Jump to content

Արքայազն Չարլզ

Արքայազն Չարլզ
անգլերէն՝ Charles III, King of the United Kingdom
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Prince Charles Philip Arthur George Windsor of Edinburgh
Ծնած է 14 Նոյեմբեր 1948(1948-11-14)[1][2][3][…] (76 տարեկան)
Ծննդավայր Պաքինկհամ Պալատը, Ուեսթմինսթըր, Մեծ Լոնտոն, Լոնտոն, Անգլիա, Միացեալ Թագաւորութիւն[4]
Քաղաքացիութիւն  Միացեալ Թագաւորութիւն[5]
Մայրենի լեզու Բրիտանական անգլերէն
Կրօնք անգլիականութիւն
Ուսումնավայր Ապերիսթուիւտի համալսարան[4]
Թրինիթի գոլէճ[4]
Քրանուելի արքայական ռազմական քոլէճ[4]
Հիլ Հաուսի Միջազգային դպրոց[4]
Չիմ Վարժարան[4]
Կորտընսթոնի Վարժարան[4]
Թիմպըրթոփ[4]
Հիլ Հաուս Վարժարան[4]
Բրիտանիոյ Արքայական Նաւատորմի Քոլէճ[4]
Մասնագիտութիւն գրագէտ, Փոլօ խաղացող, ձեռնարկատէր, ուղղաթիռի օդաչու, մանկագիր, ազնուական, քաղաքական գործիչ, բարեգործ, բնապահպան
Վարած պաշտօններ Միացեալ թագաւորութեան միապետ
Անդամութիւն Բրիտանական թագավորական ընտանիք?[6], Թագաւորական գրական ընկերութիւն, Բարոյական եւ քաղաքական գիտութիւններու կաճառ, Սպիտակներու ակումբ եւ Լոնտոնի թագաւորական ընկերութիւն[7]
Ամուսին Քամիլա Փարքըր[8][5][4]
Ծնողներ հայր՝ Իշխան Ֆիլիփ, Էտինպրայի Դուքս[8][5][4], մայր՝ Էլիզապէթ Բ.[8][5][4]
Երեխաներ Ուիլիամ, Ուէյլզի իշխան[2][8][5][…] եւ Իշխան Հէրի, Սասէքսի Դուքս[2][8][5][…]
Կայքէջ royal.uk/the-king(անգլերէն)

Չարլզ Գ. Արքայ (անգլերէն՝ Charles III), ամբողջական անունը՝ Չարլզ Ֆիլիփ Արթուր Ճորճ (անգլերէն՝ Charles Philip Arthur George 14 Նոյեմբեր 1948(1948-11-14)[1][2][3][…], Պաքինկհամ Պալատը, Ուեսթմինսթըր, Մեծ Լոնտոն, Լոնտոն, Անգլիա, Միացեալ Թագաւորութիւն[4]), 8 Սեպտեմբեր 2022-էն ի վեր՝ Միացեալ Թագաւորութեան թագաւոր։

Մեծն Բրիտանիոյ զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար, Անգլիոյ եկեղեցւոյ գերագոյն կառավարիչ եւ Ազգերու համագործակցութեան ղեկավար։ Գործող միապետ տասնչորս անկախ պետութիւններու՝ Աւստրալիա, Անթիկուա եւ Պարպուտա, Պահամեան կղզիներ, Պելիզ, Կրենատա, Քանատա, Նոր Զելանտա, Փափուա Նոր Կինէ, Սեն Վինսենթ եւ Կրենատիններ, Սեն Քիթս եւ Նեւիս, Սեն Լիւսիա, Սողոմոնի կղզիներ, Տուվալու եւ Ճամայքա։

Էլիզապէթ Բ. թագուհիին եւ Էտինպուրկի դուքս Ֆիլիփի որդին։

1958-ին նշանակուած է Ուելսի արքայազն:

1969-ին անոր գործունէութիւնը սկսած է։

Ան կրթութիւն ստացած է Ճեմ եւ Կորտընսթոն դպրոցներուն մէջ (ինչպէս անոր հայրը՝ արքայազն Ֆիլիփը, Էտինպուրկի դուքսը), իսկ աւելի ուշ վեց ամիս յաճախած է Ճիլոնկ Կրամար դպրոցին Թիմպըրթոփ համալսարանին մէջ։ Քեմպրիճի համալսարանէն պսակաւոր արուեստի կոչում ստանալէ ետք, Չարլզ հինգ տարի ծառայած է բրիտանական ռազմօդային ուժերուն եւ նաւատորմին մէջ՝ 1971-էն սկսեալ։

1981-ին ամուսնացած է լէյտի Տայանա Սպենսըրին հետ, որմէ ունի երկու որդի՝ Ուիլիամը եւ Հերին։

Զոյգը ամուսնալուծուած է 1996-ին:

2005-ին Չարլզն ամուսնացած է իր երկարամեայ ընկերուհիին՝ Քամիլա Փարքըրին հետ։

Ան հիմնադրած է «The Prince's Trust» երիտասարդական բարեգործական կազմակերպութիւնը:

1976-ին, հովանաւորած է «Prince's Charities»ը եւ հանդիսացած է աւելի քան 400 այլ բարեգործական կազմակերպութիւններու հովանաւոր, նախագահ կամ անդամ։

Բնապահապան Չարլզը աջակցած է գիւղատնտեսութեան գործողութիւններուն:

Ան հրապարակած է աւելի քան 20 գիրք։

Մեծն Բրիտանիոյ պատմութեան մէջ եղած է ամէնէն երկար կառավարող Ուելսի արքայազնը եւ գահաժառանգը (1958-2022), որուն համար ալ կոչուած է արքայազն Չարլզ:

8 Սեպտեմբեր 2022-ին, Չարլզ Ֆիլիփ Արթըր Ճորճը մօրը մահէն անմիջապէս ետք, դարձած է Բրիտանիոյ թագաւոր:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]