Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/07-2023

Քարէն Եփփէ (դան․՝ Karen Jeppe, ), դանիացի միսիոնար եւ ընկերային ծառայող:

Մինչեւ մահը նուիրուած է Ցեղասպանութենէն փրկուած հայ գաղթականներու օգնութեան գործին: Փրկուած հայերէն շատերը պահած է իր տան նկուղին մէջ: Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք մեկնած է Հալէպ` իրեն հետ տանելով թրքական կոտորածներէն խոյս տուած բազմաթիւ հայեր

Քարէն Եփփէ եզակի անուն մըն է 1895-ի Համիտեան ջարդերուն ընթացքին, այնուհետեւ գաղութներու մէջ հայ ժողովուրդին վերականգնման ճիգին իրենց նպաստը բերած օտար մարդասէրներու եւ նուիրեալներու հոյլին մաս կազմողներէն մին։

Ծնած է 1876-ին, Դանիոյ Կայլինկ քաղաքը, պետական ուսուցիչի մը ընտանիքին մէջ։ Երեք քոյրերուն անդրանիկն է։ Ծննդավայրին դպրոցը աւարտելէ ետք, հօր առաջարկով գացած է Քոփենհակն՝ բժշկութիւն ուսանելու համար, սակայն Քարէն կը նախընտրէ ուսողութեան ճիւղը: Գերմանիայէն վերադառնալէ ետք ծնողքը զինք կ'ուղարկեն Քոփենհակընի գիշերօթիկ  դպրոցներէն մէկը: Գիշեր մը դպրոցին տնօրէնը, բարձրաձայն կը կարդայ թերթերէն մէկուն մէջ Գերմանական արեւելեան առաքելութեան դանիացի միսիոնար Օժէ Մեյըր Պենետիքթսընի գրած յօդուածը, որ ականատեսի աչքերով կը պատմէր 1896-ի հայերու դէմ  համիտեան ջարդերուն մասին: Այդ օրերուն լուրեր կը հաղորդուին հայկական  ջարդերու մասին ամէն կողմ, եւ հայ որբեր պատսպարող եւրոպացի եւ ամերիկացի միսիոնարները մամուլի միջոցով իրենց քաղաքացիներուն խիղճը կ'արթնցնեն․․․ Աւելին