«Հայ գրականութիւնը 1960-2000-ական տարիներուն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ →‎Չափածոյ մարզը: կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ն ,է → ն, է oգտվելով ԱՎԲ
Տող 16. Տող 16.
Այդ գոյգ հակումները կը ցոլանան հոս ընտրուած քերթուածներու փունջէն, տասնեակ մը, սփիւրքեան եւ հայրենի բանաստեղծներէ։
Այդ գոյգ հակումները կը ցոլանան հոս ընտրուած քերթուածներու փունջէն, տասնեակ մը, սփիւրքեան եւ հայրենի բանաստեղծներէ։


Անկասկած որակ եւ ուրոյնութիւն ունին շատերը, ինչպէս` ուրիշներ ալ, որոնք հոս չեն երեւիր գործերով։ Բայց քերթողական լեզուի նորոգման առումով` կ'անջատուին յատկապէս` [[Վահէ Օշական|Վ. Օշական]], Պըլտեան ,էդոյեան։
Անկասկած որակ եւ ուրոյնութիւն ունին շատերը, ինչպէս` ուրիշներ ալ, որոնք հոս չեն երեւիր գործերով։ Բայց քերթողական լեզուի նորոգման առումով` կ'անջատուին յատկապէս` [[Վահէ Օշական|Վ. Օշական]], Պըլտեան, էդոյեան։


== Բացասական երեսը ==
== Բացասական երեսը ==

20:09, 11 Մարտ 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Հայ գրականութիւնը 1960-2000-ական տարիներուն, 1960–ականներու աւարտին` Սփիւռք եւ Հայաստան կը գտնուին մշակութային` շրջափոխութեան որոշ փուլի մը, որ կը յատկանշուի դրական եւ բացասական երեսներով։

Սփիւռքեան որոշ կարեւոր գօտիներ, հակառակ շրջանային անկայութիւններու, ապրած են մշակութային բարգաւաճում։ Առաջին փորձերը եղած են կրթական ցանցը տարածելու դէպի արեւմուտք` Եւրոպա եւ հիւսիս՝ Ամերիկա։ Բարձարագոյն հիմնարկներ, հայագիտական ամպիոններ բազմացած են, օրաթերթային մամուլը` մորթ փոխած։ Գրական պարբերականներ ճամբայ հանուած են՝ «[[Բագին (հանդէս, Լիբանան)|Բագին]]», «Շիրակ», «Ահեկան»` Պէյրութ. «Անդաստան»` Փարիզ։ Ընթացիկ մամուլի գրական յաւելուածներ` Մոնթրէալէ ու Լոս Անճելըսէ` Թեհրան։ Նորահաս սերունդի մէկ թեւը, Սուրիա-Լիբանանէն, մասամբ` նոյնիսկ հասնելով մինչեւ Պոլիս, Փարիզ, ճիգ դրսեւորած է լուրջ իքնանորոգման մը ուղղութեամբ։

Հայրենի հողի վրայ, «ձիւնհալ»ը կարելի դարձուած է գրական աննախընթաց ծաղկում մը յատկապէս արձակի մարզին մէջ։

«Գարուն» եւ «Գրական Թերթ», աւանդապահ «Սովետական Գրականութիւն» օրկանի կողքին, կը թարմացնեն գրական մթնոլորտը։

Նշումներով երեւցողներու կողքին, 1960-1970–ական սերունդի յիշատակելի անուններէն են՝ Սուրիա-Լիբանան` Կորիւն Շահինեան, Պետրոս Հերեան, Խոսրով Ասոյեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Շուշիկ Տասնապետեան, Փանոս Ճերանեան, Սարգիս Վահագն,Մարուշ Երամեան. Պոլիս-Եւրոպա-Ամերիկա` Հիլտա Գալֆայեան, Իրմա Աճէմեան, Սարգիս Վահագն,Կարիկ Պասմաճեան, Կարօ Արմէնեան, Արա Գազանճեան. Իրան` Վարանդ Քուրքչեան։ Հայրենի գրականութեան մէջ` շատերէ մի քանին՝ Արտեմ Յարութիւնեան, Դաւիթ Յովհաննէս, Սլավիկ Չելոյեան եւ ուրիշներ։

Չափածոյ մարզը

Խօսքը մասնաւորելով չափածոյին, 1970–ի շուրջ ու աւելի ետք` աւանդական եւ նոր ձգտումներու երկութիւնը կը շարունակուի։

Այդ գոյգ հակումները կը ցոլանան հոս ընտրուած քերթուածներու փունջէն, տասնեակ մը, սփիւրքեան եւ հայրենի բանաստեղծներէ։

Անկասկած որակ եւ ուրոյնութիւն ունին շատերը, ինչպէս` ուրիշներ ալ, որոնք հոս չեն երեւիր գործերով։ Բայց քերթողական լեզուի նորոգման առումով` կ'անջատուին յատկապէս` Վ. Օշական, Պըլտեան, էդոյեան։

Բացասական երեսը

Ի հարկէ, կայ մետալին միւս երեսը արեւմտեան գօտիներու կենդանութիւնը յաճախ արեւելեաններուն ի վնաս է (արտագաղթ)։ Գրական պարբերականներէն ոմանք, երէց սերունդի գործ, արդէն շուտով կը հասնին իրենց վախճանին («Հայրենիք», «Նոր Գիր», «Անդաստան»). իսկ նորերէն շատեր կարճ շունչ ունին։

Հայախօսութեան նահանջը, կէս-հայախօսութեան երեւոյթին տարածումը եւս` ծանր հարուած են գրական նոր սերունդի հասունացման։ Դեռ չհաշուած` միջին-արեւելեան տագնապներու ծանրացումը եւ արտագաղթի ծաւալումը` 1970–ականներու երկրորդ կէսին։

Իսկ հայրենի գրականութեան տագնապը աւելի նոր է։ Արդէն յիշատակուեցան գլխաւոր հարցերը, որ հայրենի ժողովուրդը դիմագրաւեց 80–ականներու աւարտէն...։ Նախորդող երկու տասնամեակներուն աճած հայրենի բանաստեղծներու սերունդը, աննախընթրաց այդ փլուզումներուն առջեւ ընկրկեցաւ, բայց չինկաւ։ Անիկա իր երկրորդ շունչը կ'առնէ, լաւագոյն` վաղորդայիններու յոյսով։

Կատեգորիա:Գրականութիւն Կատեգորիա:Հայ գրականութիւն