Ուատիի Սաատէ
Ուատիի Սաատէ արաբերէն՝ وديع سعادة | |
---|---|
Ծնած է | 1948 |
Ծննդավայր | Շապթին, Հիւսիսային Լիբանան, Լիբանան[1] |
Քաղաքացիութիւն | Լիբանան |
Մասնագիտութիւն | լրագրող, բանաստեղծ, գրագէտ |
Ուատիի Սաատէ (արաբերէն՝ وديع سعادة1948, Շապթին, Հիւսիսային Լիբանան, Լիբանան[1]), լիբանանցի բանաստեղծ եւ լրագրող։
Կեանք եւ գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է հիւսիսային Լիբանանի Պաթրուն քաղաքի Շապթին գիւղը[2]: 1973-ին, հրատարակելէ ետք «Գիշերը եղբայրներ չունի» խորագրեալ քերթողագիրքը, կը գաղթէ Աւստրալիա, ուր կ'աշխատի իբրեւ բանուոր:
1980-ական թուականներուն սկիզբը կը վերադառնայ Պէյրութ եւ մաս կը կազմէ «Նահար» թերթի խմբագրութեան: Տասնամեակ մը ետք կը մեկնի Աւստրալիա:
Անոր ստեղծագործութիւններէն մի քանին թարգմանուած են գերմաներէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի, սպաներէնի եւ իտալերէնի։
Աշխատութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քերթողագիրքեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուատիհ Սաատէ հրատարակած է` «Գիշերը եղբայրներ չունի», «Ջուրերը, ջուրերը», «Մարդ մը գործածուած օդին մէջ, կը նստի եւ կը մտածէ կենդանիներու մասին», «Աթոռը ուղեւորի մը, որ հանրաշարժէն վար իջաւ», «Հաւանաբար ամպի մը պատճառով», «Փորձ` երկու ափեր ձայնով միացնելու», «Օդին կարկտնումը» եւ «Ուատիհ Սաատէի կեանքին մէկ ուրիշ համադրումը» խորագրեալ քերթողագիրքերը:
Սաատէի քերթուածները ծնունդն են իր հոգեկան տառապանքին: Ան կը բացայայտէ իր ցաւատանջ վիճակը զօրեղ պոռթկումով մը, որ կը ժայթքէ իր ներաշխարհի հրաբորբոք ակունքներէն: Իր անձին մէջ ան կ'եղերերգէ համամարդկային վիշտը, որ յաւիտենապէս դառն է եւ անամոք, ինչպէս` կեանքի եւ մահուան միջեւ մղուող պայքարը: Իր քնարաշունչ լաւագոյն գործը կարելի է համարել այն քերթուածաշարը, որ կը կոչուի` «Գիշերը եղբայրներ չունի…»:
Արդարեւ, «Մայրիներուն ծիածանը» խորագրեալ հատորը իր յղացքով եւ բովանդակութեամբ գնահատելի իրագործում մըն է, որուն միջոցով լիբանանահայ ընթերցողները կը ծանօթանան լիբանանցի եօթը արդի բանաստեղծներու գրական գործերուն եւ անոնց համապատասխան լեզուամտածողութեան, գրելակերպին եւ գեղարուեստական ըմբռնումներուն[3]:
Արձակ գործերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրած է նաեւ «Բացակայութեան գրութիւնը» եւ «Հովին ձերբակալումը» խորագրեալ արձակ գործերը:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 Արաբերեն Վիքիպեդիա — 2003.
- ↑ «وديع سعادة (Author of من أخذ النظرة التي تركتها أمام الباب؟)»։ web.archive.org (արաբերէն)։ 2017-07-25։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-07-25-ին։ արտագրուած է՝ 2022-03-21
- ↑ ««ՄԱՅՐԻՆԵՐՈՒՆ ԾԻԱԾԱՆԸ». ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՐԴԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ ԿԱԶՄԵՑ, ԹԱՐԳՄԱՆԵՑ, ՅԱՌԱՋԱԲԱՆԸ ԵՒ ՆԵՐԱԾԱԿԱՆՆԵՐԸ ԳՐԵՑ` ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ - Aztag Daily»։ archive.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-20