Ջրպետ Յակոբ Շահան


Ծնած է 16 Փետրուար 1772
Ծննդավայր Եդեսիա
Մահացած է 5 Դեկտեմբեր 1837
Մահուան վայր Թիֆլիս, Վրացական նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Մասնագիտութիւն Լեզուաբան
Աշխատավայր Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկ
Վարած պաշտօններ Արեւելեան լեզուներու Հայկական Բաժանմունքի Ամպիոն

Ջրպետ Յակոբ Շահան (Ջրպետեան, ֆրանսերէն՝ Jacques Chahan de Cirbied, 16 Փետրուար 1772, Եդեսիա[1] - 5 Դեկտեմբեր 1837, Թիֆլիս[2][3]), հայ մատենագիր, քերական:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Եդեսիոյ մէջ։ 1787-ին կը մեկնի Կիլիկիա, Ասորիք, ապա՝ Երուսաղէմ:

1789-ին կ'անցնի Հռոմ, ապա՝ Ֆլորանս, Լիվոռնօ, ու կը հաստատուի Ճենովա[3]:

Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1798-ին կը մեկնի Ֆրանսա, ուր կը ծանօթանայ Նափոլէոն Պոնափարթի հետ: Պոնափարթի հրաւէրով ան բնակութիւն կը հաստատէ Ֆրանսայի մէջ եւ աշխատանքի կը հրաւիրուի Փարիզի արքունիքի մատենադարանէն ներս: Նոյն տարին Փարիզի Արեւելեան կենդանի լեզուներու բարձրագոյն դպրոցէն ներս հայոց լեզուի ամպիոն մը կը հիմնէ[1]:

1799-1801-ին հայոց լեզու կը դասաւանդէ, 1811-26-ին վերջնականապէս կը հաստատէ հայերէնի եւ հայագիտական առարկաներու դասաւանդումը նոյն դպրոցէն ներս[3]:

1826-ին կը հրաւիրուի Թիֆլիս, կը դասաւանդէ Ներսիսեան, ապա՝ իր հիմնած մասնաւոր դպրոցներէն ներս[3]:

Ան կը մասնակցի հայ եկեղեցւոյ համար մշակուած կանոնակարգի՝ «Փոլոժենիէ»ի (1836) ստեղծման աշխատանքներուն[2]:

Կը մահանայ Թիֆլիս, 5 Դեկտեմբեր 1837-ին:

Երկեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • 1812-ին՝ Փարիզ, ֆրանսերէնով ու հայերէնով, ծանօթագրութիւններով լոյս կ'ընծայէ Մատթէոս Ուռհայեցիի «Պատմութիւն»էն երկու հատուած,
  • 1824-ին՝ յունարէն, գրաբար եւ ֆրանսերէն լեզուներով «Քերականութիւն Դիոնէսիոսի Թրակացւոյ...» աշխատութիւնը,
  • 1829-ին՝ Ներսէս Շնորհալիի «Ողբ Եդեսիոյ» բանաստեղծութիւնը,
  • 1823, ֆրանսերէն վերնագիրը՝ «Հայոց լեզուի քերականութիւն» դասագիրքը (գրած է Արեւելեան կենդանի լեզուներու դպրոցին մէջ հայոց լեզուի ուսուցման համար)[3]:

Ան որոշակի դեր կը կատարէ Եւրոպայի մէջ հայոց լեզուն ուսումնասիրելու եւ հայագիտութիւնը բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն ներս, որպէս առանձին գիտական առարկայ, դասաւանդելու գործին մէջ[2]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Աղայեան, Է., Բ., Հայ Լեզուաբանութեան Պատմութիւն, Ա. հատոր, Ե., 1958:
  • Ջահուկեան Գ. Բ., Գրաբարի Պատմութիւն (17-19 դարեր), Ե., 1974: