Jump to content

Գրիգոր Ղափանցեան

Գրիգոր Ղափանցեան
Ծնած է 17 Փետրուար 1887(1887-02-17)
Ծննդավայր Աշտարակ, Էջմիածին, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 3 Մայիս 1957(1957-05-03)[1] (70 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն և  Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Ս. Փեթերսպուրկ Համալսարանի Արեւելագիտութեան Բաժանմունք
Մասնագիտութիւն լեզուաբան, հայագէտ և պատմաբան
Աշխատավայր Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան, Երեւանի Պետական Համալսարան և Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկ
Անդամութիւն Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա
Երեխաներ Արփենիկ Ղափանցեան

Գրիգոր Ղափանցեան (17 Փետրուար 1887(1887-02-17), Աշտարակ, Էջմիածին, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 3 Մայիս 1957(1957-05-03)[1], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), լեզուաբան, հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր (1942), ակադեմիկոս (1943) եւ Խորհրդային Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչ (1942)։

Գեղանկարիչուհի Արփենիկ Ղափանցեանի հայրը։

Կեանք եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի դպրոցին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք իր բարձրագոյն ուսումը ստանալու համար մեկնած է Փեթերսպուրկ, ուր աշակերտած է վրացի հայագէտ ու լեզուաբան Նիկողայոս Մառին։

1913 թուականին աւարտելէ ետք իր համալսարանական ուսումը վերադարձած է հայրենիք եւ պաշտօն ստանձնած՝ Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանէն ներս: Տարի մը ետք՝ 1914-ին, մասնակցած է Նիկողայոս Մառի պեղումներուն, միաժամանակ գրելով «Լեզուաբանական դիսցիպլինաներ եւ լեզու» աշխատութիւնը:

Վարած պաշտօններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ղափանցեան 1921 թուականին Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս ստանձնած է լեզուաբանութեան ամպիոնի ղեկավարի պաշտօնը, որ վարած է 33 տարի՝ մինչեւ 1954 թուական։

Եղած է Խորհրդային Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի հիմնադիրներէն եւ 1950-1956 թուականներուն վարած՝ անոր լեզուի բաժանմունքի տնօրէնի պաշտօնը:

Ան զբաղուած է գիտական, լեզուական եւ մանկավարժական գործունէութեամբ. լաւապէս տիրապետած է խեթերէն, ուրատուերէն եւ պալայերէն լեզուներուն եւ ուսումնասիրած է հայերէն լեզուի եւ խեթերէնի կապն ու նմանութիւնները:

Գրած է բազմաթիւ յօդուածներ ու տեսական լեզուաբանութեան, հայերէն լեզուի զարգացման պատմութեան, հայ ժողովուրդի սկզբնաղբիւրներուն եւ անոր հնագոյն լեզուամտածողութեան մասին:

Ղափանցեան 1939 թուականին հրատարակած է․

  • «Ընդհանուր լեզուաբանութիւն» աշխատութիւնը,
  • «Ուրարտուի պատմութիւնը»,
  • «Լեզուական ընդհանուր տարրեր ուրարտական եւ խեթական լեզուներու միջեւ»,
  • «Հայաստանի տեղանուններու պատմական եւ լեզուաբանական նշանակութիւնը»,
  • «Հայաստան՝ հայերու բնօրրան» եւ այլ աշխատութիւններ[2]:

Ի յիշատակ Ղափանցեանի, 1987 թուականին Գրիգոր Ղափանցեանի անունով կոչուած է Աշտարակի 4-րդ դպրոցը, ուր կը գործէ լեզուաբանին նուիրուած թանգարան: Անոր արձանը տեղադրուած է Երեւանի Պետական համալսարանի կենդրոնական մասնաշէնքի նախասրահին մէջ[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 Library of Congress AuthoritiesLibrary of Congress.
  2. «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-26 
  3. «ԳՐԻԳՈՐ ԱՅՎԱԶԻ ՂԱՓԱՆՑԵԱՆ»։ www.ysu.am։ արտագրուած է՝ 2022-02-26