnւլիսներnւն Մէջ - 10 հատnր 2007-2012
  • Քանի Մը ծառեր անտառին մէջ 2009
  • Անկարելի Նամակ Մեր Սիրելիներnւն - 2009
  • Մեր Հայրերnւն Ժամացnյցը - 2010
  • Կեանքը Խմբագրատnւնէն Ներս – 2010
  • Զրnյց Հինցած Գրիչի Մը Հետ – 2011
  • Դիմանկարներ - 2012
  • Պտnյտ Մը Հայnց Լեզnւի Բառարանին Մէջ[4]։

Պարգեւներ ու շքանշաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1 Դեկտեմբեր 2001-ին ալ Ռոպէր Հատտէճեան, իր գրչեղբայրներէն Զահրատի, Զ. Խրախունիի եւ Տօքթ. Վարդ Շիկահերի հետ միասին, կ'արժանանայ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի Ա. կարգի պատուոյ շքանշանին եւ օրհնութեան կոնդակին։

Մայիս 2007 -ին Իսթանպnւլի եւ Հայաստանի մէջ մեծ հանդիսnւթիւններnվ կը նշnւի Ռ. Հատտէճեանի ծննդեան nւթսnւնամեակը, nրnւ առիթnվ ան Հայաստանէն կ'արժանանայ հետեւեալ շքանշաններnւն.

  • Երեւանի Խաչատnւր Աբnվեանի անnւան մանկավարժական համալսարանի nսկեզօծ շքանշան - 2007
  • Հայաստանի Մշակnյթի Նախարարnւթեան Ոսկեայ շքանշան – 2007
  • Երեւանի Պետական համալսարանի Ոսկեայ շքանշան – 2007
  • Ֆրիտիnֆ Նանսէնի անnւան Ոսկեայ շքանշան – 2007

2009-ին Ռ. Հատտէճեան Հայաստանի Լրագրnղներnւ Միnւթեան կnղմէ կը պարգեւատրnւի Ոսկեայ Գրիչ շքանշանnվ, nր առաջին անգամ կը տրnւէր Սփիւռքահայ հրապարակագիրի մը։

2011-ին, Հայաստանի Հանրապետnւթեան Անկախnւթեան հռչակման քսանամեակին առիթnվ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ս. Մեսրnպ Մաշտnց nսկեայ ադամանդակnւռ շքանշանnվ կը պարգեւատրէ Ռ. Հատտէճեանը։

Շքանշանի Տուուչութիւն՝ «Նոր Մարմարա»ի Երկար Տարիներու Խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

4 Փետրուար 2020-ին Լեւոն Արք. Զէքեան «Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան» շքանշանով կը պարգեւատրէ[5] «Մարմարա» օրաթերթին կիսադարեայ բազմավաստակ խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանը, այն մեծանուն հրապարակագիրը, գրագէտը, թատերագիրը, մտաւորականը եւ գրիչի մշակը, որ իր համակ կեանքը նուիրած է պոլսահայ մշակոյթին ու համայնքին ծառայելու վեհ նպատակին, որ հայ մշակոյթի անդաստանին մէջ բացած է իւրայատուկ աշխարհ մը ու իր ստեղծագործութիւններով պանծացուցած է պոլսահայու անունը:

Ծննդեան Յոբելենականներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1996-ին Հայաստանի Գրողներու Միութեան մէջ կը տօնուի իր ծննդեան 70 ամեակը։ Նոյեմբեր 2001-ին Երեւանի մէջ, Հայաստանի Գրողներու Միութեան երդիքին տակ կը նշուի ծննդեան 75 ամեակը:

Անդամակցութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նոյեմբեր 2001-ին Երեւանի մէջ, Ռոպէր Հատտէճեան անդամ կ'ընտրուի Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]