Սոֆի Արէշեան-Օհանջանեան (Ռուբինա)
Սոֆի Արէշեան-Օհանջանեան | |
---|---|
Ծնած է | 1881 |
Ծննդավայր | Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն |
Մահացած է | 21 Ապրիլ 1971 |
Մահուան վայր | Մոնրէալ, Քեպեք, Քանատա |
Մասնագիտութիւն | Յեղափոխական |
Սոֆի Արէշեան-Օհանջանեան (Ռուբինա) (1881, Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն - 21 Ապրիլ 1971, Մոնրէալ, Քեպեք, Քանատա), յեղափոխական գործիչ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սոֆի Արէշեան, յեղափոխական անունով Ռուբինա, ծնած է Թիֆլիսի գեղատեսիլ արուարձանի մը մէջ, 1881-ին։ Մեծ հայրն ու եղբայրը ռուսական բանակի բարձրաստիճան սպաներ ըլլալով, Արէշեանները օտար շրջանակներու հետ շփման մէջ էին եւ ռուսախօս էին։ Մինչեւ 18 տարեկան հայերէն գրել, կարդալ կամ խօսիլ չէր գիտէր։ 1900-ին Թիֆլիսի գիմնազիան աւարտեց եւ յաջորդ տարին սկսաւ պաշտօնավարել Պաքուի Գոլ Գրեստա Հոբթենթ անունով դպրոցին մէջ։ Ան կը բնակէր քրոջ քով, որու ճարտարագէտ ամուսինը՝ երկրաչափ Խիզանեան, Իւան Պալախանի ընկերութեան մէջ կ՚աշխատէր։
1890ական թուականներուն Պաքուն իր յեղափոխական ու ազգային մթնոլորտով խոր տպաւորութիւն գործեց Սոֆի Արէշեանի վրայ։ Յատկապէս իրենց դրացի Մարտիրոս Մարգարեանի (Սաֆօ) հետ ունեցած բարեկամութիւնը նոր հորիզոններ բացաւ գաղափարական հայուհիին համար եւ ան մեծ խանդավառութեամբ հասարակական գործունէութեան ձեռնարկեց։ Բժիշկ Զաւրիեւի ազգականուհի տիկին Ամուշկովայի օժանդակութեամբ, Իւան Պաթախանի Ընկերութեան բանուորներուն համար գիշերային դասընթացքներ կազմակերպեց եւ հայերէնի դասաւանդութեան համար հրաւիրեց Ռոստոմը։ 1903-ին Դաշնակցութեան Ռայոնական Ժողովը գումարեցաւ Նիկոլ Դումանի բնակարանին մէջ։ Նոյն շէնքին մէջ կը բնակէր Սոֆի Արէշեան, իր քրոջը եւ ամուսինին հետ։ Ահա այդ օրերուն էր, որ սկսաւ ծրագրուիլ այն մեծ գործողութիւնը, որ խանդավառ երիտասարդուհիին կեանքը պիտի յեղաշրջէր։ 1895-1896-ին հայութեան ապրած սարսափներէն ետք, Քրիստափոր որոշեց քաղաքական մեծ ահաբեկում մը կազմակերպել Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ին դէմ։ Սոֆի Արէշեան իրենց դրացի Սաֆոյի միջոցով իմացաւ ծրագրուած մահափորձի մասին եւ անմիջապէս խնդրեց Քրիստափոր Միքայէլեանին ներկայանալ։ Հոգիներու մեծ վարպետը չափեց երիտասարդուհիին զոհաբերութեան պատրաստակամութիւնը, «սուրբ գործին» մասնակցելու վճռակամութիւնը եւ համաձայնութիւնը յայտնեց։ Քանի մը ամիս ետք, հասաւ Քրիստափորի ազդանշան հեռագիրը եւ Սոֆի Արէշեան անմիջապէս ճամբայ ելաւ։
Քրիստափոր եւ Սոֆի կը մեկնին Պուլկարիա, որպէսզի ռումբերու գործ սկսին կատարել։ 20 Մարտ 1905-ին Ռուբինա ներկայ էր Վիտոշ լերան լանջին վրայ, երբ Քրիստափոր փորձի ժամանակ կը մահանայ։ Քրիստափորի եւ Վռամշապուհ Քենտիրեանի թաղումէն ետք, Ռուբինա իր ընկերներուն թելադրանքով երկու ամիս կը մնայ Ժընեւ եւ կը շարունակէ խորհրդակցիլ իր ընկերներուն հետ մահափորձի ծրագրին մասին։ Ան Սարգիս Բարսեղեանի հետ Վիեննա կ'երթայ եւ այնտեղէն կը մեկնի Պոլիս։ Մահափորձի համար ժողովի ընթացքին, ընկերները կը վկայեն, թէ ան բազմաթիւ անգամ ժողովէն կը խնդրէ, որ ինքը նստի կառքին մէջ, որովհետեւ համոզուած էր թէ Վիտոշի լանջին իր կեանքը խնայուած էր, որպէսզի Սուլթանին ահաբեկման ծրագիրը իր լրումին հասցնէր։ Դժբախտաբար, 21 Յուլիս 1905-ի մահափորձը կը ձախողի եւ այդ երկրորդ ծանր հարուածը կ՚ըլլայ 25-ամեայ Ռուբինային համար։ Ջղային տագնապ կ՚ունենայ եւ ժամանակ մը կը մնայ Ժընեւ, որպէսզի հանգստանայ։
Տարի մը ետք, ան կը վերադառնայ Թիֆլիս։ Ճամբորդութեան ընթացքին կը հանդիպի Թալէաթ փաշային (որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պիտի ծրագրէր), որ ձեռքը համբուրելով կ՚ըսէ «Օրիորդ, դուք մեզի օրինակ ծառայեցիք ձեր քաջութեամբ եւ ցոյց տուիք ճամբան, զորս պէտք է որ առնենք։ Շնորհակալութիւն»։ Թիֆլիսի մէջ յաճախ իր մօտ ժողովի համար կը հաւաքուէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ՝ Սիմոն Զաւարեան, Արմէն Գարօ եւ բժիշկներ Դաւթեան եւ Օհանջանեան։
1908-ին Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Էտկար Ակնունիի հրաւէրին ընդառաջելով, Ռուբինա եւ Սաթենիկ Օհանջանեան Պոլիս կ'երթան եւ կը սկսին գործել Բերայի «Աշխատանքի Տուն»-ին համար։ Երբ որ լուր կ'առնէ թէ Համօն ձերբակալուած է Թիֆլիսի մէջ, կ'որոշէ Կովկաս վերադառնալ, թէեւ ինքն ալ կը փնտռուէր ցարական կառավարութեան կողմէ։ Համօն Թիֆլիսէն Նովոչերկասկ կը փոխադրուի։ Շատ չանցած հոն կը փոխադրուին նաեւ Հայր Աբրահամ, Աւետիս Ահարոնեան, Յ. Արղութեան, Ա. Գիւլխանդանեան, Գարեգին Խաժակ եւ ուրիշներ։ Ռուբինա քաղաքէ քաղաք կը հետեւի բանտարկեալներուն եւ ամէն ձեւով անոնց կ'օժանդակէ, նոյնիսկ կը յաջողի բարեակացամ վերաբերում ստեղծել բանտի վարչութեան եւ բանտարկեալներուն միջեւ։ Ան յաճակ կ՚այցելէր բանտարկեալները։ Սակայն կասկածանքի տեղի տալով, իր կարգին կը ձերբակալուի ու բանտ կը նետուի։ Ռուբինայի եղբայրը՝ Միշան (յետագային Զօրավար Արէշեան), որ մասնակցած էր Ռուս-Ճափոնական պատերազմին, կը յաջողի քոյրը ազատել, պայմանաւ որ ան այլեւս Կովկաս, Մոսկուա, եւ Պետերբուրգ ոտք չկոխէր։
Ռուբինա կ'ուզէ բժշկութեան հետեւիլ։ Հակառակ փախստական ըլլալուն եւ կանոնաւոր թուղթեր չունենալուն, բժշկական համալսարանի գլխաւոր դասախօսը իր մասին լսած ըլլալով, կ'որոշէ Ռուբինան ընդունիլ եւ ան յաջողութեամբ կ'աւարտէ իր դասընթացքները։
1912-ին Ցարական կառավարության կողմէ դաշնակցական գործիչներուն, որոնց կարգին նաև իր սիրելիի՝ ՀՀ ապագա վարչապետ, բժիշկ Համօ Օհանջանեանի ձերբակալման լուրը լսելով՝ վերջինիս օգնելու նպատակով կը մեկնի Կովկաս։ Ձերբակալութենէն ետք Օհանջանեանին կեղծ մեղադրանքով կ'աքսորեն Սիպիր («Դաշնակցութեան դատավարութեան» գործով), Ռուբինան Սիպիր տանող ճամբուն վրայ կը միանայ իրեն։ Ռուբինան և Համօ Օհանջանեանը աքսորավայրին մէջ, Իրքուցքի մօտ՝ կ'ամուսնանան։
Իրարմէ անբաժան Ռուբինան եւ Համօն աքսորավայրին մէջ կը մատուցեն բժշկական ծառայութիւններ։ Այդ նոյն շրջանը աքսորուած էին նաեւ մեծ թիւով ռուս յեղափոխականներ։ Ռուբինա կը վկայէ թէ անոնց մէջ էր նաեւ Ստալինը։
1917-ին Օհանջանեանները Թիֆլիս կը վերադարնան եւ անմիջապէս կը ձեռնարկեն ռազմաճակատի հիւանդանոցները երթալ եւ խնամատարութեան գործ տանիլ։ Անոնք Վանի ապստամբութեան եւ ռուսական բանակներուն մուտքով նոր ազատագրուած Վասպուրականի հայութեան բժշկութեան կարիքներուն ալ կը հասնին։
1920 թուականի Մայիսին Համօ Օհանջանեանը կը դառնայ Հայաստանի առաջին Հանրապետության երրորդ վարչապետը։ Այդ ժամանակաշրջանին Օհանջանեանները կը բնակէին Հայաստանի Հանրապետության հիմնադիր Արամ Մանուկեանի տան մէջ (այժմ՝ Արամի փողոց 9)։
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան եւ անկումի օրերուն, Ռուբինա իր ամուսինին կողքին էր անոր վարչապետութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ տարագրութեան ճանապարհին։ Հայաստանի անկախութեան օրերուն էր, որ ծնաւ անոնց միակ զաւակը՝ Վիգէնը։ Ի վերջոյ Օհանջանեանները Գահիրէ կը հաստատուին։
28 Մայիս 1928-ին Գահիրէի մէջ հիմնուեցաւ Համազգային Կրթական եւ Հրատարակչական Ընկերակցութիւնը։ Ռուբինա իր շուրջ հաւաքեց օրիորդներ եւ տիկիններ, հանգանակութիւն եւ հասութաբեր ձեռնարկներ կազմակերպեց եւ եկամուտը յատկացուց Պէյրութի Համազգայինի Ճեմարանին։ Մօտ երկու տասնամեակ Ճեմարանին նիւթական օժանդակութիւնը շարունակեց, մինչեւ որ կրթական հաստատութիւնը անկախ դարձաւ Փալանճեան կտակին շնորհիւ։
1960-ական թուականներուն Ռուբինա իր քրոջ, զաւկին եւ հարսին հետ Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքը հաստատուեցաւ եւ հոն ալ աչքերը փակեց խոր ծերութեան մէջ, 21 Ապրիլ 1971-ին։
Շքանշաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1968ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. Կաթողիկոսը Կիլիկիոյ Իշխանուհիի շքանշանով պատուեց Ռուբինա Օհանջանեանը։ Արժանաւոր հայուհին Վեհափառի գովքին պատասխանեց ամենայն համեստութեամբ. «Ես ի՞նչ եմ առել որ…»։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Կնոջ Դերը Հայ Յեղափոխական Շարժման մէջ, Սոնա Զէյթլեան
- - Ազդակ Օրաթերթի Յօդուած