Տրդատ ճարտարապետ
Տրդատ ճարտարապետ (շուրջ 940 - մահուան թուականը անյայտ է, հաւանաբար՝ 1020-էն ետք), Բագրատունեաց հարստութեան դարաշրջանին հայ ճարտարապետ եւ քանդակագործ։ Շինարարական գործերը ծաւալած են գլխաւորաբար Շիրակի մէջ։ Անկէ ետք, երբ Աշոտ Գ. թագաւոր 961-ին մայրաքաղաքը Կարսէն Անի կը տեղափոխէ, հոն կը տեղափոխէ նաեւ կաթողիկոսական աթոռը։ Տրդատ կը կառուցէ Անիի մայր տաճարը եւ կաթողիկոսարանին շէնքը։ Ըստ հայ պատմիչներու (Ստեփանոս Տարօնեցի եւ այլք) վկայութեան, Կ. Պոլսոյ երկրաշարժէն ետք փլած է Ս. Սոֆիա մայր տաճարին գմբէթը, Տրդատ կը հրաւիրուի զայն վերականգնելու համար։ Ան գմբէթը կը կառուցէ 4 մոյթերու (սիւներու) վրայ, անոր տալով հայկական ճարտարապետական ոճ մը։ Այդ աշխատանքները կ'աւարտին 994-ին։
Կեանքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տրդատի կեանքին մասին մեզի հասած են խիստ սահմանափակ տեղեկութիւններ: Առանձին եւ կցկտուր տեղեկութիւններ կը հաղորդէ ԺԱ. դարու պատմիչ Ստեփանոս Ասողիկ Տարօնեցին՝ իր «Տիեզերական պատմութեան» մէջ: Տրդատին կեանքը կը զուգադիպի Հայաստանի բարգաւաճման ժամանակաշրջանին, երբ Հայաստան ազատած էր արաբական խալիֆաթի գերիշխանութենէն, եւ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուած էին երկրին զարգացման համար: Այս ընթացքին, Բագրատունեաց Հայքի մայրաքաղաքը կը դառնայ Անին, ուր մեծ թափով կը սկսին շինարարական աշխատանքները: Մինչ այդ, արաբական արշաւանքներէն աւերուած երկիրը արագօրէն կը վերականգնի, եւ կը կառուցուին ու կը վերակառուցուին զանազան շինութիւններ: Տրդատ Ճարտարապետ իր գործուն մասնակցութիւնը կը բերէ երկրին մէջ ծաւալող շինարարութեան՝ յատկապէս Անիի եւ Շիրակի մէջ, ուր ինք կը բնակէր:
Տրդատի ճարտարապետական գործունէութիւնը Հայոց թագաւորութեան ընթացքին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տրդատ առաջին շէնքը կառուցած է Արգինայի մէջ: Այդ վայրը 965-ին դարձած էր Հայոց եկեղեցւոյ կաթողիկոսանիստը, երբ Անանիա Ա. Մոկացի կաթողիկոս, ձգելով Վանայ լիճին Աղթամար կղզին, բնակած է Անիի մօտերը: Հայոց նորընտիր կաթողիկոս Խաչիկ Ա. Արշարունի կ'որոշէ նոր աթոռանիստին համար այդ վայրին մէջ հիմնել մեծ եկեղեցի մը, որու կառուցումն ալ կը յանձնարարէ Տրդատ Ճարտարապետին: Այդ եկեղեցիէն այսօր, պահպանուած են հիւսիսային պատը եւ արեւմտեան պատին մէկ մասը, իսկ մնացեալ մասերը ամբողջութեամբ ցիր ու ցան եղած են: Այս պատճառով այսօր կարելի չէ յստակ նկարագրել այդ եկեղեցւոյ արտաքին տեսքը, սակայն տեղեկութիւններ կը հաղորդեն պարսիկ պատմիչ Մովլանա Իտրիս, որ Շահ-Իսմայիլի զօրքերուն հետ հասած էր հոն, եւ իր մատեանին մէջ մեծ հիացումով կը խօսի շինութեան մասին:
Անկէ ետք Տրդատ ճարտարապետ նոր յանձնարարութիւն մը կը ստանայ Սմբատ Բ. Տիեզերակալ արքայէն (977-989): Անիի մէջ պիտի կառուցուէր մեծ չափերով եկեղեցի մը, որ պիտի նուիրուէր Քրիստոսի ծննդեան 1000-ամեակին: Անիկա Անիի հռչակաւոր Մայր Տաճարն էր, որ հետագային նշանաւոր կը դառնայ իր հոյակերտ ճարտարապետութեամբ: Արքային մահուան պատճառով տաճարին կառուցման աշխատանքները որոշ շրջան մը կը դադարին:
Կոստանդնուպոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարի գմբէթին վերակառուցումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մայր տաճարին կառուցման ժամանակաւոր դադարը Տրդատ կ'օգտագործէ Բիւզանդիոնի մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիս մեկնելու համար, ուր զինք հրաւիրած էին վերականգնելու կայսրութեան գլխաւոր եկեղեցւոյ՝ Ս. Սոֆիա տաճարին գմբէթը: Անիկա Բիւզանդական կայսրութեան ճարտարապետութեան ծաղկման ժամանակաշրջանին երեւելի յուշարձան մըն է, որ 532-537 թուականներուն վերակառուցած են նշանաւոր ճարտարապետներ՝ տրալեսցի Անթիմոս եւ միլեթցի Իսիդոր՝ Հուստինիանոս Ա. կայսեր օրով եւ անոր գործուն մասնակցութեամբ: 1 Մայիս 558-ին ուժեղ երկրաշարժ մը տեղի կ'ունենայ որմէ փուլ կու գայ տաճարին շուրջ 31.5 մեթր տրամագիծով գմբէթը: Հուստինիանոս կ'որոշէ նոր գմբէթ մը կառուցել, եւ քանի որ արդէն մահացած էին Անթիմոսն ու Իսիտորը, գործը յանձն կ'առնէ վերջինիս եղբայրը՝ Իսիտոր Կրտսերը: Անոր կառուցած գմբէթը կանգուն կը մնայ բաւական երկար, եւ կը դիմանայ 869-ի երկրաշարժին, բայց փուլ կու գայ 986-ի երկրաշարժին: Անկէ ետք, Տրդատ կը հրաւիրուի Կոստանդնուպոլիս՝ դարձեալ վերակառուցելու համար Ս. Սոֆիա գմբէթը: Այս մասին տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Ստեփանոս Ասողիկ Տարօնեցի պատմիչը: Յայտնի է, որ կառուցման աշխատանքները կարգաւորելու համար Տրդատ նախապէս կը պատրաստէ եկեղեցւոյ յատակագիծը, որու վրայ նախ ան կը լուծէ ճարտարապետական հարցերը: Այնուհետեւ Տրդատ բարձր փայտամածներ կը կանգնեցնէ մինչեւ գմբէթը՝ այդ լուծումները տաճարին վրայ կիրարկելու համար: Տեղեկութիւններ պահպանուած են, որ այդ փայտամածներուն համար արքունի գանձարանը ծախսած է 1000 ոսկի լիվեր: Բացի գմբէթէն, Տրդատ վերականգնման այլ աշխատանքներ ալ կատարած է, քանի որ, ինչպէս յայտնի է, կառոյցը վերէն վար ճաթած էր: Տրդատ կը կատարելագործէ իրեն վստահուած յանձնարարութիւնը՝ ցուցադրելով իր փայլուն վարպետութիւնը, որու մասին կը վկայեն յուշարձանին ոչ միայն ներկայ վիճակը, այլեւ Ասողիկի վկայութիւնն այն մասին, որ տաճարը վերականգնումէն ետք, նախկինէն աւելի վայելչագեղ տեսք մը կը ստանայ: Կառուցումէն ի վեր իր բազմաթիւ փլուզումներէն ետք Տրդատ ճարտարապետին վերակառուցածը ամուր կը պահպանուի մինչեւ մեր օրերը՝ աւելի քան 1000 տարի: Ս. Սոֆիա տաճարին մէջ Տրդատին կատարած վերականգնումը լիովին կ'արտացոլէ Ժ.-ԺԱ. դարերու հայոց շինարարական մշակոյթի զարգացման աստիճանը: Թէեւ այդ օրերուն Հայաստանի մէջ այդպիսի մեծ գմբէթներ չէին կառուցեր, սակայն ասիկա ցոյց կու տայ, որ անոնց կառուցման եղանակներն ու ճարտարապետական լուծումները խորթ չէին հայ ճարտարապետներուն: Իսկ որպէսզի Բիւզանդական կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ այդպիսի պատասխանատու պատուէր ստանար, պարզ է, որ Տրդատ պէտք է առաջնակարգ ճարտարապետի մեծ համբաւ ունենար: Ստեփանոս Ասողիկ կը յայտնէ, որ մինչեւ Տրդատը հրաւիրելը, հմուտ յոյն ճարտարապետները շատ կը յոգնէին վերականգնման համար, բայց յստակ լուծումներ չէին կրնար առաջարկել:
Անիի Մայր տաճարին կառուցման աւարտը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս աշխատանքը աւարտելէ ետք Տրդատ կը վերադառնայ Անի, ուր նոր արքայ Գագիկ Ա.-ի կինը՝ թագուհի Կատրանիտէն, որ Սիւնեաց Վասակ իշխանին դուստրն էր, անոր կը յանձնարարէ դարձեալ ձեռնարկել Մայր տաճարին կառուցումը: Տաճարին կառուցումը կ'աւարտի 1001-ին եւ կը նուիրուի Քրիստոսի ծննդեան 1000-ամեակին: Անիկա կը դառնայ Անիի աշխարհիկ ու հոգեւոր բնոյթի հոյակերտ շինութիւններու պսակը եւ մեծ համբաւ կը բերէ իր ճարտարապետին:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Թորամանեան Թ․, Նիւթեր հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան, հ.2, Ե․, 1948։
- Լեւոնեան Գ., ճարտարապետ Տրդատ Անեցին եւ իր գործերը, էջմիածին, 1949։
- Մնացականեան Ս․ Խ․, Վարպետաց վարպետներ, Ե․, 1982։