Jump to content

Փղոսկր

Ս. Մարիամը եւ մանուկ Յիսուսը պատկերող փղոսկրեայ քանդակ

Փղոսկր, փիղերու ժանիքներէն ստացուող թանկարժէք, դիւրին մշակուող եւ յղկուող նիւթ մը, որմէ կը պատրաստեն շքեղ առարկաներ եւ զարդեր։

Օգտագործման սահմանափակում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկար ատեն փղոսկրը արտահանած են Ափրիկէէն (Քոթ տ'Իվուար), Հնդկաստանէն եւ Չինաստանէն։

Փիղերու քանակին աճին նուազեցման պատճառով, բազմաթիւ երկիրներու մէջ փղոսկրի արտահանման եւ առեւտուրի ամբողջական կամ մասնակի արգելք սահմանուած է։

1989-ին, ՄԱԿ-ը փղոսկրի առեւտուրի 9-ամեայ արգելք մը սահմանած է, որուն հետեւանքով փիղերու քանակը աճած է, սակայն դարձեալ անկում ապրած է, երբ արգելքը վերցուած է աղքատ երկիրներու մէջ։

Ափրիկեան բազմաթիւ երկիրներ, ինչպէս՝ Զիմպապուէյը, Զամպիան, Նամիպիան եւ Պոթսուանան, կը պնդեն, որ փղոսկրի առեւտուրը անհրաժեշտ է ինչպէս տնտեսութեան զարգացման, այնպէս ալ շրջակայքին շատ վնասներ հասցնող փիղերու մեծ թիւը կրճատելու տեսանկիւնէն։

2002-ին ՄԱԿ-ը մասամբ չեղարկած է փղոսկրի առեւտուրի արգելքը՝ արտօնելով, որ քանի մը երկիր սահմանափակ թիւով փղոսկր արտահանէ։

Ափրիկէի բնիկները փղոսկրներով, Տար-էլ-Սալամ, 1900

Անասուններու պաշտպանութեան միջազգային ֆոնտին (IFAW) ճնշումով՝ 2007-ին «ԻպԷյ»ը իր կայքին մէջ արգիլած է փղոսկրէ պատրաստուած առարկաներու վաճառքը։ Որոշումը ընդունուած է ափրիկեան փիղերու զանգուածային սպանութենէն ետք, որոնցմէ ամէնէն մեծ աղմուկը բարձրացած է 2006-ին, Չատի Զաքումա շրջանին մէջ կազմակերպուած ոչնչացումէն ետք (սպաննուած էր աւելի քան 100 փիղ)[1][2]։

Քենիան փղոսկրի վաճառքի գլխաւոր քննադատն էր: 2010-ին Տոհայի զարգացման նուիրուած յատուկ խորհրդաժողովին, Քենիան եւ անոր պաշտպան 22 երկիր կ'որոշեն փղոսկրի առեւտուրի 20-ամեայ արգելք հաստատել[3]։

Վերջերս, այն կազմակերպութիւնները, որոնք փիղերու պաշտպանութեամբ կը զբաղին, կը նկատեն, որ փիղերու աճը պայմանաւորուած է որսագողութեան դէպքերու նուազումին եւ փղոսկրի առեւտուրի արգելքներուն հետ։ Սակայն Կեդրոնական Ասիոյ եւ Արեւմտեան Ափրիկէի փիղերը գրեթէ ոչնչացած են որսագողերու կողմէ։ Վայրի փիղերու ապօրինի որսորդութիւնը կը շարունակուի Չինաստանի, Վիեթնամի, Լաոսի, Քամպոտիոյ եւ Ինտոնեզիոյ մէջ։ Միանմարի մէջ գրանցուած են նոյնիսկ ընտանի փիղերու առեւանգման դէպքեր՝ փղոսկր ստանալու նպատակով։

Փղոսկրին յատկութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Որսորդական աղեղ՝ փղոսկրէ պատրաստուած

Փղոսկրի ամէնէն լաւ տեսակները թարմ վիճակի մէջ կիսաթափանցիկ են, կարծր, ժամանակի ընթացքին աւելի ուշ կը դեղնին։

Նուազ թափանցիկ, աւելի մութ գոյնի փղոսկրը աւելի քիչ կ'արժեւորուի։

Փիղին ժանիքները կ'ունենան 2.5մ երկայնք եւ 90քկ ծանրութիւն, թէեւ կան 10քկ կշռողներ։

Սովորաբար ժանիքները ոլորուած են շրջանաձեւ. երբեմն կարելի է հանդիպիլ երկակի թեքութեան ժանիքներու։ Փղոսկրը հիմքէն մինչեւ երկարութեան կէսը խողովակաձեւ է, սրածայր մասին մէջ ոսկորին պատերը կը հաստնան։

Արժէքաւոր է այն փղոսկրը, որ դանդաղ կը չորնայ, որպէսզի չճաթի։

Փղոսկրը կը սղոցեն շատ նուրբ սղոցով։ Սղոցելու ընթացքին, զայն ջուրով կը թրջեն, որ չճաթի։

Քանի որ նիւթը թանկարժէք է, կը փորձեն օգտագործել նոյնիսկ մշակման ընթացքին յառաջացած մանր աւելցուքները։

ԺԱ. դարու փղոսկր, Լուվր

Փղոսկրով անցեալին պատրաստած են ծխամորճեր եւ գիրքերու կազմեր։

Կ'ըսուի թէ հին յոյները փղոսկրէ արձաններ պատրաստած են, սակայն պահպանուած ոչ մէկ նմուշ կայ[4]։

Փղոսկրէ պատրաստած են նաեւ խաղաքարեր եւ զառեր։

Նեկայիս կը պատրաստեն պիլիարտի գնդակներ եւ դաշնամուրի ստեղներ[5]։

Բրածոյ մամոնտի ժանիքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տունտրա սառցապատ դաշտերուն մէջ սառած մամոնտներու ժանիքներէն ստացուած փղոսկրի առեւտուրը կը կատարուի արդէն 300 տարիէ ի վեր եւ կը շարունակէ մնալ օրինական։ Մամոնտի փղոսկրը այսօր կը գործածուի ձեռագործ դանակներ եւ նմանատիպ գործիքներ պատրաստելու համար։ Մամոնտի փղոսկրը հազուագիւտ է եւ թանկարժէք, քանի որ մամոնտները հազարաւոր տարիներ առաջ անհետացած են, իսկ գիտնականները յոժար չեն թանգարանային արժէք ներկայացնող նմոյշները կտորներու վերածելով վաճառել։ Որոշ հաշուարկներու համաձայն՝ Սիպերիոյ մէջ տակաւին թաղուած են 10 միլիոն կամ աւելի մամոնտներ։

Բրածոյ կոստնջի (walrus) փղոսկր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ի տարբերութիւն փղոսկրի շատ մը այլ տեսակներու, Միացեալ Նահանգներու մէջ օրինական է նախքան 1972 թուականը մեռած կոստնջներու բրածոյ ոսկրի առեւտուրը։

Եղջերուի փղոսկր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եղջերուներու նախնիները ունէին ակռաներ (նաեւ ծանօթ որպէս եղջերուի փղոսկր), որոնք դուրս ցցուած էին՝ ժանիքաւոր կենդանիներու նման։ Ասոնք կը ծառայէին որպէս պաշտպանութիւն գիշատիչներէն եւ գերիշխանութիւն հաստատելու միջոց՝ զուգաւորման շրջանին։ Այս եղջերուները ժամանակին ունէին շատ աւելի փոքր եղջիւրներ՝ համեմատած այսօրուան տեսակներուն։ Ժամանակի ընթացքին եղջիւրները զարգանալով մեծցան, իսկ ժանիքներուն գործածութիւնը նուազեցաւ. անոնք հետզհետէ փոքրցան՝ վերածուելով սովորական ակռաներու։

Այս ակռաները ունին նոյն քիմիական բաղադրութիւնը, ինչ որ փիղերու ժանիքները, ինչ որ զանոնք կը դարձնէ լաւ այլընտրանք մը, քանի որ կարելի է զանոնք հեռացնել առանց կենդանիին վնաս հասցնելու։

Այնտեղ, ուր եղջերուներ կ'ապրին (յատկապէս մեծ հարթավայրերու, ժայռոտ լեռներու եւ Խաղաղական ովկիանոսի հիւսիս-արեւմտեան շրջաններուն մէջ), բնիկ ամերիկացիներու համար եղջերուի ակռաները մեծ նշանակութիւն ունին զարդարուեստի մէջ։ Թէ՛ կիները եւ թէ՛ տղամարդիկ կը կրէին զանոնք ապարանջաններու, օղերու եւ վզնոցներու տեսքով։ Կիներուն համար անոնք կը խորհրդանշէին յաջողութիւն եւ առողջութիւն, իսկ տղամարդոց պարագային՝ լաւ որսորդ ըլլալու նշան էին։

Արհեստական փղոսկր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փղոսկրը կարելի է արտադրել նաեւ արհեստական եղանակով։

Կարծր ընկոյզի տեսակ մը հետզհետէ աւելի մեծ ժողովրդականութիւն կը ստանայ որպէս փղոսկրի փոխարինող, թէեւ անոր չափը կը սահմանափակէ գործածութեան դաշտը։ Անիկա երբեմն կը կոչուի «բուսական փղոսկր» կամ «թակուա» (tagua). անիկա փղոսկրեայ ընկոյզի արմաւենիի սերմն է, որ սովորաբար կը գտնուի Էքուատորի, Փերուի եւ Քոլումպիոյ արեւադարձային անտառներուն մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Round the horn»։ The Economist
  2. «Conservationists cry foul of Southern Africa ivory auction» Afrol News, accessed 22 January 2009
  3. Gathura, Gatonye (2010 թ․ մարտի 23)։ «Our elephants are safe, for now»։ Daily Nation։ էջեր 1, 2։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010 թ․ մարտի 24-ին։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ մարտի 24
  4. Quatremière de Quincy, «Le Jupiter Olympien», Пар., 1815
  5. «Could plant ivory save elephants?»։ CNN։ 2005 թ․ ապրիլի 26։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ մայիսի 5
  6. (անգլերեն) Ivory, 2026-02-11, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Ivory&oldid=1337840986, վերցված է 2026-02-16

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]