Վարդգէս (Յովհաննէս Սէրէնկիւլեան)

Վարդգէս, բուն անուն՝ Յովհաննէս Սէրէնկիւլեան, (1871, Կարին - 11 Ապրիլ 1915, Մեծ Եղեռնի զոհ), հայ ազգային-ազատագրական շարժումի գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ։

Նախնական կրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, կը զբաղի ուսուցչութեամբ։ 1890-ին կը մասնակցի Կարնոյ Մայիսեան ցոյցին եւ կը ձերբակալուի ու ապա ներման կ’արժանանայ։ 1890-ի վերջաւորութեան, կ’երթայ Պոլիս, ուր կը վարէ ուսուցչական պաշտօններ, որոնցմէ յիշատակելի է Կէտիկ Փաշայի ազգային վարժարանի իր տեսչութիւնը։

1892-ին կը միանայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ իր գործունէութիւններուն հետեւանքով կը բանտարկուի։ Մաս կը կազմէ Բաբգէն Սիւնիի ղեկավարութեամբ Պանք Օթոմանի գրաւման։ «Ժիռօնտ» պահականաւով կը ղրկուի Մարսէյ, ապա՝ Ժընեւ, Պուլկարիա եւ Կովկաս։ Հոկտեմբեր 1899-ին կ’անցնի Վան, ուր վերստին թաքուն կերպով կը նուիրուի յեղափոխական գործին։ 5 Յունուար1903-ին մատնութեան կ’ենթարկուի, սրունքէն վիրաւոր կը ձերբակալուի եւ մահուան կը դատապարտուի, բայց ֆրանսական բարեկամներու ազդեցութեամբ վճիռը կը վերածուի ցկեանս թիապարտութեան։ 1907-ին Արղընի Մատէն, իսկ յաջորդող տարին Տիարպէքիր՝ բանտէ բան կը փոխադրուի։ Սահմանադրութեան հաստատումով ազատ կ’արձակուի եւ Սկիւտարէն կ’ընտրուի ազգային երեսփոխան, իսկ մէպուս՝ իր ծննդավայրին։ Օսմանեան խորհրդարանին մէջ անկեղծ եւ անվերապահ խօսքերով բոլոր առիթներուն պաշտպանած է հայութեան իրաւունքները եւ դարձած է պատուհաս մը թուրք ազգայնամոլներու աչքին։ 11 Ապրիլի Մեծ Կարաւանէն ետք, կ’աքսորուի Գրիգոր Զօհրապին հետ։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]