Jump to content

Քալատա

Քալատա (Աւետում)․ գործ՝ Նիքիֆորոս Լիթրաս, 1872

Քալատա, յունական ժողովրդային մաղթանքի եւ գովաբանական աւանդական երգեր: Կ'երգուին եկեղեցական մեծ տօներուն նախօրեակին, ինչպէս օրինակ՝ Ս․ Ծնունդ, Ամանոր, Աստուածայայտնութիւն (Ջրօրհնէք), իսկ նուազ չափով Ծաղկազարդի նախօրէին[1]: Քալատաներուն կ'ընկերակցին աւանդական նուագարաններ՝ եռանկիւն, վին, թմբուկ, փչափող, սրինգ, եւայլն: Երգեղոցներն ու նուագողները «Քալատիսթես» կը կոչուին։

Յունաց Ծնունդի նախօրեակին՝ 24 Դեկտեմբերի առտուն, յոյն փոքրիկներ իրենց թաղի տուներն ու խանութները կը շրջին, որպէսզի Քրիստոսի Ծնունդը աւետեն։ Անոնք նախ կը հարցնեն «Նա թա փումէ» (այսինք՝ ըսե՞նք) եւ «Նա թա փիթէ» (ըսէ՛ք) պատասխանը լսելով կը սկսին երգել։ Տանտիկինը եւ կամ խանութպանը (յաճախ նաեւ յաճախորդները), անոնց ափին ձեռաձիր մը կը դնեն եւ կամ ալ շաքարեղէն կը մեծարեն։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քալատա երգելու աւանդութիւնը հաւանաբար յառաջացած է Տիոնիսոս աստուծոյ ի պատիւ տօներուն առթիւ․ փոքրիկները կ'երգէին Նոր Տարուան համար։ Անոնք իրենց ձեռքին արգաւանդ եւ առատաբերութիւն բնորոշող ձիթենիի ճիւղ մը՝ ոչխարի բուրդի փաթթուած, կը բռնէին։

Քալատան նաեւ յառաջ եկած է հռոմէական Քալենտես աւանդական տօներուն անունէն: Բիւզանդական ժամանակաշրջանի ընթացքին Կոստանտնուպոլսոյ մէջ (680 – 681) կը գումարուի 6-րդ Տիեզերական Ժողովը: Այս ժողովը կը դատապարտէ հռոմէական Քալենտեներուն տօները: Բիւզանդիոնի  կրօնական դասը յենուելով այս որոշումին, կ'արգիլէ եւ կամ կը կասեցնէ  հռոմէական տարիներէն մնացած Քալենտեներուն աւանդութիւնը[2]։

  • Ե․ դարէն սկսեալ Քալենտես կամ Քալանտես կը կոչուէին ամսուան առաջին օրերը։

Ժողովրդագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Քալատա, նմոյշ մը։ Նախակրթարանի երաժշտութեան դասէն․ առաջին երկուքը Քրիստոսի Ծնունդի աւետում են՝ Մորայիթիքա [3]եւ Կրետական[4], իսկ երրորդը՝ Նոր Տարուան Մակեդոնական քալատա[5]։

Քալատաները (քալատա - յոգնակի իմաստով բառ[6]) կ'երգուին ընդհանրապէս փոքրիկներէն, որոնք իրենց թաղի տուներն ու խանութները կը շրջին, որպէսզի Քրիստոսի Ծնունդը, Նոր Տարին եւ կամ Աստուածայայտնութիւնը աւետեն: Անոնք նախ կը հարցնեն «Նա թա փումէ» (այսինքն ըսե՞նք) եւ կը սկսին երգել։ Տանտիկինը եւ կամ խանութպանը (յաճախ նաեւ յաճախորդները), անոնց ափին ձեռաձիր (փոքրիկ գումար մը) կը դնեն եւ կամ ալ քուլուրա (տօնական հաց), շաքարեղէն, անուշեղէն եւ կամ չոր միրգեր կը մեծարեն։

Կը պատահէր սակայն, որ տանտէրը ձեռաձիր չէր տար եւ կամ երգեցողները գոհ չէին մնար տրուած ձեռաձիրէն․ այս «դժգոհութիւնը» կը պատահէր ընդհանրապէս կղզիները՝ Կրետէ, Նաքսօ, Միլոս, եւայլն: Այդ պարագային, երեխաները կամ պատանիները իրենց դժգոհութիւնը կ'արտայայտէին բարձրաձայն, տունէն դուրս, կրկնուող երկտողնեով, ինչպէս օրինակ՝ «Տանտէրս, գդակիդ վրայ հազարներով ոջիլներ, շատեր թող ծնին, շատեր թող թուխս նստին եւ ուրիշներ ալ հաւկիթներ հաւաքեն․․․» - «Αφέντη μου στη κάπα σου χίλιες χιλιάδες ψείρες, άλλες γεννούν, άλλες κλωσούν κι άλλες αυγά μαζώνουν!»։

23-12-2013. Քալատա (աւետում ) օրուան Արտաքին Գործոց նախարարին, Թրակիոյ հյարենակցական միութեան կողմէն

Յունաստանի նորագոյն պատմութեան Թագաւորական Հանրապետութեան շրջանին, թագաւորական պահակագունդին կողմէն կը հաստատուի Քալատաներուն աւետումը թագաւորին։ 

Յունական հայրենակցական միութիւններու երգեցողներու եւ նուագողներու խմբակներ (Փոքր Ասիոյ նախկին յունահոծ քաղաքներ, Պոնտոս, ինչպէս նաեւ Էգէական եւ Յոնիական ծովերու կղզիներ, զանազան երգչախումբեր)[7] Քալատա կ'աւետեն`ընդհանրապէս Յունաստանի վարչապետին, նախագահին եւ կամ ալ տեղական պետական կամ քաղաքական մարմիններուն[8]։ 

Քալատաներու բովանդակութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քալատաները կը սկսին ողջիւնով մը, ապա կ'աւետեն գալիք տօնը եւ կ'աւարտին մաղթանքներով: Յատկանշական է թէ կ'երգուին մաքուր աշխարհաբար յունարէնով καθαρεύουσα (այժմ Յունաստանի մէջ կը գործածուի խօսակցական լեզուն δημοτική), շեշտելով անոնց ծագումը Բիւզանդական տարիներէն, երբ Յունուար ամսուան Քալենտենաները փառաւորապէս կը տօնուէին:


[9][10][11][12][13]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Եռանկիւն, նուագարան(անգլերէն)
  2. Քալենտաս(սպան․)