Jump to content

Քոսթա Ռիքա

Բնակավայր
Քոսթա Ռիքա
սպ.՝ República de Costa Rica
Դրօշակ Զինանշան


Vivan siempre el trabajo y la paz եւ Essential Costa Rica
Երկիր  Քոսթա Ռիքա
Ներքին բաժանում Ալախուէլա, Կարթագէն, Կուանաքասթէ, Էրէտիա, Լիմոն, Փունթարենաս եւ Սան Խօսէ
President of Costa Rica? Ռոդրիգո Չավես Ռոբլես?
Օրէնսդրական մարմին Legislative Assembly of Costa Rica?
Հիմնադրուած է՝ 1821
Տարածութիւն 51 179,92 քմ²
Պաշտօնական լեզու Սպաներէն[1]
Բնակչութիւն 5 044 197 մարդ (2022)[2]
Կը գտնուի ափին Քարիպեան Ծով եւ Խաղաղական Ովկիանոս
Ժամային գօտի UTC-6? եւ America/Costa_Rica?[3]
Շրջագայութեան պետ-համարագիր CR
Սուրբ բարեխօս Virgin of the Angels?
Պաշտօնական կայքէջ presidencia.go.cr(սպան․)

Քոսթա Ռիքա (սպաներէն կը նշանակէ «հարուստ ծովափ»), պետութիւն Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ, հիւսիսէն սահմանակից է Նիքարակուային, հարաւ արեւելքէն՝ Փանամային, իսկ հարաւէն՝ Էքուատորին։ Արեւելքէն կ'ողողուի Քարիպեան ծովուն, իսկ արեւմուտքէն՝ Խաղաղական Ովկիանոսին ջուրերով։

Անիկա ունի շուրջ 4,5 միլիոն բնակչութիւն, որուն մօտաւորապէս քառորդը կը բնակի մայրաքաղաք Սան Խօսէի մէջ։

Քոսթա Ռիքան յայտնագործած է Քրիսթոֆըր Քոլոմպոսը 1502-ին եւ զայն անուանած է Նուեւօ Կարթագօ (Նոր Կարթագէն)։ Ժամանակակից անուանումը (սպ.՝ costa` «ափ», rica` «հարուստ», այսինքն՝ «հարուստ ափ») սպանացի գաղութարարները տուած են ԺԶ. դարու կէսերուն[4]։

Հնագոյն ժամանակներուն Քոսթա Ռիքայի մէջ բնակած են հնդիկ ցեղեր։ 1502-ին Ք. Քոլոմպոս յայտնաբերած է Քոսթա Ռիքան եւ զայն անուանած է Նուեւօ Կարթագօ (Նոր Կարթագէն)։ Երկիրին ժամանակակից անուանումը տրուած է ԺԶ. դարու կէսին եւ կը նշանակէ հարուստ ափ։ Երկիրը եղած Սպանիոյ գաղութներէն։

Քոսթա Ռիքան անկախացած է 15 Սեպտեմբեր 1821-ին՝ Ամերիկայի սպանական գաղութներուն անկախութեան պատերազմին ընթացքին։

Հետաքրքրական տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 1 դեկտեմբեր 1948-ին Քոսթա Ռիքա պաշտօնապէս լուծարքի կ'ենթարկէ իր բանակը: Ասիկա զարմանալի որոշում մըն է Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ, ուր պատերազմներ տեղի կ'ունենան կանոնաւոր կերպով: Այս որոշումը առնուած է, որպէսզի զինուորականները ուժով չտիրապետեն երկիրին, ինչպէս պատահած է շրջակայ երկիրներուն մէջ, սակայն` յատկապէս դրամը չծախսելու համար զէնքեր գնելու եւ ասոր փոխարէն ուսուցիչներուն եւ բժիշկներու գործ տալու: Ասոր արդիւնքը եղած է այն, որ երկրին բնակչութեան 96 առ հարիւրը գրել-կարդալ գիտէ. ասիկա Կեդրոնական Ամերիկայի մրցանիշն է[5]:
  • Քոսթա Ռիքան կանաչ երկիրն է. երկիրին տարածութեան մէկ քառորդը պահպանուած շրջան եւ արգելոց հռչակուած է:
  • Քոսթա Ռիքան Կեդրոնական Ամերիկայի զբօսաշրջական առաջին երկիրն է տարեկան իր 2 միլիոն այցելուներով:
  • Երկիրին ելեկտրականութեան 98 առ հարիւրը կ'արտադրուի ջուրով բանող գործարաններու մէջ` արեգակնային ուժը եւ հրաբուխներուն տաքութիւնը օգտագործելով: Ժողովուրդին 98 առ հարիւրը կ'օգտուի այս մաքուր ուժանիւթէն: Ասիկա ալ մրցանիշ մըն է համեմատաբար աղքատ շրջանի մը մէջ:
  • 2009-ին, 143 երկիրներու մէջ երջանկութեան մասին կատարուած ուսումնասիրութեան մը հիմամբ, Քոսթա Ռիքան առաջինը կը հանդիսանայ. այս երկիրին բնակչութեան 85 առ հարիւրը կը յայտնէ, թէ ուրախ է իր երկիրին մէջ ապրելով: Ասիկա «փուրա վետան» է, «աղուոր կեանքը», ինչպէս կ'ըսեն քոսթառիքացիները:
  • Երկիրը իր ծախսերուն 24 առ հարիւրը կը տրամադրէ կրթութեան: այս կարեւոր տոկոսը կարելիութիւնը կու տայ իւրաքանչիւր աշակերտի լաւ պայմաններու մէջ դպրոց երթալու: Դպրոցը ձրի է եւ պարտադիր` մինչեւ երկրորդական:
  • Պանանը Քոսթա Ռիքայի գլխաւոր մշակութիւնն է: Անիկա կ'օգտագործուի բազմաթիւ ճաշերու եւ անուշեղէններու պատրաստութեան մէջ:
  • «Ոսկի հատիկ» կոչուած սուրճը հիմնաքարն է Քոսթա Ռիքայի տնտեսութեան. երկիրը հազարաւոր թոն այդ սուրճէն կ'արտադրէ ամէն տարի:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 76 // (unspecified title) — 1949.
  2. CENSO 2022: POBLACIÓN DE COSTA RICA ES DE 5.044.197 PERSONASLa Nación.
  3. https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/northamerica
  4. Հ. Ղ. Գրգեարեան, Ն. Մ. Յարութիւնեան (1987)։ Աշխարհագրական անուններու բառարան։ Երևան: «Լույս» 
  5. Հետաքրքրական տեղեկութիւններ