Եփրատ (հանդէս)

Եփրատ, գրական, գիտական եւ քաղաքական կիսամսեայ հանդէս (1913 թուականէն՝ ամսագիր)։ Եփրատ քոլէճ-ի հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1909-1914 թուականներուն, Խարբերդի մէջ։ Խմբագիր՝ Կ․ Սողիկեան։ Պատկերած է կրթական հաստատութեան առօրեան, տպագրած է սաներու եւ շրջանաւարտներու գրական, պատմական եւ կրօնական բնոյթի աշխատանքները, պատմած է քոլէճի սեյսմիկ կայանի գործունէութեան մասին, հաղորդած է բժշկական, աշխարհագրական եւ ճանապարհորդական տեղեկութիւններ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։