Jump to content

Չինական Նոր Տարին

Չինական Նոր Տարին, 1911-էն սկսեալ, բառացիօրէն կը թարգմանուի Գարնան տօն (չինարեն հեշտ. 春节 , պինին: chūnjié, պալլ.: չունցզէ):

Չինաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ ասիական երկիրներու մէջ: Չինական նոր տարին չիներուն ամէնէն կարեւոր տօնն է, եւ անիկա կը տօնուի աշխարհին շուրջ չինական գաղութներուն կողմէ: Ան կը կոչուի նաեւ Լուսնային նոր տարի կամ գարնան տօնը եւ կը սկսի տարուան ամէնէն կարճ օրուան հետեւող երկրորդ նոր լուսինին հետ:

Չինական Նոր տարին իւրայատուկ է, որովհետեւ անոր տօնակատարութիւնները կը տեւեն մօտաւորապէս տասնհինգ օր, Յունուարի եւ Փետրուարի միջեւ, եւ վերջ կը գտնեն լապտերներու տօնով:

Իւրաքանչիւր տարի կապուած է յատուկ անասունի մը հետ: Անոնք ընդամէնը տասներկու հատ են եւ կարգով իրարու կը հետեւին` առնետը, կովը, վագրը, նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, այծը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը[1]:

Այս տօնին առիթով ընտանիքի բոլոր անդամները կը հաւաքուին: Անոնք երբեմն երկար ճամբայ կը կտրեն երկիրին մէջ, նոյնիսկ տարբեր երկիրներէ տուն կը վերադառնան:

Այս տօնին ճամբաները եւ տուները կարմիրով կը զարդարուին չիներուն համար կարմիր գոյնը երջանկութեան եւ բախտի նշան է:

Սովորութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախատօնակին ընտանիքները կը հաւաքուին ճոխ սեղանի մը շուրջ եւ կը փորձեն մինչեւ ուշ գիշեր արթուն մնալ: Այդ գիշեր անոնք նուիրատուութիւններ կ'ընեն իրենց պապերուն, որպէսզի անոնք հսկեն ընտանիքին վրայ: Մանուկները կը ստանան դրամ պարունակող փոքրիկ կարմիր պահարաններ` իրենց մաղթելու համար հարստութիւն եւ յաջողութիւն ամբողջ տարուան ընթացքին:

Կէս գիշերին մարդիկ իրարու նոր տարին կը շնորհաւորեն պայթուցիկներու եւ հրախաղերու ձայներուն մէջ: Բոլոր այս ձայները եւ գոյները կը ծառայեն նաեւ հեռացնելու չար ոգիները: Այս օրը տեղի կ'ունենան նաեւ բազմաթիւ տողանցքներ հսկայ վիշապներով եւ առիւծներով, որոնք կը պարեն թմբուկներու կշռոյթերուն հետ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]