Ֆուրնի բնակուած է Նոր Քարէ Դարաշրջանէն (Ք․Ա․7000)։ Անոր նախաբնակիչները եղած են Փելասղի, Լելեղես եւ Քարես։ Վերջինները Փիւնիկեցիներուն հետ Էգէականը իրենց ծովահէնութեան կեդրոնը դարձուցած էին եւ յաճախակի յարձակումներ կ՛ընէին կղզիներուն, Ֆուրնի ներառեալ։
Ք․Ա․ 11-րդ դարէն մինչեւ Ք․Ա․ 9-րդ դարուն, Ֆուրնի կը բնակուի Յոնիացիերէն (Յոնիա․ Փոքր Ասիոյ արեւմտեան ափերու յունական գաղթօճախներու շրջան)։
Բ․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին, իտալական եւ գերմանական գերիշխանութիւնները կը կործանեն կղզին․ կառոյցները մեծապէս կը վնասուին եւ կղզին կ՛ունենայ բազմաթիւ զոհեր սովին պատճառով։
1945-1949 կղզին, Իքարիային նման համայնավար աքսորեալներ կը պատսպարէ․ հոն աքսորուած յունական պետութեան կողմէն։
Մինչեւ 1960 տեղի կ՛ունենայ մեծ արտագաղթ մը, մասնաւորաբար դէպի Ա․Մ․Ն․։ Անկէ ետք, կեանքի պայմանները կը բարելաւուին երբ յունական կառավարութիւնը կղզիներուն մէջ ենթակառոյցներ կը հիմնէ, որպէսզի զարկ տրուի զբօսաշրջիկութեան։
1960-1980, կը զարգանայ նաւային եւ ձկնորսական ճարտարարուեստը։ Ֆուրնի, յոյն նաւատէրերը իրենց նաւատորմիղները կը կառուցեն, միաժամանակ կը շինեն ձկնորսական հսկայ նաւատորմիղ մը, որ կը ձկնորսէ ամբողջ Էգէականին մէջ։ Սակայն, 1990-ական թուականներու Եւրոպական Միութեան քաղաքականութիւնը կը ստիպէ տեղացիներուն պարբերաբար ձկնորսութենէն հրաժարիլ։ Հետեւանքն է շատեր անգործ մնան եւ գաղթի ճամբան առնել։
Ֆուրնիի մնայուն բնակչութեան թիւը 1 313 է։ Անոնք կը բնակին կղզիին կեդրոնական մասը եւ Թիմենա։ Բնակիչներուն գլխաւոր զբաղումն է ձկնորսութիւնն եւ մեղրաբուծութիւնը։ Իսկ ամրան ամիսներուն, բնակչութեան թիւը կը բազմանայ զբօսաշրջիկներուն պատճառով։