Jump to content

Նուարդ Մատոյեան Տարագճեան

Նուարդ Մատոյեան Տարագճեան
Ծննդավայր Սուրիա
Քաղաքացիութիւն Սուրիացի
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Աշխատավայր Պատմաբան, կրթական մշակ, դասախօս,գրող
Ամուսին Բժիշկ Պետրոս Տարագճեան
Երեխաներ երկու դուստր՝ Սալբի եւ Մարալ

Նուարդ Մատոյեան Տարագճեան Պատմաբան, բանասէր, լեզուագէտ, կրթական մշակ, մտաւորական, դասախօս, հրապարակագիր, հասարակական գործիչ, գրող: Բժիշկ Պետրոս Տարագճեանի տիկինը:

Նուարդ Մատոյեան Տարագճեան նախակրթութիւնը ստացած է Հալէպի Կիլիկեան Վարժարանին մէջ։ Միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի Հ.Բ.Ը.Միութեան Դարուհի Յակոբեան Աղջկանց Երկրորդական վարժարանին մէջ։

Բանասիրութեան գծով բարձրագոյն ուսումը ստացած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժանմունքին մէջ (1966-1971) եւ վկայուած՝ Մագիստրոսի տիտղոսով։ 1969-ին համատեղ ընդունուած է նոյն համալսարանի Ռոմանօ-Գերմանական լեզուներու բաժինը, որուն աւարտական տարեծրջանը բոլորած է 1980-1981։ Վկայուած է Անգլերէն լեզուի եւ Գրականութեան Մագիստրոս։

Համեմատական լեզուաբանութեան գծով 1971-1976-ին, ընդունուած է Փարիզի Սորպոնի Համալսարանի Արեւելեան Կենդանի Լեզուներու Դպրոցը։ Հայրենի լեզուաբան Ագադեմիկոս Գէորգ Ջահուկեանի յանձնարարութեամբ՝ աշակերտած է ֆրանսացի հայագէտ Փրոֆ․ Ֆրետերիք Ֆէյտիի, որուն ղեկավարութեամբ պատրաստած է Դոկտորայի թեզը՝ « Արեւելահայերէնի եւ Արեւմտահայերէնի Ձեւաբանական Տարբերութիւնները» գիտական աշխատութիււնը։

Հայոց պատմութեան, հայոց լեզուի եւ համեմատական լեզուաբանութեան բնագաւառներէն ներս իր կատարած աշխատանքին մղիչ ոյժը եղած են դպրոցական տարիներու գաղափարապաշտ մտաւորականներ, նուիրեալ ուսուցիչներ՝ Գերսամ Ահարոնեան, Վահէ Վահեան, Արա Թոփճեան, Հմայեակ Գրանեան, Երեւանի Համալսարանի մեծանուն դասախօսներ, ներհուն գիտնականներ՝ Գէորգ Ջահուկեան, Էդուարդ Աղայեան, աշխարահռչակ հայագէտ՝ Ֆրետերիք Ֆէյտի, եւ Փարիզաբնակ հմուտ լեզուագէտ՝ Հայկ Պէրպէրեան։

Սուրիոյ մէջ շրջան մը դասաւանդած է հայերէն եւ օտար լեզու հայկական եւ արաբական վարժրաններու մէջ։

1981-1989-ին կը պաշտoնավարէ Հալէպի Պետական Համալսարանին մէջ՝ դասաւանդելով անգլերէն լեզուի հնչիւնաբանութիւն եւ քերականութիւն։ Յաջորդող տարիներուն կը զբաղի պատմագիտական ուսումնասիրութիւններով։

Ուսումնասիրութիւններ, դասախօսութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դասախօսութիւններով հանդէս եկած է Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի, Կիպրոսի եւ Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ։

Մինչ Ֆրետերիք Ֆէյտին (որուն աշակերտելու բախտը ունեցած եմ) , այն հայագէտն էր, որ բուռն ու հզօր թափով օտար աշակերտներուն մօտ մեծ հետաքրքրութիւն, սէր եւ հիացմունք կ՝արթնցնէր հայոց լեզուին հանդէպ։ Պաշտամունքի հասնող այդ սէրը զինք դարձուցած էր հայերէնի եւ գրաբարի սիրահար մը, երբեմն նույնիսկ ստուերի մէջ ձգելով հարուստ ֆրանսերէնը։ Հայերէնի մասին իր բարձր գնահատանքն ու սքանչացումը արտայայտելով կ՝ըսէր․-

«Իմ գիտցած լեզուներուն մէջ հայերէնը բացառիկ է․․․»

«Զարմանալի մասնաւոր շնորհ ունեցող լեզու է հայերէնը, որ այսօր իսկ զօրութիւն ունի ազատօրէն եւ ստոյգ արտայայտելու գիտական խստորոշ միտքը, փիլիսոփայական գաղափարները, եւ բանաստեղծական նրբին, բազմերանգ կիսաստուերները միաժամանակ»։

«Կեանքիս ամէն մէկ վայրկեանը նուիրուած է հայերէնի ուսումնասիրութեան, զբաղումներուս գլխաւոր նիւթը, մէկն ու միակը՝ հայերէնն է, գրաբարը եւ հայոց բարբառները»։

Ֆրանսացի հայագէտին ոգեշունչ վկայութիւնները, իրաւունք կու տային ինծի ըլլալ հպարտ ու հարուստ իմ հայութիւնով։[1]
- Պատմաբան, բանասէր, լեզուագէտ`Նուարդ Մատոյեան Տարագճեան


Գրական Ստեղծագործութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նուարդ Մատոյեան Տարագճեան «ՀԱՅԱՊԱՏՈՒՄ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ» 455 էջ հատորը լոյս տեսած է Պէյրութ 2016-ին: Հրատարակութիւն ԿԱՐՊԻՍ Լ. ՆԱԶԱՐԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ, ԹԻՒ 20: Շարուածք, էջադրում եւ կողք՝ ՍԻՓԱՆ, Հրատարակչատուն, Պէյրութ-Լիբանան:

Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեանի գրական գործունէութեան կարեւոր մաս կը կազմեն Հայկական Հարցի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան նուիրուած աշխատութիւններուն վերաբերեալ անոր գրախօսականները։ Կարեւոր են եւ ուշագրաւ անոր հրապարակումները Թեսսա Հոֆմանի, Թաներ Աքչամի, Ագապի Նասիպեանի, Ճոն Կիրակոսեանի, Արման Կիրակոսեանի, Ռուբէն Պօղոսեանի, Պուրհան Հաննա Էլիայի, Քեմալ Եալչինի եւ այլոց աշխատութիւններուն եւ գործունէութեանց մասին։[2]
- *ԱՐՄԱՆ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ* Պատմական Գիտութիւններու Դոկտոր, Փրոֆէսոր


«Հայ եւ օտար ուսումնասիրողներ Հայ Դատի» խորագիրին տակ ներկայացուած հրապարակումներէն ուշագրաւ է «Հայոց Ցեղասպանութիւնը օտար ուսումնասիտրողներու գնահատականով» յօդուածը, ուր հեղինակը կը քննարկէ Յովհաննէս Լէփսիուսի, Ֆրիտեոֆ Նանսէնի, Ֆայէզ-էլ-Ղուսէյնի, Անատոլ Ֆրանսի, Անթուան Մէյէյի, Անրի Բարբիի, Թեսսա Հոֆմանի եւ այլոց գործունէութիւնն ու հետազօտութիւնները, անոնց դերն ու նշանակութիւնը երիտթրքական իշխանութիւններուն կողմէ իրագործուած յանցագործութիւններու լուսաբանման եւ դատապարտման, արեւմտահայութեան օգնութեան ձեռք մեկնելու գործին մէջ։[2]
- *ԱՐՄԱՆ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ* Պատմական Գիտութիւններու Դոկտոր, Փրոֆէսոր


Նուարդ Մատոյեան Տարագճեանի հրապարակումներու առանձնայատկութիւնը կը կայանայ այն բանի մէջ, որ ուղղուած ըլլալով սփիւռքահայ ընթերցողներու լայն շրջանակին, անոնք ունին հրապարակախօսական բնոյթ, սակայն իրենց բովանդակութեամբ խորը գիտական են, հիմնուած բազմապիսի աղբիւրներու եւ գրականութեան վրայ։ Գիրքին գիտական բարձր որակ կու տան նաեւ հարուստ ծանօթագրութիւններն ու օգտագործուած ցանկը:[2]
- *ԱՐՄԱՆ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ* Պատմական Գիտութիւններու Դոկտոր, Փրոֆէսոր


Սիրելի Նուարդ,

Հիմա մեր բոլոր ջանքերը պէտք է ուղղուած լինեն հայ նոր պետականութեան կայացմանը,եւ այստեղ մեծ է կանանց դերը: Ես կարծում եմ,որ Սփիւռքի կանանց համախմբումը անհրաժեշտութիւն է: Այս գործում առաջնային դերը վերապահուած է քեզ, դու նոր մտածողութիւն ունես, քաղաքական ճիշդ դիրքորոշմ, լայնամիտ ես եւ գրիչ ունես եւ իտէալ: Հայ արձակագիր, լրագրող: ՀԽՍՀ վաստակաւոր լրագրող՝ Շաքե Վարսյան, Երեւան, Փետրուար, 1994


Հրատարակութեան պատրաստ են ՝ «Հայրենապատում», «Անկախութեան Ուղիով», «Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններ», «Գրական Դէմքեր», «Հ․Բ․Ը․Մ․ Նուպարեան Տեսիլքով», «A Crime Against Humanity» աշխատութիւնները։

Հասարակական Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 1974-ին աշխատակցած է Փարիզի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Նոր Շինարար» Պարբերաթերթին
  • 1985-1994 Հայաստանի Շրջանաւարտից Վարչութեան Ատենատպիր
  • 1988-1990 Հալէպի Հ.Բ.Ը.Միութեան Տիկնանց Յանձնախումբի Ատենապետուհի
  • 1990-1996 Դամասկահայ եւ Հալէպահայ Կանանց հետ հիմնած են երկրաշարժի աղէտեալներու Հայաստանի Օգնութեան Սուրիահայ «Քեզ Համար Հայաստան» Կանանց Յանձնախումբ
  • 1996-2002 Հայաստանի Հիւպատոսութեան Կից Տիկնանց Խորհուրդի Ատենապետուհի
  • 1996-2002 Հ.Բ.Ը.Միութեան Սուրիոյ Կրթական Յանձնախումբի Փոխ Ատենապետուհի
  • 2003-2009 Հ.Բ.Ը.Միութեան Մատենագիտական Յանձնախումբի Ատենապետուհի

Շքանշան, Պարգեւատրում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 2001-ին պարգեւատրուած է «Զարթօնք» մամլոյ մրցանակով, իբրեւ հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ։
  • 2010–ին պարգեւատրուած է Ֆրիտիոֆ Նանսենի Ոսկեայ Յուշամետալով, իբրեւ լեզուաբան։

Մամուլի աշխատակից

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 1974-ին աշխատակցած է Փարիզի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Նոր Շինարար» Պարբերաթերթին:
  • 2007-2009 ՀԲԸՄիութեան «Հայեացք» Պարբերաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր։

Պարբերաթերթերու եւ մամուլի էջերուն մէջ լոյս տեսած են Նուարդ Մատոյեան Տարագճեան յօդուածաշարքերը, լեզուագիտական, պատմաբանասիրական, գրական, հասարակական եւ հրապարագրական նիւթերու շուրջ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]