Ստեփան Էքշեան
Ստեփան Էքշեան | |
---|---|
Ծնած է | 1834[1][2] |
Ծննդավայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] |
Մահացած է | 24 Ապրիլ 1901[2] |
Մահուան վայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] |
Ազգութիւն | Հայ[1][2] |
Ուսումնավայր | Սամուէլ-Մուրատ Վարժարան[1] |
Մասնագիտութիւն | դերասան, թատերական ռեժիսոր |
Աշխատավայր |
Արեւելեան Թատրոն[1] Վասպուրական թատրոն? |
Ստեփան Էքշեան (1834[1][2], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - 24 Ապրիլ 1901[2], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]), հայ թատերական գործիչ: Թատերական դերասան եւ թարգմանիչ:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ստեփան Էքշեան ծնած է 1834-ին Բերա, Հայ Կաթողիկէ ընտանիքի մէջ։ Տասներկու տարեկանին հայրը զինք կը ղրկէ Փարիզ, ուր Մուրատեան վարժարանին մէջ կ՛ուսանի ութ տարի: Երբ տուն կը վերադառնայ, կը նուիրուի բեմին եւ հետզհետէ յաջողութիւններու կը հասնի:
Էքշեան կը մահանայ Կ.Պոլսոյ մէջ 1901-ին, 67 տարեկնին, երբ չորս զաւակներու հայր էր:
Թատերական Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ստեփան Էքշեանի յաճախած վարժարանին մէջ սովորութիւն էր տօնական եւ հանդիսական առիթներուն վարժարանի սրահին մէջ թատերախաղեր ներկայացնել: Ստեփան բուռն կերպով կը մասնակցէր այս թատերախաղերուն։ Աշակերտներուն ամենախանդավառն էր ու հետզհետէ աւելի կը նուիրուի բեմին:
Պոլիս վերադառնալէ ետք, Օսմանեան կայսրութեան մէջ կը վարէ պետական թարգմանիչի պաշտօն: Միաժամանակ, Միջագիւղի մէջ մաս կը կազմէ Մ. Պէշիկթաշլեանի ներկայացումներու խումբին, որ Բերայի մէջ ալ ներկայացում մը կը բեմականացնէ: Ան նաեւ կը մասնակցի Խասգիւղի մէջ տեղի ունեցած ներկայացումներուն: Էքշեան մեծ համբաւ կ՛ունենայ Միջագիւղի մէջ:
1856-ին Ս.Հէքիմեանի եւ Մաղաքեանի հետ միասին կը կազմէ թատերախումբ մը, որ նաեւ ներկայացումներ կ՛ունենայ Բերայի Նաումի բեմին վրայ։ Այս խումբը ամառնային շրջանը կ՛անցընէր Գատըգիւղի Մէօհրիւտարի զբօսարանին մէջ, ուր առաջին անգամ բեմ կ՛ելլէ Էքշեանի քենին՝ Աղաւնի Խամսեան-Ճէզիրեանը՝ ծանօթ Ֆաննի կեղծանունով:
Էքշեան 1858-59-ի թատերական շրջանը Բերայի մէջ կ՛անցընէ Սրապիոն Հէքիմեանի հետ: 1858-ին, Հէքիմեանի խումբը Թէաթրը Ֆրանսի մէջ երկու ներկայացում կը բեմականացնէ. «Նեղսիրտ բարեգործը» եւ «Ամօթխածութեան Վարձատրութիւնը»։ Երկու ներկայացումները կ՛արժանանան բարձր գնահատանքի: Այս ներկայացումներուն կը մասնկացին Էքշեան եւ Աղաւնի Գէորգեան: 1860-ին, Ս. Էքշեան գլխաւոր դերակատարը կ՛ըլլայ Հէքիմեանի խումբին բեմադրած Մոնթիի «Արիստոդէմ» ողբերգութեան, որ կը կատարուի Հայերէն գրաբար լեզուով:
Պոլսոյ մէջ թատերական լաւագոյն դերասանները թատերական խումբ մը կը կազմեն, որուն մէջ գլխաւոր դերասաններէն մէկը կ՛ըլլայ Էքշեան:
Ան դերասանի իր մեծ համբաւը հիւսեց Արեւելեան թատրոնին մէջ։ Արեւելեան թատերաշրջանի երկրորդ սկիզբը իր համբաւի գագաթնակէտն էր։ Այս շրջանին, թատերական վարչութեան եւ դերասանախումին մէջ երկպառակութիւն մը կ՛ըսկսի. դերասանները իրենց ամսականները չէին ստացած, եւ այդ պատճառով վարչութեան կը մեղադրէին: Այս բոլորը պատճառ դարձաւ որ Էքշեան դադրի իր դերասանական ներկայացումներէն:
Այս բոլորէն ետք, 1863-ին, Իզմիրէն Սարգիս Վանանդեցիէն հրաւէր ընդունելով, կրցաւ իր շուրջ համախմբել դերասաններուն մեծ մասը ու մեկնիլ Զմիւռնիա: Խումբը կը բաղկանար հետեւեալ անձերէն. Էքշեան, Պէնկլեան, Մնակեան, Աճէմեան, ֆասուլեաճեան, Թրեանց, Այտընեան, Չերազի, Ռ. Սետեֆճեան, Մէրասեէտեան, Արուսեակ, քոյրը՝ Աղաւնի եւ Պայծառ:
Զմիւռնիոյ մէջ սկիզբըր «Վասպուրական Թատրոն»-ին մէջ ներկայացումներ կ՛ըլլան եւ արդիւնքը շատ բարեբեր կ՛ըլլայ, սակայն հետզհետէ դերասաններէն ոմանք դժուարութեամբ Պոլիս կը վերադառնան եւ յաջողութիւնները կը նուազին: Զմիւռնիոյ մէջ Էքշեան խումբին կեդրոնական դէմքն էր, եւ կատարելապէս կը փայլի:
Պոլիս վերադարձին ան վերջնականապէս կը հրաժարի դերասանութենէն, սակայն անշուշտ միշտ կը հետաքրքրուէր թատերական կեանքով:
Բեմէն հեռանալէ ետք, ամէն անգամ որ իր դերակատարութիւնը խնդրած են՝ բարեսիրական ձեռնարկի մը համար, սիրահօժար իր մասնակցութիւնը բերած է:
Էքշեանի դերերը ընդհանրապէս մարդկային հոգիի չափազանցութեան ներկայացումն էր, եւ ինք շատ լաւ կը կատարէր այդ մէկը, զայն բնականի վերածելով: Ան կը յաջողէր սրտի փոթորիկներու, կիրքերու, անպարփակելի սիրոյ եւ վիշտի արտայայտութիւնները բնական տեսարաններով կատարել: Էքշեան դիւցազներգակ էր, եւ միակ թրքահայ դերասան էր, որ մինչեւ վերջ միեւնոյն սեռին մէջ մնացած էր։ Իր ներկայացուցած գլխաւոր դէմքերէն են՝ Ռոպէրթ աւազակապետը, Արիստոդէմ, Անճէլօ Մալիբիէրի, Հայկ դուցազն, Վրադան Մամիկոնեան, Լեւոն Զ., Սանատրուկ, եւ այլն:
Թարգմանական Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Էքշեան եղած է թարգմանիչ: Ան կը տիրաբետէր Թրքերէնին, Ֆրանսերէնին, եւ Հայերէնին: Անոր լեզուագիտութեան մէկ փաստը կը տեսնուի իր լուսանկարին ետեւը, որ նուիրուած էր իր կնոջ՝ Թագուհիի (Խամսեան) հետեւեալ տողով. «Սէվկիւլիւ Թագուզումա սուվընիր. Ստեփան Էքշեան»:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Թատերական Դէմքեր», Նշան Պէշիկթաշլեան, Հրտրկ. Գէորգ Մելիտինեցի Գրական մրցանակի թիւ 4, էջ 51-59։
- ↑ 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
- ↑ 2,00 2,01 2,02 2,03 2,04 2,05 2,06 2,07 2,08 2,09 2,10 2,11 Ով ով է. հայեր / խմբ. Հ. Այվազյան — Երևան: Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2005. — հատոր 1. — է. 411.