Jump to content

Ֆրետերիք Ֆէյտի

Ֆրետերիք Ֆէյտի
ֆրանսերէն՝ Frédéric Feydit
Ծնած է 15 Ապրիլ 1908(1908-04-15)[1]
Ծննդավայր Փարիզի 7-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա[2]
Մահացած է 11 Մայիս 1991(1991-05-11)[1] (83 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզի 15-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա[2]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Ուսումնավայր Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Բարձրագոյն հետազօտութիւններու գործնական դպրոցԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Փարիզի Կաթոլիկ ՀիմնարկԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Մասնագիտութիւն լեզուաբան, հայագէտ
Աշխատավայր Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկ
Վարած պաշտօններ Արեւելեան լեզուներու Հայկական Բաժանմունքի Ամպիոն

Ֆրետերիք Արման Ֆէյտի (15 Ապրիլ 1908(1908-04-15)[1], Փարիզի 7-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա[2] - 11 Մայիս 1991(1991-05-11)[1], Փարիզի 15-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա[2]), ֆրանսահայ հայագէտ, լեզուաբանական գիտութեան գագաթին հասած հեղինակութիւն, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր (1973), դեսպան հայ մշակոյթին։

Պատանեկութեան օրերուն Ֆէյտի վայելած է պարկեշտ հայ ընտանիքի մը դրացնութիւնը, որոնց հեռացումէն ետք տան մէջ մոռցուած երկու գիրքերը հետաքրքութիւն յառաջացուցած են իր մէջ։ Գիրքերէն մէկն է՝ Յ. Գազանճեանի «Քերականութեան առաջին ընթացք»ը, միւսը՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի «Ֆրանսերէն-հայերէն» փոքր բառարան մը։

Պատանի Ֆէյտէ այդ բառգիրքին շնորհիւ յաջողած է կարդալ Հայերէն լեզուն եւ Յ. Գազանճեանի քերականութիւնը։ Իր հայագիտական կոչումին սկզբնական եւ մեծագոյն ուսուցչապետը եղած է Կրանսէյն Տ'Օդրիւ (Gransaignes d'Hauterives):

Ֆրետերիք Ֆէյտի հետեւած է Արեւելեան Լեզուներու վարժարանի դասընթացքներուն։ Աշակերտած է հայագէտ Ֆրետերիք Մաքլէրին։ Միաժամանակ արձանագրուած է Institut Catholique, ուր կը դասախօսէր հայր Մարիէս։ Հետեւած է նաեւ École des Hautes Études-ի մեծահամբաւ հայագէտ Մէյէի դասախօսութիւններուն։

Արեւելեան լեզուներու վարժարանը հիմնադրուած էր 1798-ին, ֆրանսական յեղափոխութեան Directoire-ին կողմէ։ Նոյն տարին Նափոլէոն Պոնափարթի անձնական պահանջքով հայերէն լեզուի ամպիոն մըն ալ բացուած է վարժարանին կից։

  • 1937-ին Ֆէյտէ Ս. Ղազարի կաճառին անդամ ընդունուած է։
  • Ֆէյտէ եղած է հայերէն լեզուի ամպիոնի ութերորդ վարիչը եւ 28 տարի անընդհատ վարած է նոյն պաշտօնը (1949-1977):
  • Հայերէն լեզուով առաջին հրապարակային դասախօսութիւնները տուած է Փարիզի մէջ, 1937-ին Հեթում պատմիչի մասին։
  • 1941-ին աւարտած է Սորպոնի համալսարանը, որմէ ետք գիտական հետազօտութիւններու կեդրոնին մէջ մինչեւ 1949 նուիրուած է հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան մարզերէն ներս գիտախուզական աշխատանքներու։
  • 1949-ին ստանձնած է Արեւելեան լեզուներու վարժարանի եւ Սորպոնի համալսարանի հայկական վարչութիւնը, զոր պահած է մինչեւ 1977:

Իր աշակերտներէն են Շարլ Տէվսէթ, Նինա Կարսոյեան, հայր. Հ. Քոլվենպախ եւ Ժան Փիեռ Մահէ: Վերջինս զինք փոխարինած է իբրեւ վարիչ հայագիտական ամպիոնին եւ իբրեւ խմբագիր Revue des Études Arméniennes-ի։ Արժանացած է ֆրանսական պետութեան Docteur en Lettres et Sciences Humaines տիտղոսին։ Մասնակցած է Հայաստանի մէջ բազմաթիւ հայագիտական համագումարներու կամ սեմինարներու։

Գործեր եւ ուսումնասիրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Առաջին գործը եղած է «Հայոց Լեզուի Քերականութիւն Արեւմտեան Աշխարհաբարի» (1935):
  • Հրատարակած է «Հայոց Լեզուի Ձեռնարկ Արդի Արեւմտահայերէնի» (1948), որ վերատեսութեամբ վերահրատարակուած է 1969-ին։
  • 1957-ին հիմնաւորուած գրական վերլուծութեան ենթարկած է «Հայ ժողովրդական բանահիւսութիւնը»:
  • Պատմագիտական ուսումնասիրութիւն նուիրած է Փաւստոս Բիւզանդ «Հայոց Պատմութիւն» գիրքի առնչութեամբ։
  • 1961-ին Ե. Օտեանի «Ընկեր փանջունի, Առաքելութիւն մը ի ծապլվար» գիրքը թարգմանած է ֆրանսերէնի։
  • 1964-ին գրած է «Խոհեր Մեսրոպի Այբուբենի մասին», որ վերամշակուած է 1982-ին։
  • 1964-ին լոյս տեսած է իր David de sasoun Սասունցի դաւիթ համահաւաք բնագիրի թարգմանութիւնը, որ նոյն տարին UNESCO-ի «Դիւցազնավէպերու մրցանք»-ին մասնակցած ու ստացած է պատուոյ ցանկին առաջին տեղը եւ արժանացած հրատարակութեան UNESCO-ի ծախսերով։
  • Ֆէյտէ ուսումնասիրութիւններ ունի Յակոբ Պարոնեանի, Երուանդ Օտեանի, Վարուժանի եւ Ա. Չոպանեանի նուիրուած։ Ունի նաեւ մեծ թիւով ուսումնասիրութիւններ հայկական բարբառներու մասին։
  • 1976-ին լոյս տեսած է Ֆէյտիի «Դասական հայերէնի հոլովման համակարգը» գործը։
  • 1986-ին «Բուժանքներ Քրիստոնեայ Հայաստանի» գործը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։