«Գրիգոր Պըլտեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 71. Տող 71.
{{DEFAULTSORT:Պըլըտեան, Գրիգոր}}
{{DEFAULTSORT:Պըլըտեան, Գրիգոր}}
[[Կատեգորիա:1945 ծնունդներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:1945 ծնունդներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայերը Ֆրանսիայում]]
[[Կատեգորիա:Պէյրութ ծնածներ]]
[[Կատեգորիա:Պէյրութ ծնածներ]]
[[Կատեգորիա:Հայ բանաստեղծներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ բանաստեղծներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ արձակագիրներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ արձակագիրներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Ֆրանսահայ արձակագիրներ]]
[[Կատեգորիա:Ֆրանսահայ բանաստեղծներ]]

09:09, 26 Յունուար 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Գրիգոր Պըլտեան, (Krikor Beledian, ծն. 1945 թ.), սփիւռքահայ գրող, բանաստեղծ եւ բանասէր։

Կենսագրութիւն

Գրիգոր Պըլտեան ծնած է 1945-ին Պէյրութի մօտակայ թաղերէն՝ Հայաշէնի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է թաղի «Թորգոմեան» վարժարանին մէջ, ապա անցած՝ Նշան Փալանճեան ճեմարան, զոր աւարտած է 1964-ին։ Հետեւած է փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն՝ Պէյրութի «Էքօլ տէ Լէթր» հաստատութեան մէջ։

1967-ին մեկնած է Փարիզ։ 1973-ին ստացած է փիլիսոփայութեան իր դոկտորան՝ Սորպոնի համալսարանէն։ Դոկտորայի առաջին աշխատութիւնը պատրաստած է Մարթին Հայտըկէրի «Գեղագիտութեան զանցումը» նիւթին շուրջ։ Ամբողջ տասնամեակ մը զբաղած է լրագրութեամբ ֆրանսական մամուլին մէջ։ 1978-էն սկսեալ հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասախօս է Փարիզի Արեւելեան լեզուներու հիմնարկին մէջ։ Շուրջ քսան տարի դասաւանդած է գրաբար եւ մատենագիտութիւն Լիոնի Աստուածաբանական համալսարանին մէջ։

Կ'ապրի Փարիզի մէջ։

Գրական վաստակ

Փարիզ մեկնելէ մէկ տարի առաջ՝ 1966-ին, Գրիգոր Շահինեանի եւ Յարութիւն Քիւրքճեանի հետ կը հիմնէ «Ահեկան» գրական եռամսեան։ Այս գրական հանդէսին կ’անդրադառնայ Մինաս Թէօլէօլեան՝ ըսելով. «Ահեկան»ի ներկայութիւնը շարժում մը ստեղծած է լիբանանահայ երիտասարդութեան մէջ դէպի արդիական արուեստ»։

Իր առաջին գիրքը՝ «Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար»՝ ազդուած Պէյրութի պատերազմէն, լոյս կը տեսնէ 1976-ին, Փասատինա, եւ երկրորդ հրատարակութեամբ՝ 1997-ին, Կլէնտէյլ։

Յետագայ տարիներուն Փարիզի մէջ կը կազմաւորուին իր հատորները՝ բանաստեղծական, գրաքննադատական եւ արձակ գեղարուեստական։ Պըլըտեանի հրատարակուած բանաստեղծական գիրքերն են՝ «Հատուածներ Սենեակի Մասին» (1978, Պէյրութ), «Հակաքերթուած» (1979, Լոս Անճելըս), «Վայրեր» (1983, Փարիզ), «Մանտրաներ» (1986, Փարիզ), «Էր» (1992, Երեւան), «Հատուածներ հօր» (1993, Երեւան), «Ելք» (1993, Փարիզ)։ «Հատուածներ Սենեակի Մասին»ը, Պըլըտեանի գրեթէ բոլոր գիրքերուն նման, կ'անցնի «գրեթէ աննշմար»:

Իսկ գրաքննադատական գործերու շարքէն կարելի է նշել «Տրամ»ը (1980, Պէյրութ), «Գրիգոր Նարեկացի, Լեզուի Սահմաններուն Մէջ» (1985, Վենետիկ), «Կրակէ Շրջանակը» (1988, Անթիլիաս), «Մարտ» (1997, Անթիլիաս), «Դէպի մեծ փոխաբերութիւն» (1999, Փարիզ), «Զրոյցներ Բանաստեղծութեան Մասին» (1999, Երեւան), «Ի Գործ Արկանել» (2003, Մոնթրէալ), «Երկխօսութիւն Նարեկացիի Հետ» (2008, Երեւան), «Հայկական Ֆուտուրիզմ» (2009, (Երեւան

Պըլտեանը գեղարուեստական առաջին արձակը սկսած է «Սեմեր»ով (1997, Հալէպ) եւ յաջորդաբար լոյս տեսած են շարքէն՝ «Հարուածը» (1998, Պէյրութ), «Նշան» (2000, Կլէնտէյլ), «Պատկերը» (2003, Կլէնտէյլ), «Անունը Լեզուիս Տակ» (2003, Փարիզ), «Երկուք» (2006, Կլէնտէյլ

Աշխատակցած է զանազան գրական հանդէսներու, որոնց շարքին են՝ «Ազդակ» (Պէյրութ), «Բագին» (Պէյրութ), «Բազմավէպ» (Վենետիկ), «Բաց Նամակ» (Կլէնտէյլ), «Գարուն» (Երեւան), «Ի Դէպ» (Կլէնտէյլ), «Ինքնագիր» (Երեւան), «Կամ» (Լոս Անճելըս), «Կայք» (Փարիզ), «Հանդէս» (Թեհրան), «Յառաջ, Միտք Եւ Արուեստ» (Փարիզ)։ Ան նաեւ հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ օտարագիր մամուլի մէջ, որուն շարքին են՝ «Armenian Review», «Le Croquant», «Les temps modernes», «Raft», «Revue des deux mondes», «Zeitschrift fur Genozidforshung»։

Ան ունի Ֆրանսերէն լեզուով հետեւեալ հրատարակութիւնները՝ «Les Armeniens», (1994 Պրիւքսէլ), «Objets & Debris», (1978, Փարիզ), «Cinquante ans de Litterature Armenienne en France», (2001, Փարիզ

Գրիգոր Պըլտեան իր հրատարակած արձակ ու չափածոյ երկերով կ’արծարծէ գրական, գեղագիտական, իմաստասիրական խնդիրներ՝ բոլորն ալ առնչուած հայ մշակոյթի ինքնութեան ու մասնաւորապէս լեզուին. Պըլտեանի գրականութիւնը կարեւոր դեր ունի արեւմտահայերէնի զարգացման մէջ։

Ստեղծագործութիւններ

Բանաստեղծական երկեր

  • Տեղագրութիւն Քանդուող Քաղաքի Մը Համար, հրատարակուած 1976-ին՝ Փասատինա
  • Տեղագրութիւն Քանդուող Քաղաքի Մը Համար, հրատարակուած 1997-ին՝ Կլենտէյլ
  • Հատուածներ Սենեակի Մասին, հրատարակուած 1978-ին՝ Պէյրութ
  • Հակաքերթուած, հրատարակուած 1979-ին՝ Լոս Անճելըսին
  • Վայրեր, հրատարակուած 1983-ին՝ Փարիզ
  • Մանտրաներ, հրատարակուած 1986-ին՝ Փարիզ
  • Էր, հրատարակուած 1992-ին՝ Երեւան
  • Հատուածներ Հօր, հրատարակուած 1993-ին՝ Երեւան
  • Ելք, հրատարակուած 1993-ին՝ Փարիզ
  • Ինչ որ չես տեսներ, հրատարակուած 2016-ին, Երեւան

Գրաքննադատական գործեր

  • Տրամ, հրատարակուած 1980-ին՝ Պէյրութ
  • Գրիգոր Նարեկացի Լեզուի Սահմաններուն Մէջ, հրատարակուած 1985-ին՝ Վենետիկ
  • Կրակէ Շրջանակը, հրատարակուած 1988-ին՝ Անթիլիաս
  • Մարտ, հրատարակուած 1997-ին՝ Անթիլիաս
  • Դէպի Մեծ Փոխաբերութիւն, հրատարակուած 1999-ին՝ Փարիզ
  • Զրոյցներ Բանաստեղծութեան Մասին, հրատարակուած 1999-ին՝ Երեւան
  • Ի Գործ Արկանել, հրատարակուած 2003-ին՝ Մոնթրէալ
  • Երկխօսութիւն Նարեկացիի Հետ, հրատարակուած 2008-ին՝ Երեւան
  • Հայկական Ֆուտուրիզմ, հրատարակուած 2009-ին՝ Երեւան
  • Կրակէ Շրջանակը Դանիել Վարուժանի շուրջ հրատարակուած 2014-ին՝ Երևան
  • Տարմ հրատարակուած 2015-ին՝ Երևան

Վէպ /արձակ գրութիւններ

  • Սեմեր, հրատարակուած 1997-ին՝ Հալէպ
  • Հարուածը, հրատարակուած 1998-ին՝ Պէյրութ
  • Նշան, հրատարակուած 2000-ին՝ Կլէնտէյլ
  • Պատկերը, հրատարակուած 2003-ին՝ Կլէնտէյլ
  • Անունը Լեզուիս Տակ, հրատարակուած 2003-ին՝ Փարիզ
  • Երկուք, հրատարակուած 2006-ին՝ Կլէնտէյլ
  • Շրջում, հրատարակուած 2012-ին՝ Երեւան
  • Կրկնագիր մարդը, հրատարակուած 2015-ին՝ Երեւան

Արտաքին յղումներ


Կատեգորիա:1945 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Պէյրութ ծնածներ Կատեգորիա:Հայ բանաստեղծներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Հայ արձակագիրներ (արւմտ․)