Jump to content

Ժան-Փիեռ Մահէ

Ժան-Փիեռ Մահէ
ֆրանսերէն՝ Jean-Pierre Mahé
Ծնած է 21 Մարտ 1944(1944-03-21)[1] (80 տարեկան)
Ծննդավայր Փարիզ
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Ուսումնավայր Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկ
Փարիզի Կաթոլիկ Հիմնարկ
Երկեր/Գլխաւոր գործ Հայաստան՝ ենթակայ դարերու փորձութիւններուն
Մասնագիտութիւն պատմաբան, արեւելագէտ, բանասէր, թարգմանիչ
Աշխատավայր Լաւալի Համալսարան
Բարձրագոյն հետազօտութիւններու գործնական դպրոց
Վարած պաշտօններ Նախագահ, Նախագահ եւ Արեւելեան լեզուներու Հայկական Բաժանմունքի Ամպիոն
Անդամութիւն Արձանագրութիւններու եւ գեղարուեստի կաճառ[2][3], Ասիական Ընկերութիւն, Բրիտանական Ակադեմիա, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա եւ Վրաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա
Ամուսին Annie Mahé?

Ժան-Փիեռ Մահէ (ֆրանսերէն՝ Jean-Pierre Mahé), 21 Մարտ, 1944: Ֆրանսացի նշանաւոր հայագէտ, բանասէր եւ պատմաբան: Հայ միջնադարեան հեղինակներուն նուիրուած բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ։

Աւարտած է Փարիզի Սորպոն համալսարանը (1967-ին), աշակերտած է Ժ.Մենարին, Շ.Մերսիէին եւ Ֆ.Ֆէյտիին (1970–1975):

Ժան-Փիեռ Մահէ հայերէն սկսած է սորվիլ իր հայրենիքին` Ֆրանսայի մէջ:

Դասաւանդած է.

  • ԵՊՀ-ի մէջ (1975-1977),
  • Սորպոնի լատինական հիմնարկին մէջ (1967-1969),
  • Սթրասպուրկի ընկերաբանական գիտութիւններու (1969-1975) եւ այլ համալսարաններու մէջ,
  • Փարիզի ֆրանսական քոլէճին մէջ (1979-էն),
  • Սորպոնի արեւելեան ապրող լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու հիմնարկին մէջ (1977-1987),
  • Բարձրագոյն ուսմանց դպրոցին 4-րդ բաժանմունքին տնօրէն (1988-էն),
  • Փարիզի Ասիական ընկերակցութեան նախագահ (2002-էն),
  • «Revue des etudes armeniennes» հանդէսին գլխաւոր խմբագիրը (1979-էն)[4]:

Ֆրանսերէնի թարգմանած է Մովսէս Խորենացիին «Հայոց պատմութիւնը»։ Թարգմանութեան հիմքը կը կազմէ Վիքթոր Լանկլուայի (Victor_Langlois) կատարած աշխատանքը, որ վերախմբագրուած եւ կատարելագործուած է Մահէի կողմէ։ Հայերէնով հրատարակուած է Գրիգոր նարեկացիին նուիրուած Մահէին գործը[5]։«Մատեան ողբերգութեան» աշխատութիւնը ան 6 տարուան ընթացքին ֆրանսերէնի թարգմանած է[6]:

Հայերէնին եւ Ֆրանսերէնին միջեւ Նմանութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մահէի համոզումով.

Հայերէնին եւ ֆրանսերէնին միջեւ կան նմանութիւններ, որոնք կ'օգնեն աւելի դիւրութեամբ կատարելու թարգմանութիւնները:
Առհասարակ այն, որ երկու լեզուներուն մէջ ալ շեշտերը կը դրուին իւրաքանչիւր բառի վերջին վանկին վրայ, կը զգանք բանաստեղծական որեւէ բնագիր թարգմանելու ընթացքին, ատիկա շատ կ'օգնէ կշռոյթը գտնելու համար: Եթէ հայերէնով տաղ մը կարդանք եւ շեշտերը լսենք, ճիշդ նոյնը պէտք է ֆրանսերէնով կրկնենք` օգտուելով բառերէն, որոնք նմանապէս վերջին վանկին վրայ շեշտադրուած կ'ըլլան:
  • 2015-ին, ՀՀ Նախագահին հրամանագիրով պարգեւատրուած է Բարեկամութեան շքանշանով[7]։
  • Պարգեւատրուած է Ֆրանսայի «Ակադեմական արմաւենիներ» շքանշանով:
  • Պարգեւատրուած է ՀՀ Մովսէս Խորենացի շքանշանով:

Պետրոս Յովհաննիսեան, Մովսէս Խորենացին օտար թարգմանութիւններով, «Էջմիածին» ամսագիր, Զ., 2010։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Deutsche Nationalbibliothek Record #1059888351 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  2. (unspecified title)
  3. https://aibl.fr/academiciens-depuis-1663/
  4. Պաշտօններ
  5. Գրիգոր Նարեկացին եւ իր «Մատեան ողբերգութեան» երկը = Gregoire de Narek et le livre de lamentation / Ա. Մահէ, Ժան-Փիեռ Մահէ. - Gregoire de Narek et le livre de lamentation - Երեւան։ Նայիրի, 2004. - 328 էջ։
  6. Ժան-Փիեռ Մահէ
  7. Ժ. Պ. ՄԱՀԷԻՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ