Վիշապ (յուշարձան)
Վիշապ, վիշապներ, մեծաքարային յուշարձան, յուշաքար է, մէկ կտոր քարէ, բնորոշ եւ յատոկ է միայն հայկական լեռնաշխարհին։ Տեղադրուած են բնական եւ արհեստական աւազաններու ու աղբիւրներու ակունքներուն մօտ, խորհրդանշելով տարերքի անսանձ ուժը, բնութեան զարթօնքը, պտղաբերութիւն, առատութիւն[1]։ Վիշապ յուշարձաններէն մօտաւորապէս 150 օրինակ յայտնի է այսօր, որոնցմէ 90-ը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին կը գտնուի[2]:
Վիշապները Դիցաբանութեան Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Որոշ ուսումնասիրողներու ենթադրութեամբ՝ Վիշապը նախապէս պաշտուած է իբրեւ ջուր, անձրեւ եւ հարստութիւն պարգեւող ոգի, որն իր պոչը սահեցնելով երկրի վրայ՝ ցոյց տուած է ջրանցքներ փորելու ուղիները։ Վիշապը դիտուած է նաեւ ջուրերու ակունքներն ու գանձերը հսկող ահարկու հրէշ։ Գրեթէ բոլոր առասպելաբանութիւններուն մէջ ընդհանուր է աստուածութեան կամ դիւցազնի ձեռքով վիշապի սպաննութիւնը եւ զինք կլանած ջուրերու, հսկած գանձերու, ինչպէս նաեւ իրեն զոհաբերուող կոյսերու ազատումը։ Ըստ հին եգիպտական առասպելին, վիշապին՝ իբրեւ խաւարը մարմնաւորող ուժ, կը յաղթէ արեւի աստուած Ռանին, ըստ հին հայկական առասպելին, վիշապի դէմ կը մարտնչի եւ կը յաղթէ վիշապաքաղ Վահագն աստուածը եւ այլն։ Վիշապամարտութեան առասպելները տարածուած եղած են հայ ժողովրդական հին բանահիւսութեան մէջ (օրինակ՝ Տիգրանի, Արտաւազդի մասին վիպասանութիւններուն, «Սասմայ Ծռեր» դիւցազներգութեան, հեքիաթներուն)։ Անոնք յետագային թափանցած են նաեւ քրիստոնէական գրականութեան մէջ։ Ըստ առասպելներէն մէկուն, վիշապին կը սպաննեն եւ զոհաբերուող կոյսը կ'ազատէ Սուրբ Գէորգը։ Այլ առասպելին մէջ վիշապը կը ներկայացուի՝ արեւը կլանող, չար ու կործանարար ուժ, որուն դէմ կը մարտնչին հրեշտակները (ամպրոպի որոտումը իբր կռուի ձայնն Է, փայլակը՝ Գաբրիէլ հրեշտակապետին սուրի փայլը, շանթը՝ հրեղէն նետը, ծիածանը՝ աղեղը)։
Ըստ Մանուկ Աբեղեանին վիշապները նուիրուած են պանթէոնի սիրոյ աստուածուհի՝ Աստղիկ դիցուհիին։ Գրիգոր Ղափանցեանի կարծիքով անոնք խորհրդանշած են մեռնող եւ յարութիւն առնող աստուածութեան՝ Արա Գեղեցիկին[1]։
Հայաստանի Տարածքին Գտնուող Վիշապներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայաստանի մէջ՝ Գեղամայ լեռներուն, Սեւանայ լիճի հիւսիս-արեւելեան ափին, Արագածի լանջերուն, Գառնի, Ճորոխ գետի աւազանի եւ այլուր յայտնաբերուած են վիշապներու պաշտամունքին նուիրուած հնագոյն բազմաթիւ քարակոթողներ։ Անոնք յայտնի են «Վիշապներ» անունով։ Անոնք կերտուած են միակտուր քարէն (ամենամեծը՝ 5,06 մ բարձրութեամբ), ձկան տեսքով, վրան՝ օձ, ցուլ, խոյ, արագիլ եւ այլ կենդանիներ ու թռչուններ պատկերող քանդակներով, սովորաբար զետեղուած են աղբիւրներու ակունքներու, ջրանցքներու, ջրամբարներու, արհեստական լիճերու մօտակայքը։ Կ'ենթադրուի, որ այդ քարակոթողները եղած են երկրագործութիւնն ու ոռոգումը հովանաւորող, ջուրի պաշտամունքը անձնաւորող աստուածութիւններու կուռքեր։
Վիշապներու Յայտնագործումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վիշապները առաջին անգամ սկսած է ուսումնասիրել հայ գրող Ատրպետը՝ 1880-ական թուականներէն։ Աշխատանքները հրատարակուած են 1926 թուականէն։ Իսկ 1909 թուականին Նիկողայոս Մառի եւ Եակով Սմիրնովի արշաւախումբը Հայաստանի Գառնի տաճարի հնէաբանական պեղումներու ժամանակ տեղի բնակիչներէն կը լսեն բարձր սարերուն մէջ գտնուող վիշապներու մասին։ Գիտնականները արշաւախումբ կազմակերպեցին, բարձրացան Գեղամայ լեռներ, հաստատելու համար վիշապներու գոյութիւնը եւ արդեօ՞ք անոնք գիտական նշանակութիւն ունին, թէ՞ ոչ։ Գեղամայ լեռներու արշաւախումբի գործունէութեան արդիւնքները հրատարակուած են 1931 թուականին[3]։
Գիտնականները, լեռնային քոչուորներու վայրին մէջ, յայտնաբերեցին մեկալիթեան քարէ քանդակներ, զորս հայերը կը կոչէին «վիշապ», իսկ քիւրտերը «աժդահա եուրթ»: Քանդակներու մեծ մասը ձուկի տեսք ունէին։ Վիշապներուն ամենամեծը 4,75 մեթր բարձրութիւն ունէր եւ 55 սմ լայնք։ 1909 թուականին բոլոր վիշապները տապալուած էին, անոնց մէկ մասը ծածկուած էր հողով։
Շուտով Գեղամայ լեռներու բարձրաբերձ այլ բնակավայրին մէջ գտնուեցան այլ վիշապներ։ 1910 թուականին Նիկողայոս Մառը եւ Եակով Սմիրնովը արդէն յայտնաբերած էին 27 նմանատիպ մեկալիթեան յուշարձան։ Շուտով նմանատիպ վիշապներ յայտնաբերուեցան Հայաստանի մէջ՝ յատկապէս Սեւանի աւազանի, հարաւային Վրաստանի եւ արեւլեան Թուրքիոյ մէջ։
)
Թուագրում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վիշապներու թուագրումը որոշակի դժուարութիւն կը ներկայացնէ: Յուշարձանները տեղադրուած են բնակավայրերէ հեռու, որոնց անդամական մնացորդներու ռատիօծխածնային վերլուծումը հնարաւորութիւն կու տար որոշել մօտաւոր տարիքը: Սակայն Աժդահայ եուրտի մէջ գտնուած թիւ 1 վիշապին վրայ կային խաչի նշաններ եւ հայերէն գիրեր, թուագրուած 13-րդ դարուն: Խաչերու եւ գրուածքի դիրքը ցոյց կու տան, որ 13-րդ դարուն վիշապը դեռ ուղղահայեաց դիրքի վրայ էր։ 1963 թուականին, Գառնիի տարածքին պեղուեցաւ վիշապ, որուն վրայ կար Արգիշտի Ա. թագաւորի սեպագիր արձանագրութիւնը: Այս վիշապը թուագրուած է Ք.Ա. առաջին հազարամեակի սկիզբ - Ք.Ա. 2րդ հազարամեակ[4]։
Վիշապներու Ձեւերն ու Չափերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բոլոր գտածոները մէկ քարէն քանդակուած են, բարձրութիւնը կը տատանուէր 3-5 մեթրի սահմաններուն մէջ։ Վիշապներուն մեծ մասը ձկան տեսք ունին, հիմնականօրէն կը յիշեցնեն լոքօ ձուկ։ Մանրամասն քանդակուած են ձկան աչքերը, բերանը, պոչն ու խռիկները։ Վիշապներու միւս մասը կը պատկերէ սմբակաւոր կենդանիի՝ ցուլի կամ խոյի, հաւանաբար ներկայացուցած է մատուցուող զոհին, որոշ պարագաներուն միայն պատկերուած է ցիցերու վրայ ձգուած կենդանիին մորթին։ Որոշ վիշապներու վրայ պատկերուած են ջուրը խորհրդանշող ալիքաւոր գիծեր, որոնք յաճախ դուրս կու գան ցուլի բերանէն, երկարոտն թռչուններ, հազուադէպ՝ օձեր։
Վիշապներու Երեք Հիմնական Տիպերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ցլակերպ (քառակող, հաստ սալաքարի տեսքով, դիմային մասին վրայ հիմնական ցուլի գլուխի եւ վար ինկած վերջաւորութիւններու պատկերով):
- Ձկնակերպ (կտրուածքին մէջ կլորաւուն, քանդակուած ձուկի տեսքով՝ կրելով ձուկի անդամազննական մանրամասներ):
- Ձկնացլակերպ (կը կրէ նախորդ երկուքին յատկանիշները)[2]:
Վիշապաքարերու մեծ մասը գտնուած են հորիզոնական՝ ինկած վիճակի մէջ։ Սակայն վերը նշուած երեք տիպերն ալ մշակուած եւ քանդակուած են բոլոր կողմերէն։ Ձկնակերպերու պոչը չի մշակուիր, որ ենթադրել կու տայ, որ վիշապաքարերը, որոնցմէ ձկնակերպերը նոյնպէս նախապէս եղած են կանգնած վիճակի մէջ[2]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 Հայաստանի հնագույն ժառանգությունը, Պատմամշակույթաին ժառանգության մատենաշար, Հատոր Է
- ↑ 2,0 2,1 2,2 Վիշապաքարեր. Հայաստանի բարձրադիր հուշարձանները և նրանց պահպանության խնդիրը
- ↑ Արմեն Պետրոսյան, Արսեն Բոբոխյան «Վիշապ քարակոթողները» Երևան, 2015
- ↑ Пиотровский Б. Б. Вишапы. Каменные статуи в горах Армении, Издание Армянского филиала АН СССР, Ленинград, 1939 (ռուս.)