Jump to content

Տայանա Իշխանուհին

Տայանա Իշխանուհին
անգլերէն՝ Diana Mountbatten-Windsor, Princess of Wales
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Diana Frances Spencer
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Lady Di եւ Princess Diana
Ծնած է 1 Յուլիս 1961(1961-07-01)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Սանդրինգհեմյան պալատ, Սանտրինկհամ, Նորֆոք, Արևելյան Անգլիա, Անգլիա, Միացեալ Թագաւորութիւն[4][5]
Մահացած է 31 Օգոստոս 1997(1997-08-31)[1][2][3][…] (36 տարեկանին)
Մահուան վայր Փիթիէ Սալփեթրիէր հիւանդանոց, Փարիզի 13-րդ շրջան, Ֆրանսա[4][6][7][…]
Քաղաքացիութիւն  Միացեալ Թագաւորութիւն[8][9]
Մայրենի լեզու Բրիտանական անգլերէն
Կրօնք Անկլիգան եկեղեցի եւ քրիստոնէութիւն
Ուսումնավայր Ուեսթ Հիթ Աղջկանց Վարժարան[1]
Ալփեն Հիմնարկ Զուիցերիոյ մէջ
Ռիտըլզուորթ Վարժարան
Մասնագիտութիւն բնապահպան, բարեգործ, մարդասէր, Համաշխարհային դէմք, ազնուական, Մանկապարտէզի ուսուցչուհի, ՁԻԱՀ ակտիվիստ, բարերար, խաղաղասէր, mental health advocate
Ամուսին Չարլզ Գ․[1][5][10][…]
Ծնողներ հայր՝ Ճոն Սփենսըր[1][10], մայր՝ Ֆրանսիս Շանտ Քիտ[1][10]
Երեխաներ Ուիլիամ, Ուէյլզի իշխան[1][5][10] եւ Իշխան Հէրի, Սասէքսի Դուքս[1][5][10]
Կայքէջ royal.uk/diana-pr…(անգլերէն)
Ստորագրութիւն

Տայանա, Ուէյլզի Իշխանուհի (անգլերէն՝ Diana, Princess of Wales), 1981-1996 Չարլզ Արքային կինը։

100 մեծանուն բրիտանացիներու ցանկին մէջ, ան գրաւած է երրորդ դիրքը[11]։

Ծնած է 1 Յուլիս 1961-ին Նորֆոյի մէջ, Սանտրինկհամի Փարք Հաուսին մէջ։ Ան Ճոն Սփենսըրի եւ անոր առաջին կնոջ՝ Ֆրանսիսի հինգ զաւակներէն չորրորդն էր։

Հայրը՝ Սփենսըր-Չըրչիլ ընտանիքին տոհմաճիւղին ներկայացուցիչն էր, ինչպէս Մարլպորոյի եւ Ուինսթըն Չըրչիլի դքսուհիները։

Երբ Տայանա 8 տարեկան էր, ծնողքը կ'ամուսնալուծուին։ Տայանա քոյրերուն եւ եղբօր հետ միասին կը տեղափոխուին իրենց հօր բնակարանը։ Ամուսնալուծութիւնը մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ Տայանային կեանքին մէջ: Կարճ ժամանակ ետք, տան մէջ կը յայտնուի խորթ մայրը՝ Ռէյնը, որուն հետ ինք, քոյրերն ու եղբայրը լաւ յարաբերութիւն չեն ունենար։ Անոնք վանողական դիրք մը կ'որդեգրեն խորթ մօր նկատմամբ, զինք «Թթուային անձրեւ» կոչելով («Acid Rain»):

Տայանա կը յաճախէ Ուեսթ Հիթ աղջկանց վարժարանը, ուր կը նկատուի միջինէն ցած աշակերտուհի մը` երկու անգամ ձախողելով աւարտական դասարանի իր բոլոր քննութիւններուն (քննութիւններ, որոնք տրուած էին 16-ամեայ ուսանողներուն Բրիտանիոյ մէջ` ստուգելու համար անոնց դպրոցական գիտելիքները):

16 տարեկանին Տայանա կը լքէ Ուեսթ Հիթը եւ կարճ ժամանակ ետք կը յաճախէ Զուիցերիոյ երկրորդական վարժարանը` նախքան հոնկէ եւս հեռանալը:

Տայանա տաղանդաւոր ոչ արհեստավարժ երգչուհի էր եւ կը տենչար պալերինա դառնալ, թէեւ անոր համար չափազանց բարձրահասակ կը նկատուէր:

1978-ին Տայանա կը տեղափոխուի Լոնտոն, ուր նախ կը մնայ մօրը բնակարանը, ապա ծննդեան 18-ամեակին առիթով, ան նուէր կը ստանայ իր անձնական բնակարանը, որ կ'արժէր 100,000 ֆունտ՝ Էրլս Քորթի շրջանի տարածքին, ուր կ'ապրէր երեք ընկերներուն հետ։

Ան կ'աշխատի իբրեւ այցելու օգնական «Երիտասարդ Անգլիոյ մանկապարտէզ»ին մէջ: Թէեւ ան չունէր դասաւանդելու կրթական որակաւորում, սակայն շատ լաւ կը վարուէր երեխաներուն հետ:

Սփենսըրներու ընտանիքը քանի մը սերունդ սերտ կապեր ունեցած է Բրիտանական թագաւորական ընտանիքին հետ։ Տայանային երկու մեծ մայրերը Էլիզապէթ թագուհիին պալատական կիներէն էին։

1981-ին`19 տարեկանին, Տայանա կը նշանուի Չարլզ իշխանին հետ (այժմ` թագաւոր), եւ իր աշխատանքային օրերը կ'աւարտին:

Զինք կը կոչեն Լէյտի Տայանա կամ Լէյտի Տի։

29 Յուլիս 1981-ին, ան կ'ամուսնանայ արքայազն Չարլզին հետ:

1982 եւ 1984 թուականներուն կը ծնին որդիները՝ արքայազն Ուիլիամը եւ Արքայազն Հերրին։

Տայանային չորրորդ մեծ մայրը՝ Էլիզա Գէորգը, եղած է Հնդկահայ[12]։ Արքայադուստր Տայանային մօրաքոյրը՝ Մերի Ռոճը The Times-ին ըսած է. «Ես միշտ ենթադրած եմ, որ ես կիսովին հայ եմ, ես ուրախ եմ նաեւ, որ հնդկական ծագում ունիմ»։[13][14]

Նշանտուք եւ պսակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չարլզ Տայանային ամուսնութեան առաջարկ կ'ընէ 6 Փետրուար 1981-ին, սակայն թագաւորական ընտանիքը որոշ շրջան մը գաղտնի կը պահէ նշանտուքի լուրը։ Նշանտուքը պաշտօնապէս կը յայտարարուի 24 Փետրուարին։

Տիանան նշանտուքին համար կ'ընտրէ սպիտակ ոսկիէ 30 հազար ֆունտ սթերլինկ (ներկայիս՝ շուրջ 90 հազար եւրօ) արժողութեամբ մատանի մը, որ ունէր 18 ադամանդով երիզուած 18 հագի շափիւղայ քար: Մատանին պատրաստած էր հռչակաւոր ակնագործ Կարարտը (2010-ին անիկա կը դառնայ Քէյթ Միտըլթընին նշանտուքի մատանին):

Նշանտուքէն ետք, Տայանա կը հեռանայ մանկապարտէզի ուսուցչուհիի իր պաշտօնէն եւ որոշ ժամանակ մը բնակութիւն կը հաստատէ բրիտանական թագաւորական ընտանիքին պատկանող Քլարենզ Հաուսին մէջ, ուր նոյնպէս ապրած էր մայր թագուհին։

Այնուհետեւ, մինչեւ հարսանիքը, ան կ'ապրի Պաքինկհամի պալատին մէջ։

Ան առաջին արքայական հարսնցուն էր, որ վճարուող աշխատանք ունէր ամուսնութենէն առաջ։

29 Յուլիս 1981-ին տասնիննամեայ Տայանան կ'ամուսնանայ Ուէյլզի արքայազն Չարլզին հետ։ Արարողութիւնը տեղի կ'ունենայ Սուրբ Պօղոսի տաճարին մէջ։

Արարողութիւնը կը բնութագրուի իբրեւ «Հեքիաթային հարսանիք», եւ կը հեռարձակուի բազմաթիւ հեռուստաընկերութիւններու կողմէ։ Հեռարձակման համաշխարհային լսարանը կը կազմէր 750 հազար հեռուստադիտող, մինչդեռ 600 հազար դիտորդ կը հաւաքուի փողոցները՝ տեսնելու հարսանիքին երթը դէպի արարողութեան վայրը։

Տայանային հարսանեկան զգեստը կ'արժէր 9 հազար ֆունտ, իսկ զգեստին երկարութիւնը՝ 7,62 մ էր:

Քսան տարեկանին, արքայազն Չարլզին հետ ամուսնանալէ ետք, ան ինքնաբերաբար կը դառնայ Ուէյլզի իշխանուհի, որ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ, թագուհիէն եւ մայր թագուհիէն ետք, կանանց ամէնէն բարձր աստիճանն է:

Պսակի ընթացքին հետաքրքրական փաստեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Տայանա անձամբ երբեք հեքիաթային ոճին չի յանձնուիր, պսակի օրը իր 14-րդ հանդիպումն էր Չարլզին հետ:
  • Պսակէն երկու օր առաջ փորձի ատեն կու լայ (Պի.Պի.Սի.-ի խմբակը այդ մէկը գաղտնի կը պահէ՝ ապահովելով, որ տեսագրութիւնը բնաւ չբացայայտուի):
  • Տայանա պսակի առաւօտեան, երբ դիմայարդարումի համար նստած էր, Just One Cornetto-ն կ'երգէ:
  • Ան դիպուածով անուշահոտը կը թափէ իր ամուսնական զգեստին վրայ եւ ստիպուած կ'ըլլայ ձեռքերով բռնելու ծալքերը, որպէսզի արատը ծածկուի:
  • Արարողութեան ընթացքին Տայանա Չարլզին անունները սխալ կարգով կ'արտասանէ` նախ արտասանելով անոր հօր անունը` Ֆիլիփ[15]:

Ամուսնալուծում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամուսնութենէն հինգ տարի ետք, զոյգին անհամաձայնութիւնը եւ 12 տարուան տարիքային տարբերութիւնը ակնբախ կը դառնան:

1986-ին Տայանան յարաբերութիւն կը մշակէ ընտանիքին նախկին ձիավարութեան մարզիչին՝ Ճէյմս Հիուիթին հետ: Նոյն թուականին, Չարլզ կը վերսկսի իր յարաբերութիւնները իր նախկին սիրուհիին՝ Քամիլա Փարքըրին հետ[16]։

Դեկտեմբեր 1992-ին, վարչապետ Մէյճըր խորհրդարանին մէջ կը յայտարարէ Տայանային եւ Չարլզին ամուսնալուծման լուրը:

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 1980-ի վերջին, Լէյտի Տին հանրածանօթ կը դառնայ ձեռքբերովի ախտամերժողութեան անբաւարարութեան համախտանիշէ (AIDS) տառապողներու օգնելուն եւ ականներու արգելման նպատակաուղղուած ջանքերով: Ան հանրահայտ մարդոց կողքին կը յայտնուի, ինչպէս՝ Նելսոն Մանտելլան, Տալայ Լաման ու Մայր Թէրէզան:
  • 1987-ին Ուէյլզի իշխանուհին կը լուսանկարեն AIDS-ով հիւանդ անձի մը անկողինին քով, երբ կը սեղմէր անոր ձեռքը: Ան կ'ուզէր ցույց տալ, որ այս հիւանդութեամբ տառապողին դպչելով՝ առողջ մարդը չի վարակուիր: Այդ օրերուն, շատերը կը կարծէին, թէ տուեալ հիւանդութիւնը կը փոխանցուի՝ նոյնիսկ հիւանդին դպչելով: Տայանային այս քայլէն ետք հիւանդութեան ու անով վարակուողներուն մասին հանրութեան կարծիքը կտրուկ կը փոխուի:
  • 1997-ին ան կը մեկնի Անկոլա, իբրեւ «Կարմիր խաչ»ի եւ«Կարմիր մահիկ»ի կամաւոր, կ'այցելէ հակահետեւակային ականներէն վիրաւորներուն, կը մասնակցի ականազերծման ծրագիրներու, կ'աջակցի ականներու վտանգի մասին տեղեկատուութեան տարածման ու անոր դէմ պայքարի ձեւերու մասին ուսուցողական ծրագիրներու մշակման:
  • Աշխարհը կը տեսնէ անոր լուսանկարները ականապատուած դաշտին մէջ՝ գլխուն սաղաւարտ, հագած՝ պաշտպանիչ բաճկոն: Օգոստոսս 1997-ին ան կ'երթայ Պոսնիա եւ իր ամբողջ ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ պատերազմական գործողութիւններէն ետք հակահետեւակային ականներէն ծանր վէրքեր ստացած անձանց՝ յատկապէս երեխաներուն:
  • 1998-ին իր երկիրին մէջ հակահետեւակային ականներու վերաբերեալ օրէնքի նախագիծը ներկայացնելու ատեն՝ արտաքին գործերու նախարար Ռոպին Քուկն կ'ընդգծէ Տայանային ներդրումը .«Այս խումբին բոլոր անդամները երախտապարտ պէտք է ըլլան Ուէյլզի իշխանուհիին հակահետեւակային ականներու հակամարդկային էութիւնը մեզի բացայայտելուն համար»[17]:

Տայանային գեղեցկութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Տէյլի Մէյլ»ը կը տեղեկացնէ, որ Տայանա իշխանուհին, Բրիտանիոյ արքայական ընտանիքին ամէնէն գեղեցիկ կինն է:

Լոնտոնի գեղեցկագիտական-վիրաբուժական կեդրոնի տնօրէն Ճիւլիըն տը Սիլվա համակարգչային մեթոտով պարզած է, որ Տայանային դէմքը մօտ է կատարելութեան 89,05 տոկոսով[18]:

31 Օգոստոս 1997-ին, Փարիզի մէջ, Տայանան կ'ենթարկուի ինքնաշարժի արկածի: Անոր ուղեկիցը՝ Տոտի ալ-Ֆայետը եւ Mercedes-Benz W140-ի վարորդ Անրի Փոլը նոյնպէս կը մահանան։ Ինքնաշարժին չորրորդ ուղեւորը՝ թիկնապահ Թրէյվըր Ռիս Ճոնսը ծանր կը վիրաւորուի, սակայն բժիշկները կը յաջողին փրկել անոր կեանքը։

Անոր յուղարկաւորութիւնը` 6 Սեպտեմբեր 1997-ին, կը համարուի «ամէնէն նշանաւոր հեռուստատեսային իրադարձութիւններէն մէկը», զոր ուղիղ եթերով դիտած է երկուք ու կէս միլիար մարդ:

Տոտի Ալ Ֆայետին հայրը մինչեւ օրս համոզուած է, որ պատահածը ոչ թէ սովորական ինքնաշարժի արկած էր, այլ սպանութիւն, որովհետեւ, անոր համոզումով. «Բրիտանիոյ որոշ շրջանակներու համար ընդունելի չէր այն, որ գահաժառանգին նախկին կինը կրնար ամուսնանալ մահմետական Տոտիին հետ»:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 Lundy D. R. The Peerage
  2. 2,0 2,1 Discogs — 2000.
  3. 3,0 3,1 FemBio տվյալների շտեմարան
  4. 4,0 4,1 Deutsche Nationalbibliothek Record #118525123 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  5. 5,0 5,1 5,2 5,3 https://www.princeofwales.gov.uk/biographies/hrh-prince-wales
  6. https://www.royal.uk/diana-princess-wales
  7. http://www.tandfonline.com/doi/pdf/10.1080/136008300111600
  8. http://www.nytimes.com/2008/03/23/arts/television/23gate.html
  9. http://www.nytimes.com/1996/07/13/world/charles-and-diana-agree-on-divorce-terms.html
  10. 10,0 10,1 10,2 10,3 10,4 10,5 10,6 10,7 Kindred Britain
  11. «100 մեծանուն բրիտանացիներ»։ 25-12-2019-ին 
  12. «Hunt is on in Gujarat for a distant cousin who shares Prince William’s Indian blood»։ Ինտիփենտընթ։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 9 Ապրիլ 2015-ին-ին։ արտագրուած է՝ 1 Յունուար 2015-ին 
  13. «William's Indian ancestry. DNA tests show future monarch has clear genetic line to the former 'Jewel in the Crown' from Diana's side»։ Տէյլի Մէյլ 
  14. «the Indian ancestry of William»։ Թայմզ 
  15. Տայանային մասին
  16. Ամուսնալուծում
  17. Գործունէութիւն
  18. Տայանային գեղեցկութիւնը