Jump to content

Սարգիս Արարատեան

Սարգիս Արարատեան
Ծնած է 1 Հոկտեմբեր 1886(1886-10-01)
Ծննդավայր Շաքի (քաղաք), Ելիզավետպոլ Նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 1943
Մահուան վայր Պուխարեստ, Ռումանիա
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն և  Հայաստան
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Ուսումնավայր Ժընեւի համալսարան
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ և քիմիկոս
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Արարատեան Սարգիս (1 Հոկտեմբեր 1886(1886-10-01), Շաքի (քաղաք), Ելիզավետպոլ Նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 1943, Պուխարեստ, Ռումանիա), յայտնի հասարակական գործիչ եւ քիմիագէտ:

Ծնած է Նուխի (Կովկաս), 1 Հոկտեմբեր 1884-ին, իր նախնական ուսումը ստացած է նախ տեղւոյն հայոց ծխական վարժարանը, ապա ռուսական քաղաքային դպրոցը: Իր քննութիւնը տուած է սպայից վարժարան մտնելու համար Թիֆլիսի պետական կիմնազիոնին մէջ ու ապա Ներսիսեան վարժարանին մէջ տուած՝ աւարտականի քննութիւն: Անցած է Ժընեւ եւ աւարտելով բնական գիտութեանց համալսարանը, վկայուած է իբր գիտութեանց տոքթոր՝ մասնագիտութիւն ունենալով քիմիագիտութիւնը:

Պաշտօնավարած է նաւթային ընկերութեանց մօտ իբր տնօրէն եւ նաւթի արդիւնաբերական ընկերութեանց խորհուրդի կողմէ նշանակուած է ներկայացուցիչ, իբր քիմիագէտ, պետական թեքնիք ընկերութեան մօտ:

1903 թուականին յարած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ եկեղեցական կալուածներու գրաւման ընթացքին անդամակցած է Նուխիի շրջանի բողոք կազմակերպող յանձնախումբին: Հայ-Թաթարական կռիւներուն ատեն նոյն շրջանը կազմակերպուած ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ ստանձնած է ղեկավարի դերը:

Ընդհ. Պատերազմի ընթացքին մասնակցած է կամաւորական շարժման ղեկավարութեան, նախ իբր Կեդր. Յանձնաժողովի ներկայացուցիչ Քեռիի բանակին ու Վան արշաւող Արարատեան բանակին մէջ՝ կեդրոնական շտապի անդամ: Այս բանակին հետ մտած է Վան: Վանի նահանջէն յետոյ ռուս կառավարութեան կողմէ, իբր մասնագէտ հրաւիրուած է Պաքուի ռազմա-արդիւնաբերական կոմիտէին բացած պատերազմական քիմիական արտադրութեանց գործարանի փոխ տնօրէն եւ քիմիական բաժնի տնօրէն: Այս գործարանը Անդրոկովկասի մէջ առաջին տեղը կը գրաւէր:

1917-ի ռուսական յեղափոխութեան ընթացքին եւ անկէ յետոյ ունեցած է ամէնալայն ակտիւ գործունէութիւնը հայ զանգուածներու եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան կազմակերպութեան գործին մէջ՝ Պաքուի շրջանը: Պաքուի հերոսամարտին՝ Ռոստոմի եւ Ա. Գիւլխանտանեանի հետ ղեկավարած է ինքնապաշտպանութեան շարժումը:

Պաքուի ճակատագրական օրերուն, իբր Պաքուի Ազգ. Խորհուրդի անդամ վարած է անգլիական բանակը Պաքու հրաւիրելու գործը եւ Պարսկաստան երթալով յաջողած է զօր. Տանթէրվէլի բանակը Պաքու բերել 3 Օգոստոս 1918-ին, որուն շնորհիւ Պաքուն կրցաւ իր ինքնապաշտպանութիւնը շարունակել մինչեւ 15 Սեպտեմբեր:

Եղած է լիազօր ներկայացուցիչ Պաքուի Ազգ. Խորհուրդին՝ Թեհրանի մէջ, պարսիկ կառավարութեան եւ դաշնակից կառավարութեանց դեսպանատուներուն մօտ: Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ,1919-ին նշանակուած է Պարսկաստանի առաջին հայ դեսպան, բայց մերժելով վերադարձած է Հայաստան:

Հայաստանի մէջ յաջորդաբար ստանձնած է ելեւմտական, առեւտրա-արդիւնաբերական, պարենաւորման եւ վերջին ճակատագրական շրջանին՝ ներքին գործերու նախարարութիւնները:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն յետոյ անցած է Պոլիս, Փարիզ, Լոնտոն, կրկին Պոլիս եւ անկէ 1922-ին Պուքրէշ, ուր զբաղած է իր մասնագիտութեամբ:

Արարատեան հանրային գործերու մէջ մասնակցած է ազգ. համագումարներու եւ աչքի զարնող ազգ. Եւ կուսակցական բոլոր ձեռնարկներուն: Ռումանիոյ մէջ զանազան բեմերէ կատարած է բազմաթիւ բանախօսութիւններ հասարակական ու քաղաքական նիւթերու շուրջ՝ խուռն բազմութեանց առաջ:

Գրական մարզի մէջ Արարատեան աշխատակցած է «Ազատամարտ»ին, «Հորիզոն»ին, խմբագրած է Թաւրիզի «Առաւօտ»ը, Եւրոպայի Հայ Ուսանողական Միութեան օրկան «Ուսանող» պարբերականը, Պաքուի «Արեւ»ը: Աշխատակցած է նաեւ արտասահմանեան զանազան պարբերաթերթներու: