Սապիհա Կէօքչէն
Սապիհա Կէօքչէն թրք.՝ Sabiha Gökçen | |
---|---|
| |
Ծնած է | 22 Մարտ 1913[1] |
Ծննդավայր | Պուրսա, Հիւտավենտիկեր նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] |
Մահացած է | 22 Մարտ 2001[2] (88 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Անգարա, Թուրքիա[1] |
Քաղաքացիութիւն |
Թուրքիա Մոնթենեկրօ |
Ուսումնավայր | Սկիւտարի ամերիկեան կաճառ |
Մասնագիտութիւն | օդաչու, զինուորական |
Ծնողներ | հայր՝ Աթաթիւրք |
Սապիհա Կէօքչէն (թրք.՝ Sabiha Gökçen, 22 Մարտ 1913[1], Պուրսա, Հիւտավենտիկեր նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 22 Մարտ 2001[2], Անգարա, Թուրքիա[1]), Թուրքիոյ առաջին կին-օդաչուն, որ 23 տարեկանին առաջին անգամ թռիչք կատարած է[3]։ Ան կը համարուի նաեւ Թուրքիոյ առաջին կին-ռազմական օդաչուն[4]։ Սապիհա Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի որդեգրած ութ զաւակներէն մէկն է (ինքնութեամբ հայ՝ Խաթուն Սեպիլճեան)։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սապիհա Կէօքչէն ծնած է 22 Մարտ 1913-ին Պուրսա:
Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, ինչպէս բազմաթիւ հայ մանուկներ, կը դառնայ որբ:
1925-ին Պուրսա ժամանած Քեմալ Աթաթուրք, որ կը սիրէր բարեգործական հաստատութիւններ այցելել եւ զրուցել խեղճերուն ու դժբախտներուն հետ, լսելով փոքրիկ Սապիհային տխուր պատմութիւնը` որդեգրելով զինք կը տանի Անգարա։
Փոքրիկ Կէօքչէն կ'ապրի շքեղ պալատի մը մէջ՝ Աթաթուրքի որդեգրած միւս զաւակներուն հետ (8 հոգեզաւակ)։
Աթաթուրքի համար ոչ մէկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր, թէ իր որդեգրած զաւակները ի՛նչ ազգութեան կը պատկանէին կամ թէ անոնց երակներուն մէջ ի՛նչ արիւն կը հոսէր, կարեւորը այն էր, որ անոնք կը դաստիարակուէին թրքական ոգիով։ Քեմալի համար թուրք կը համարուէին բոլոր անոնք, որոնք կը սիրէին Թուրքիան եւ կ'աշխատէին անոր բարօրութեան ու բարգաւաճման համար։
1934-ին, Թուրքիոյ մէջ, մականուններ ունենալու օրէնք մը կը սահմանուի եւ Քեմալ իր երկնագոյն աչքերով հոգեզաւակը կը կնքէ Կէօքչէն (թրքերէն՝ երկնային) մականունով:
Հետագային, Քեմալ Աթաթուրքի կամքով՝ Սապիհա ռազմօդային կրթութիւն կը ստանայ։
1937-ի ալեւի զազա քիւրտեր Տերսիմի («Ծոփաց Աշխարհ», որ այժմ կը կոչուի «Թունճելի») մէջ, Սէյիտ Ռըզայի առաջնորդութեամբ, կ'ըմբոստանան: Մուսթաֆա Քեմալ ոչ միայն սպանդ կը կազմակերպէ, այլեւ կ'աւերէ շրջանը եւ կը տեղահանէ բնակչութիւնը: Ռմբակոծումներուն կը մասնակցի տխրահռչակ թրքացուած օդաչուհի Սապիհա Կէօքչէն[5][6]:
Գաղտնիքի Բացայայատում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
17 Յուլիս 1915-ին, Թալէաթ Փաշայի ծրագրած հայկական տարագրութեան հերթը կը հասնի Այնթապ։ Ճիպին գիւղի բնակիչ Սէպիլճեան ընտանիքն ալ շուրջ 1500 հոգիէ բաղկացող կարաւանի մը հետ կ'ուղղուի Հալէպ։ Այնթապը այս ճամբորդութեան առաջին կայանը կը հանդիսանայ, ուր ընտանիքին մայրը կը համակերպի «չորս երեխայով չես կրնար աւարտել այս ճամբան, աղջիկները հոս ձգէ» առաջարկին։ Վերջինս վեցամեայ Տիրուհին եւ երկու տարեկան Խաթունը կը յանձնէ Ամերիկեան Կեդրոնական Քոլէճին որբանոցին։ Կարաւանը Ճիպինի երէց Տէր Ներսէս Քահանայ Պապաեանին առաջնորդութեամբ կը շարունակէ իր երթը դէպի Սուրիոյ հարաւը։ Բազում չարչարանքներէ ետք, 30 Հոկտեմբեր 1918-ի զինադադարէն ետք, դարձեալ Տէր Ներսէսի առաջնորդութեամբ, կարաւանը կը վերադառնայ Այնթապ։ Մարիամ Սէպիլճեան, անմիջապէս կը դիմէ Ամերիկեան որբանոց, որուն պատասխանատուներէն կը լսէ, թէ Խաթունը փախցըւած է եւ ի դէմ իրենց բոլոր դիմումներուն, կարելի չէ եղած զինք ետ բերել։ Միայն լսած են, որ այդ որբուկը պահ դրուած է Մուսթաֆա Քեմալ Փաշային կողմէ։
Կիլիկիոյ հայութեան ճակատագրական թուականին, երբ Դեկտեմբերին 1921-ին ֆրանսացիներ Անգարայի կառավարութեան հետ համաձայնելով ամբողջ Կիլիկիան, ներառեալ Այնթապը կը ձգեն թուրքերուն, հայերը անգամ մը եւս կը հարկադրուին Սուրիոյ ճամբան բռնել։ Մէկ անհատը պակսած Սէպիլճեան ընտանիքն ալ կը հաստատուի Հալէպի Տաուտիէ, կամ այժմու անունով՝ Էշրէֆիէ թաղամասը։ Ընտանիքին հայրը՝ Ներսէս, կը մահանայ հինգ տարի ետք։ Մարիամ երկրորդ ամուսնութիւն մը կը կնքէ Քարա Քարայեանի հետ։ Այս ամուսնութենէն ալ որդի մը կ'ունենայ։ Մարիամ 1947-ին կը մահանայ Խաթունի կարօտը սիրտին։
Մարիամի դուստրը՝ Տիրուհի, 1946-ին կ'ամուսնանայ Սահակ Տէր-Ղազարեանին հետ եւ կը ներգաղթէ Հայաստան։ Նոյն տարի ծնող առաջին աղջիկը կը կոչէ Հռիփսիմէ։ 1948-ին երկրորդ աղջիկ մը կ'ունենայ, որուն կու տայ քրոջը անունը՝ Խաթուն։ Աւելի ուշ երկու որդիներ ալ կ'ունենայ։
Մարիամին Հալէպ ապրող եղբօրորդին՝ Աբրահամ Կարապետեան, 1955-ին կը յաջողի Խաթունին հետ կապ հաստատել։ Անգարա կու գայ, կը տեսակցի եւ կը նկարուին միասին։ Խաթուն հսկայ գումար մը կը նուիրէ անոր։ Աբրահամ այդ գումարին հետ կը բերէ նաեւ գաղտնիք մը։ Գաղտնիք մը, որ կարճ ժամանակ մը ետք կը պարզուի, թէ Խաթուն Աթաթուրքին հոգեզաւակ Սապիհա Կէօքչէնը եղած է[7]։
Հետագային, երբ Հրանդ Տինք կը բացայայտէ Սապիհա Կէօքչէնի հայ արմատներ ունենալը, Պոլսոյ նահանգապետը կ'ազդարարէ Տինքը, որպէսզի դադրի այս տեսակ վնասակար յայտարարութիւններ կատարելէ: Ծայրայեղական թուրքեր այս բացայայտումը կը նկատեն նախատինք Աթաթուրքին, Սապիհային, որ տիպար թուրք հերոս կին մըն էր, ինչպէս նաեւ` նախատինք բոլոր թուրքերուն: Հայորդին կը մնայ անդրդուելի: Կարճ ժամանակ մը ետք մութ ձեռքեր կը սպաննեն Հրանդ Տինքը[8]:
Սապիհայի անուան միջազգային օդակայանը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սապիհա Կէօքչէնի անունով կառուցուած է Պոլսոյ միջազգային օդակայանը՝ 8 Յունուար, 2001-ին:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 Deutsche Nationalbibliothek Record #119457695 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ Sabiha Gokcen biography, Hargrave Pioneers of Aviation
- ↑ Sabiha Gökçen's biography Archived 2012-08-16 at the Wayback Machine., USAF Air Command and Staff College
- ↑ Տերսիմի ռմբակոծում
- ↑ Աթաթուրքի հրահանգը
- ↑ Սապիհա՝ Խաթուն Սեպիլճեան
- ↑ Հրանդ Տինքի բացայայտումը