Jump to content

Վահէ Արծրունի

Վահէ Արծրունի
Ծնած է 1884
Ծննդավայր Կաղբի գիւղ, Շատախ, Վանի նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 17 Յունիսս, 1958
Մահուան վայր Թեհրան, Իրան
Ուսումնավայր Հարուըրտ Համալսարան
Մասնագիտութիւն իրաւաբանութիւն

Վահէ Արծրունի,  աւազանի անունով Մելիքսեթ Մուրատեան (1884, Կաղբի գիւղ, Շատախ, Վանի նահանգ – 17 Յունիս 1958, Թեհրան, Պարսկաստան)․ իրաւաբան, ուսուցիչ, քաղաքական - հասարակական գործիչ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին տարիները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Օսմանեան Կայսրութիւն 1900․ Վանի նահանգ

Վահէ Արծրունի ծնած է 1884-ին Պատմական Հայաստանի Շատախի Կաղբի (կամ Կաղպի) գիւղը։ 1896-ի կոտորածներուն հայրը կը կորսնցնէ եւ ամերիկացի միսիոնար Ռէյլնոլտսի միջամտութեամբ 1897-ին Վահէ կ'ընդունուի տեղւոյն ամերիկեան որբանոց-դպրոցը։  Վեց տարի ետք, դասընթացքները աւարտելով ուսուցչական եւ յեղափոխական ասպարէզ կը նետուի։

Ա․Մ․Նահանգներուն մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1906-ին Վահէ Արծրունի Ամերիկա կ'անցնի, ուր կը յաճախէ Հարվըրտ համալսարանը։  1913-ին կ'աւարտէ վկայուելով իբրեւ իրաւաբանութեան մասնագէտ։  Ամերիկա, ուսումէն ետք, կը լծուի քաղաքական գործունէութեան․  կը դառնայ կուսակցական գործիչ, Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ եւ «Հայրենիք»ի խմբագիր։

Հայաստանի Առաջին Հանրապտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1919-ին, Հ․Հ․ Պատուիրակութիւնը զայն Փարիզ կը կանչէ։ Փարիզ հասած, կ'որոշուի զայն Հայաստան ղրկել։  Պոլսոյ եւ Պաթումի վրայով 19 Օգոստոս-ին Երեւան կը հասնի։ Կառավարութեան որոշումով, ներգաղթի գործերու վարիչ կը նշանակուի։ 

1920-ին Կարս կը գտնուի ներգաղթի եւ որբերու խնամատարութեան գործով եւ կը գործակցի Ամերիկեան Նպաստամատոյցին հետ։ Կարսի գրաւումէն ետք, Արագածոտնի շրջանը կ'անցնի․ նախ Ալագեազ, ապա Թալին։ 

Հ․Հ․ տակնապալի օրերուն, արտակարգ դատարանի նախագահ կը նշանակուի եւ մինչեւ ընդհանուր նահանջը այդ պաշտօնին վրայ կը մնայ։  Միաժամնակ, Վասպուրականցիներու Զինուորական Մարմնի եւ պետական ապահովութեան խորհուրդի անդամ  է։

Կը մասնակցի Փետրուարեան ապստամբութեան եւ կառավարութեան տապալումէն ետք, 2 Ապրիլ 1921-ին հազարաւորներու հետ Զանգեզուր` Լեռնահայաստան, կ'անցնի, ուրկէ կարճ ժամանակ ետք Թաւրիզ կը փոխադրուի։

Տասնամեակ մը Թաւրիզ կը մնայ, ուր կը պաշտօնավարէ Ամերիկեան «Մեմորեալ» վարժարանին մէջ։  1932-ին Թեհրան կը փոխադրուի, ուր կը ստեղծէ առեւտրական գործ մը, որպէսզի ապրուստը ապահովէ։  Միաժամանակ կը նուիրուի ազգային – հասարակական գործունէութեան։  Անդամ է Թեհրանի Թեմի Պատգամաւորական Ժողովն եւ Թեմական Խորհուրդին։  կ'աշխատակցի Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթին։ 

Հիւանդութենէ մը ետք, Վահէ Արծրունի աչքերը կը փակէ 17 Յունիս 1958-ին։

Հրատարակած է երեք արարով թատերախաղ մը «Նարրիկ իշխան»ի կեանքէն եւ վիպակ մը։ Ձգած է բաւական անտիպ գրութիւններ։

Հեղինակն է երեք աշխատութիւններու՝ «Հայ-տաճկական պատերազմը», «Հայ սպայութիւնը» եւ «Շատախ», որոնք հետագային, իր աղջկան Յուշիկ Արծրունիի մեկենասութեամբ ամփոփուած են մէկ գիրքի մէջ եւ հրատարակուած 2002-ին, Երեւան։  19 Սեպտեմբեր 2002-ին, Հ․Հ․ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկին մէջ, գիրքին ներկայացումը տեղի կ'ունենայ, ուր ելոյթ կ'ունենայ գիրքին խմբագիր եւ «Ամերիկայի Ձայն»ի աշխատակից, միջազգային հաղորդավար եւ հայկական բաժնի խմբագիր Նորայր Պահլավունի (Ուաշինկթըն)[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]