Jump to content

Նոր Ուղի (ամսագիր, Երեւան)

«Նոր ուղի», գրական-գեղարուեստական, հասարակական-քաղաքական ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1929-1932 թուականներուն, Երեւանի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Պ․ Մակինցեան, Ա․ Կարինեան, Ե․ Չուպար, Դ․ Սիմոնեան։ Անցեալի գրական ժառանգութեան գնահատութեան հարցերուն մջ ուղեցոյց ունենալով կուսակցութեան համապատասխան որոշումները նշանակալի չափով նպաստած է հայ սովետական գրականութեան զարգացման, գրական-գեղարուեստական նոր ըմբռնումներու ձեւաւորման ու ամրապնդման։ Միքայէլ Նալպանտեանի, Յակոբ Պարոնեանի, Յովհաննէս Թումանեանի, Ալեքսանդր Շիրուանզադէի, Աւետիք Իսահակեանի երկերու հետ մէկտեղ տպագրած է Եղիշէ Չարէնցի, Ակսել Բակունցի, Դերենիկ Դեմիրճեանի, Ստեփան Զօրեանի, Մովսէս Արազիի, Վահան Թոթովենցի, Նայիրի Զարեանի, Ազատ Վշտունիի, Գեղամ Սարեանի, Գուրգէն Մահարիի, Վ․ Նորենցի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները։

Գրականագիտական եւ քննադատական յօդուածներով հանդէս եկած են Ա․ Տերտէրեանը, Հ․ Սուրխաթեանը եւ ուրիշներ։ Երաժշտութեան ու արուեստի հարցերուն անդրադարձած են Ռ․ Թերլեմէզեանը, Գ․ Լեւոնեանը, Ա․ Սարգսեանը, Վ․ Ղորղանեանը, Ս․ Քոչարեանը։

Ամսագիրը ունէր «Ռուսական գրականութիւն», «Արտասահմանեան գրականութիւն», «Անդրկովկասեան գրականութիւն» բաժիններ, հետեւողականօրէն կը լուսաբանէր ԽՍՀՄ ժողովուրդներու գրական կեանքը։ Գիտական բաժինին մէջ տպագրուած են Գ․ Ղափանցեանի, Ռ. Գաբրիէլեանի, Է․ Հասրաթեանի, Մորուս Հասրաթեանի եւ ուրիշներու հաղորդումներն ու յօդուածները։ Հասարակական-քաղաքական նիւթերը նուիրուած էին սոցիալիստական շինարարութեան տարբեր խնդիրներուն, դաշնակցութեան քննադատութեան, յեղափոխական շարժումներու պատմութեան լուսաբանման։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։