Jump to content

Նուարդ Զարեան

Նուարդ Զարեան
Ծնած է 6 Օգոստոս 1917(1917-08-06)[1]
Ծննդավայր Ֆլորանս, Իտալիոյ Թագաւորութիւն[1]
Մահացած է 31 Յունուար 2005(2005-01-31)[2] (87 տարեկանին)
Քաղաքացիութիւն  Իտալիա
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Պրերա Գեղարուեստի Թանգարան
Գեղարուեստական վարժարան
Հռոմի գեղարուեստի կաճառ
Մասնագիտութիւն քանդակագործ
Աշխատավայր Հռոմի գեղարուեստի կաճառ[1]
Կուսակցութիւն Իտալիոյ Համայնավար Կուսակցութիւն[1]
Ծնողներ հայր՝ Կոստան Զարեան[1], մայր՝ Թագուհի Շահնազարեան

Նուարդ Զարեան (6 Օգոստոս 1917(1917-08-06)[1], Ֆլորանս, Իտալիոյ Թագաւորութիւն[1] - 31 Յունուար 2005(2005-01-31)[2]), սփիւռքահայ կին քանդակագործներու շարքին առաջնակարգ անուններէն մէկն էր, եւ յայտնի դարձած է Իտալիոյ մէջ։

Կենսագրական գխծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Ֆլորանսի մէջ։ Երրորդ զաւակն էր մեծատաղանդ գրագէտ Կոստան Զարեանի[3] եւ դաշնակահարուհի Թագուհի Շահնազարեանի։ Հետեւած է ընտանիքի թափառական կեանքին՝ Պոլիս, Երեւան, Փարիզ, Վենետիկ։

1931-ին Զարեան ընտանիքը հաստատուած է Միլանի մէջ, ուր նկարչութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է 17 տարեկանին։

1934-1935-ին ուսանած է Միլանի «Պրերայի դպրոց»ին մէջ, ուր աշակերտած է քանդակագործ Ատոլֆ Վիլթին, որ իրեն խորհուրդ տուած է նկարչութիւնը փոխարինել քանդակագործութեամբ։

Ուսումը շարունակած է Վենետիկի գեղարուեստական լիկէոնին մէջ (1935-1940) եւ այնուհետեւ շրջանաւարտ եղած է Հռոմի գեղարուեստի ակադեմիայէն։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իբրեւ արուեստագէտ, առաջին անգամ մասնակցած է Հռոմի քառամեայ ցուցահանդէսին, 1938-ին, ուր կրկին երեւցած է 1942-ին, 1948-ին եւ 1952-ին։ Առաջին անգամ առանձին ցուցահանդէս ունեցած է 1945-ին, Հռոմի մէջ։

Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, Նուարդ Զարեան եղած է միակ հայ կինը, որ մասնակցած է իտալական դիմադրական շարժումին, մինչեւ 1943-ի վերջերը։

1944-1945էն սկսեալ, զբաղած է միայն քանդակագործութեամբ։ Մասնագիտացած է մեծածաւալ գործերու մէջ, յատկապէս ներկայացնելով կնոջական տարբեր նիւթեր եւ զգացողութիւններ։

1951-ին, Նուարդ Զարեան բացած է «La Cassapanca» պատկերասրահը Հռոմի մէջ ու զայն գլխաւորած է յաջորդ 30 տարիներուն։

Հոն ունեցած է հինգ անհատական ցուցահանդէսներ 1950-1970ական թուականներուն։

Ցուցահանդէսներ տուած է Հռոմի, Մոտենայի, Երեւանի (1964 եւ 1970), Միլանի, Գոփենհակընի, Վիեննայի, Օսլոյի եւ այլ քաղաքներու մէջ։

1951-ին, Իրանի կառավարութեան պատուէրով, Ռեզա շահի (1925-1941) դիմանկարը ստեղծած է դամբարանին համար։

1961ին Հայաստան այցելած է հօր՝ Կոստան Զարեանի հետ։ 1965-ին սկսած է քանդակագործութիւն դասաւանդել Հռոմի գեղարուեստական լիկէոնին մէջ։

1980ական թուականներու վերջերուն, փոխադրուած է Սանթա Մարինելլա համայնքը՝ Հռոմէն 37 մղոն հեռու, ամուսնոյն՝ իտալացի քանդակագործ եւ լրագրող Մարիօ Չիմարայի (1913-1992) հետ։

Ամուսնոյն մահէն ետք, շարունակած է իր գեղարուեստական աշխատանքը եւ մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպումը[4]։

  • «Մայրութիւն»
  • «Արեւին նայող կինը»
  • «Նստած կինը»
  • «Ցանկապատի ետեւը»

Անոր մէկ քանդակը զետեղուած է համայնքի յատկապէս ստեղծուած հրապարակի մը վրայ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։