Վահան Յովհաննէսեան

Վահան Յովհաննէսեան
Ծնած է 1 Սեպտեմբեր 1894(1894-09-01)[1]
Ծննդավայր Նորշէն, Ախալքալաք, Թիֆլիսի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[2]
Մահացած է 10 Նոյեմբեր 1977(1977-11-10)[2] (83 տարեկանին)
Մահուան վայր Ս. Ղազար կղզի, Վենետիկ, Իտալիա[2]
Ազգութիւն Հայ[2]
Ուսումնավայր Հռոմի Սապիենզա համալսարան?[2]
Մասնագիտութիւն գրագէտ, ուսուցիչ, Կղերական
Աշխատավայր Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան[2]
Բազմավէպ[2]
Սամուէլ-Մուրատ Վարժարան[2]
Մխիթարեան Ընտանիք[2]
Մխիթարեան վարժարան[2]
Անդամութիւն Վենետիկի Գեղարուեստի Ակադեմիա[2]

Հ. Վահան Վրդ․ Յովհաննէսեան (1894-19771 Սեպտեմբեր 1894(1894-09-01)[1], Նորշէն, Ախալքալաք, Թիֆլիսի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[2] - 10 Նոյեմբեր 1977(1977-11-10)[2], Ս. Ղազար կղզի, Վենետիկ, Իտալիա[2]), հայ գրող, մանկավարժ, հայրենասէր եկեղեցական։ Մխիթարեան միաբանութեան անդամ։

Կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ծնած է Ախալցխայի նորշէն գիւղը, ուր ստացած է իր նախակրթութիւնը։ 1908-ին՝ մուտք գործած է Ս. Ղազարի վանք (վենետիկ), ապա, 1916-ին՝ Հռոմի Գրիգորեան համալսարան, ուր հետեւած է աստուածաբանութեան եւ իմաստասիրութեան, եւ վարդապետ ձեռնադրուած՝ 1922-ին։ Մինչեւ 1925՝ Մուրատ-Ռափայէլեանի, եւ 1925-1929՝ Միլանոյի Մխիթարեան որբանոցին մէջ կը պաշտօնավարէ իբրեւ ուսուցիչ հայ լեզուի եւ Հայոց պատմութեան։ 1929-1930, կը վարէ խմբագրութիւնը «Բազմավէպ»ի. Իսկ 1930-ին՝ կը կոչուի Մուրատ-Ռափայէլեանի ուսումնապետի պաշտօնին: Շուտով կը փոխադրուի, սակայն, Փարիզի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանը՝ ուր կը մնայ մինչեւ 1937: Այս թուականէն ետք, կ'անցնի Եթովպիա՝ Միաբանական որոշումով, եւ 1940-ին՝ երբ Իտալիա եւս կը մտնէ պատերազմի, ինք եւս կը ծառայէ իտալական բանակին մէջ: Հազիւ տարի մը անց, Անգլիացիները կը գրաւեն Ատիս-Ապապան, կը գերեվարեն իտալական բանակը, որուն մէջ՝ նաեւ Հ. Վահան Յովհաննէսեան: Մինչեւ 1947՝ գերի կը մնայ Քենիայյի եւ Ուկանտայի մէջ:

1947-ին կը վերադառնայ Վենետիկ, եւ 1948-ին կը ստանձնէ տեսչութիւնը Հալէպի Մխիթարեան վարժարանին, ուր կը մնայ մինչեւ 1955:

Վերջին քսանէ աւելի տարիներուն՝ մնաց Վենետիկի մայրավանքը, ուր ապրումով եւ խանդաղատանքով կապուած մնաց հրատարակչական աշխատանքներու, պահելով հանդերձ ստեղծագործական իր կենսագրութիւնը:

Մինչեւ 1924, նուիրուած է ուսումնասիրական եւ վերլուծական աշխատանքներու՝ որոնք կ'երեւին «Բազմավէպի»ի մէջ: Այս թուականէն ետք է՝ որ բանաստեղծը կը յայտնուի իր մէջ, կեանքի զանազան մարզերէն ու մասնաւորաբար ազգային եւ մարդկային ակունքներէ ապրումներ թելադրելով իրեն: Քերթողական իր առաջին գործն է «Հայրենի Կրակարանը»՝ զոր հրատարակեց 1930-ին: երկրորդ եւ երրորդ հատորները՝ «Սրտերու երգը» եւ « Վանքի ծաղիկներ»՝ լոյս կը տեսնեն 1939-ին:

Երկրորդ Աշխարհամարտի խռովայոյզ օրերուն, գերութեան թախծոտ ապրումներէ թելադրուած, գրի կ'առնէ «խեղճ մարդկուլիւն» եւ «Հայկակն գիւղը» խորագրուած քերթուածաշարքերը, զորս հրատարակեց 1948-ին:

1945-ին լոյս տեսաւ «Մարեմական» խորագրուած իր նոր տաղարանը, ուր խմբած է 1952-1954 գրի առած կրօնաշունչ երգեր։ 1960-1970 հրատարակած է «Ես ու դու» (1960) «Հայրենի հող» (1962), «Մաշտոցական» (1963), «Տրտմութեան երգեր» (1964), եւ «Հոգիներու Հանգրուան» (1970) քերթուածներու հատորները։

Հ. Վահան Յովհաննէսեանի քերթողական վաստակը որակի փաստեր կ'ընծայէ մեզի, համեմատաբար մեծաթիւ ապրուած էջերու՝ որոնք լեզուի թէ խորքի տեսակետով մէկէ աւելի արժանիքներ կը յայտնաբերեն։ Ընտանի, մարդկային շունչ մը կայ անոնց մէջ, եւ արտայայտութեան հաղորդական շեշտ մը՝ որ կը մերժէ նպաստը չափին եւ յանգին։ Ըսել չենք ուզեր թէ բանաստեղծը կը մերժէ տաղաչափական դասական հասկացոութիւնը ու կը խուսաբի այդ տարազին վրայ բառի բերելէ իր ապրումները. Կ'ուզենք ընդգծել միայն, որ Հ. Վահան Յովհաննէսեանի քերթուածը ոչինչ պիտի կորսնցնէր իր ջերմութենէն եւ հաղորդականութենէն՝ առանց արտաքին այդ նպաստին ալ։

Գրական ստեղծագործութեանց եւ ուսուցչական իր պարտաւորութեանց կողքին՝ Հ. Վահան Յոհաննէսեան հրատարակած է Հայոց պատմութեան դասգիրքեր, հայրենաշունչ պատմուածքներ, թատրերգրութիւններ, թարգմանութիւններ, նկարագրական եւ տպաւորական էջեր։

Վախճանեցաւ 1977 Նոյեմբեր 10-ին, Ս. Ղազարին մէջ՝ ուր եւ ամփոփուած է իր աճիւնը[3]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]