Մինաս Չերազ

Մինաս Չերազ
Ծնած է 25 Յուլիս 1852(1852-07-25)
Ծննդավայր Խասգիւղ, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 28 Մարտ 1929(1929-03-28)[2] (76 տարեկանին)
Մահուան վայր Մարսէյլ[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Երկեր/Գլխաւոր գործ Nouvelles orientales?
Մասնագիտութիւն գրագէտ, քաղաքական գործիչ, ուսուցիչ, դիւանագէտ
Աշխատավայր Արմենի
Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
L'Arménie
Վերածնունդ
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր, երեսփոխան[3], տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր
Անդամութիւն Հայ Ազգային պատուիրակութիւն եւ Armenian delegation at the Congress of Berlin?
Ստորագրութիւն

Մինաս Չերազ (25 Յուլիս 1852(1852-07-25), Խասգիւղ, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 28 Մարտ 1929(1929-03-28)[2], Մարսէյլ[1]), հայ գրող, խմբագիր, թարգմանիչ եւ հասարակական գործիչ:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինաս Չերազ (1852-1929) անունը մեր պատմութեան մէջ կը շեշտուի աւելի՝ քան գրականութեան։ Մինչդեռ, գրականութեան սահմանուած դէմք մըն էր առաւելապէս, որ, մասնաւորաբար 1878-էն ետք, քշուեցաւ ազգային եւ քաղաքական ասպարէզ՝ իբրեւ անդամ Պերլինի Վեհաժողովի հայկական պատուիրակութեան, եւ հանրային գործիչ՝ մինչեւ իր մահը։ Բաւական է կարդալ Չերազի վիպակները, անոնց մէջ հաստատելու համար ներկայութիւնը խառնուածքի մէջ։ Մեծ մը չ'ըլլար հաւանօրէն. սակայն տանելի բազմաթիւ անուններու կարգին, վստահօրէն ըլլար զուսպ ու հաճելի ներկայութիւն մը։ Քաղաքական, հրապարակագրական, եւ ազգային իր գործունէութիւնը անկախ այս կամ այն արդիւնքէն, հեւիհեւ կեանքի գերին դարձուց զինք, եւ հնարաւորութիւն չընծայեց հանդարտ ու բեղմնաւոր աշխատանքի։
Ծնած է Խասգիւղ, աշակերտն էր Ներսէսեան եւ Նուպար Շահնազարեան վարժարաններուն, ուր ինչպէս ըսինք, դասակից եղած է Եղիայի եւ որուն մտերիմ բարեկամը մնաց մինչեւ վերջ։ Տակաւին տասներեք տարու՝ նուիրուած է ուսուցչութեան. 1870-ին ստանձնած է խմբագրութիւնը «Երկրագունդ» շաբաթաթերթին՝ զոր կը հրատարակէին Շահնազարեան վարժարանի շրջանաւարտները։ Աշգային երեսփոխան էր եւ մաս կը կազմէր Պոլսոյ ուսումնական խորհուրդին։

1878-ին անդամ կը նշանակուի Պերլինի վեհաժողովի հայկական պատուիրակութեան։ Նոյն տարին, Պերլինէ վերադարձին, կը հրատարակէ գրքոյկ մը՝ «Ի՞նչ շահեցանք Պերլինի վեհաժողովէն» իսկ 1879-ին «Հայաստան եւ Իտալիա», որոնք հայկական պատուիրակութեան քաղաքական առաքելութեան մասին կը խօսին։ 1886-1889, կը վարէ Ազգ. Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութիւնը, շրջան՝ որուն մասին կարօտանքով ու հիացումով կը խօսի Տեմիրճիպաշեան Չերազի ուղղեալ իր նամակներուն մէջ։ 1889-ին կը վերադառնայ Պոլսէն։ Կը շրջի Կովկասին մէջ ապա կ՝անցնի Լոնտոն՝ ուր կը ձեռնարկէ Ֆրանսալեզու «L'Arménie» քաղաքական թերթի հրատարակութիւնը։ 1908-ի սահմանադրութեան հռչակումէն ետք կը վերադառնայ Պոլիս, ուր կը մնայ երկու տարի, եւ մաս կը կազմէ ազգային երեսփոխանական ժողովին։ 1910-ին դարձեալ կը մեկնի Ֆրանսա, իսկ 1918-ին Մարսիլիա։ Հոն կը մնայ մինչեւ իր մահը։

Չերազի գրական էջերը կը զուգադիպին մինչեւ 1878 տարիներուն ու 1918-1928 տասնամեակին։ Այս երկու շրջաններուն միջեւ, կլանուած է ազգային գործերով։ 1874-ին հրատարակած է իր «Գրական Փորձերը», ուր ամփոփուած են մասնաւորաբար «Երկրագունդի» կարգ մը այլ թերթերու մէջ ցանուցիր իր էջերը։ «Ազգային Դաստիարակութիւն» ընդհանուր խորագրին տակ համադրուած խորհրդածական իր էջերը (1876՝) կ՝ընդգրկեն մեր կրթական եւ դաստիարակչական կեանքը։ Նոյն նկարագիրը կը կրեն «Կրթական Դասախօսութիւնները» (1882), որոնց ընդմէջէն կը տեսնենք իր ժողովուրդի իմացական եւ ընկերային դաստիարակութեամբ մտահոգ հանրային մարդուն անհատականութիւնը։ Նուազ ուշադրութեան արժանի գործեր են «Առաջին ուղեւորութիւնս Եւրոպայի մէջ» եւ «Նոր Ճառեր»: Պարագայական նիւթեր ասոնք՝, որոնցմէ դուրս կը յայտնուին գրական իր շնորհները։ Դժբախտաբար միշտ կլանուած մնաց հրապարագրական եւ հանրային ճակատներու վրայ, ու չկրցաւ արժեցնել զանոնք։ Ֆրանսերէնով հրատարակած է «Nouvelles Orientales», «Poètes Arméniens», «L'Orient inédit» հատորները, որոնց անունները կը խօսին արդէն իրենց բովանդակութենէն ալ։ Կեանքի վերջին տասնամեակին, «Կոչնակ»ի մէջ հրատարակուեցան իր կարգ մը նորավէպերը, որոնց ընդմէջէն եւս պատմելու շեշտ ընդունակութիւն մը կը հաստատենք առանց ճիգի։

Ըսինք, թէ լեզուական եւ քերականական օրէնքներու հանդէպ անփթութիւն մը ի յայտ բերաւ իր «Գրական Փորձեր»ուն մաս կազմող այն եօթը էջերով, որոնք կը շօշափեն ընտրողական աշխարհաբարի քերականութիւնը, «Քերականութին արդի Աշխարհաբարի», խորագրին տակ։ Միաձեւ հոլովումի առաջարկը որ կու գար իրմէ եւ որուն ջատագով հանդիսացաւ Եղիա՝ անգործական եւ անհեթեթ նորութեան մը յիշատակը միայն թողուց մեր լեզուական պատմութեան մէջ։ Երկար պայքարեցաւ լսելի դարձնելու համար իր տեսակէտն ու եզրակացութիւնները, ու Գրիչ եւ Սուր խորագրուած վիճաբանական յօդուածներով փորձեց պարտադրել այդ նորութիւնը, բայց չյաջողեցաւ։

«Nouvelles Orientales» խորագրուած էր ֆրանսերէն պատմուածքներու հայերէն թարգմանութեան մէջ, կը հաստատենք Չերազի ամենատոկուն ու մնայուն գրական արժէքները։ Շրջանէ մը դէմքեր, տիպարներ, սովորութիւններ ու բարքեր տալու իր այդ ճիգին մէջ, արեւելքի մտայնութիւնն ու ընդհանուր մթնոլորտը, կրցած է ապրեցնել՝ քիչ մը տխրամոլիկ, եղերասիրական շեշտով (Հայուն առհաւական գիծը):

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]