Jump to content

Ձայն

Ձայն, ֆիզիքական երեւոյթ, որ ալիքներու մեքենական տատանումներու տեսքով տարածուած է պինդ, հեղուկ կամ կազային միջավայրի մէջ[1]։

Օդի տատանումները տարածուելով կը հասնին որեւէ խոչընդոտի, կը զարնուին անոր, ապա կ'անդրադառնան ու կը տարածուին հակառակ ուղղութեամբ։ Այսպէս կը յառաջանայ արձագանգ։

Այն վայրին մէջ, ուր օդ չկայ չեն կրնար տարածուիլ ձայնային ալիքներ, օրինակ՝ Լուսնի վրան։ Օդի ձայնի արագութիւնը մէկ վայրկեանին մէջ 330 մեթր է։ Սակայն ձայնային ալիքները կը տարածուին ոչ միայն օդին մէջ, այլեւ ջուրին մէջ, ընդ որուն, գրեթէ հինգ անգամ աւելի արագ։ Ձայնային ալիքներն ալ աւելի արագ կը տարածուին պինդ մարմիններուն, օրինակ պողպատէ ձողուն։ Հակառակ անոր որ Լուսինի վրայ ալ կայ պինդ մարմին՝ լուսնակեղեւը։ Այդ պատճառով ալ, եթէ անոր մակերեւոյթին ականջ տանք կամ զգայուն որեւէ սարք, պայթիւն, այնուամենայնիւ, կարել է «լսել»։

Ինչպէս միւս ալիքները, ձայնային ալիքները նոյնպէս ունին որոշակի երկարութիւն։ Որքան կարճ են ալիքները, այնքան աւելի յաճախ կը յաջորդեն զիրար։ Այդ յաճախութենէն կախուած է ձայնի դոնը։ Մատներով բռնելով «երգող» լահասկանալի էրը, փորձեք կարճացնել այն։ Դուք կ'ըսէք, որ լարի հնչողութիւնը աւելի կը բարձրանայ։ Այժմ հասկանալի՞ է, թէ ինչո՞ւ մարդիկ տարբեր ձայներ ունին։

Օդի ոչ բոլոր տատանումներն է, որ մենք կրնանք լսել։ Մեր ականջի ընկալած ամենափոքր յաճախութիւնը կը կազմէ մէկ վայրկեանին մէջ 16 տատանում, ամէնէն մեծ՝ մէկ վայրկեանին մէջ 20 հզ․ տատանում։ Եթէ տատանումներու յաճախութիւնը մէկ վայրկեանին 15-20 տատանումէն փոքր է, այդ ժամանակ ձայնը կը կոչուի ինֆրաձայն, իսկ եթէ մէկ վայրկեանի մէջ 15-20 հզ. տատանումէն մէծ է, ապա այդ ուլթրաձայն է։ Ուլտրաձայներն ու ինֆրաձայները որսալու համար հարկաւոր են հատուկ սարքեր։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ANSI S1.1-1994. American National Standard: Acoustic Terminology. Sec 3.03.