Յիշողութեան Մարզանք


Յիշողութեան Մարզանք, նաեւ՝ մրցակցային յիշողութիւն կամ յիշողութեան մտային մարզանք:

Մրցում մը, որուն ընթացքին մասնակիցները որոշ հրահանգներու ընդմէջէն կը փորձեն մտապահել, այնուհետեւ վերյիշել տեղեկութիւններու տարբեր ձեւեր։ Մարզանքը պաշտօնապէս կը սկսի զարգանալ 1991-ին։

Կը կազմակերպուին ազգային եւ միջազգային առաջնութիւններ։

Տարածուած մրցումներէն մէկը կը ներառէ շատ կարճ ժամանակի ընթացքին խառն խաղաքարտերու մտապահումը, որմէ ետք մասնակիցէն կը պահանջուի դասաւորել այլ տուփերու խաղաքարտեր՝ նոյն հերթականութեամբ։

Յիշողութեան մտային մարզանքներ։

Մնեմոնիքի (mnemonic) գիտարուեստները ընդհանրապէս կը նկատուին մրցումին կարեւոր մասերէն մէկը եւ կը բարելաւուին հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ[1]։ Անոնք կրնան ներառել Լոկիի ոճը, Մնեմոնիքի ոճը եւ մասերու բաժանումը։ Կ'օգտագործուին նաեւ այլ գիտարուեստներ՝ տեղեկութեանց պահեստաւորման եւ վերյիշեցման համար։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յիշողութեան մարզման գիտարուեստները քննարկուած են Հին Յունաստանի մէջ, իսկ պաշտօնական յիշողութեան մարզումը երկար ատեն նկատուած է հիմնական կրթութեան կարեւոր մասերէն մէկը եւ նշանաւոր եղած է «յիշողութեան արուեստ» անունով[2]։ Այնուամենայնիւ, մարզուած մտապահման զարգացումը՝ իբրեւ մարզանք, սկսած է Ի. դարուն, բայց նոյնիսկ այն ատեն յարաբերականօրէն սահմանափակուած է իր շրջանակներուն մէջ։

Ա. համաշխարհային մրցումը տեղի ունեցած է 1991-ին, «Յիշողութեան Աշխարհի Առաջնութիւններ» անունով եւ շարունակուած է ամէն տարի՝ բացի 1992-էն[3]։

Մրցումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1991-ին Յիշողութեան աշխարհի առաջնութիւններու հիմնադրութենէն ետք, բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը հիմնուին ազգային մրցումներ։ Անոնք կը ներառեն Միացեալ Նահանգներու առաջնութիւնները, որոնք սկսած են 1997-ին[4], Հնդկական ազգային յիշողութեան առաջնութիւնները[5], Գերմանական յիշողութեան առաջնութիւնները[6], Միացեալ Թագաւորութեան բաց յիշողութեան առաջնութիւնները եւ այլ առաջնութիւններ[7]։ Ազգային առաջնութիւններ տեղի կ'ունենան նաեւ Հարաւային Ափրիկէի, Աւստրալիոյ, Սինկափուրի, Չինաստանի, Ճափոնի եւ Մեքսիքոյի մէջ[6][8]։

Կոչումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշխարհի Յիշողութեան մարզանքի խորհուրդին կողմէ տրուած է յիշողութեան մրցաշարքերու մասնակիցներու «յիշողութեան վարպետ» բարձրագոյն կոչումը։

Ենթադասակարգումով, գոյութիւն ունին հետեւեալ կոչումները՝ Միջազգային մեծ վարպետ, մեծ վարպետ եւ միջազգային վարպետ։

Նոյեմբեր 2016-ի տուեալներով, աշխարհի տարածքին կան շուրջ 200 մեծ վարպետներ[9]։

Գիտարուեստներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մրցաշարքին մասնակիցները կը նկարագրեն մտապահման հմտութիւններու բարելաւման բազմաթիւ ոճեր եւ գիտարուեստներ։ Անոնցմէ քանի մը հատը ստեղծած են սեփական ոճեր եւ զանոնք հրատարակուած են իրենց անուններով։ Անոնք կը ներառեն՝ Մնեմոնիքի տոմինիքեան համակարգը (անգլերէն՝ Mnemonic dominic system), որ իր անունը ստացած է ի պատիւ աշխարհի նախկին ախոյեան Տոմինիք Օ'Պրայընի, Մնեմոնիքի հիմնական համակարգը, ինչպէս նաեւ անձ-գործողութիւն-առարկայ համակարգը, որ կը ներառէ խաղաքարտերու եւ թիւերու կանոնաւորութիւն, գործողութիւններու եւ առարկաներու յաջորդականութիւն[10]։ Այս ոճերը կը կոչուին նաեւ «մնեմոգիտարուեստներ»։

Ճոշուա Ֆոէր կը նշէ.

Հակառակ անոր որ իւրաքանչիւր մասնակից, իւրաքանչիւր գործողութեան մտապահման համար ունի իր իւրայատուկ ոճը, բոլոր մնեմոգիտարուեստները էապէս հիմնուած են զարգացման կանոնաւորման հասկացողութեան վրայ, ըստ որուն որքան իմաստալից է բան մը, այնքան աւելի դիւրին է զայն յիշելը[9]:

Տեսակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յիշողութեան առաջնութիւններուն մէջ ձգողական առարկայի հարցը կրնայ անսահմանափակ ըլլալ, սակայն «Յիշողութեան Աշխարհի Առաջնութիւններ»ուն կան հետեւեալ առաջադրանքները.

  1. Մէկ ժամ՝ խառն դասաւորութեամբ թիւեր,
  2. Հինգ վայրկեան՝ խառն դասաւորութեամբ թիւեր,
  3. Արտասանուող թիւեր, մէկ երկվայրկեանի մէջ կարդալ մէկը,
  4. 30 վայրկեան՝ երկուքական համակարգի թիւեր,
  5. Մէկ ժամ՝ խաղաքարտեր,
  6. Պատահական դասաւորուած բառերու ցուցակներ,
  7. 15 վայրկեան՝ անուններ եւ դէմքեր (աշխարհի ցուցանիշ՝ 164 անուն),
  8. 5 վայրկեան՝ պատմական/ապագայի տարեթիւեր (յօրինուած իրադարձութիւններ եւ տարեթիւեր),
  9. Վերացական պատկերներ (պատահականօրէն ընդհանրացած՝ սեւ եւ ճերմակ),
  10. Արագ խաղաքարտեր՝ միշտ վերջին տեսակն է։ Կարելի եղածին չափ արագ մտապահել 52 խաղաքարտէ բաղկացած տուփի խառն խաղաքարտերու դասաւորումը։

Ի յաւելում աւանդական մրցաշարքերուն, որոնք կը կազմակերպուին «Յիշողութեան Աշխարհի Առաջնութիւններ»ու խորհուրդին կամ «Յիշողութեան Միջազգային Կազմակերպութեան» կողմէ, յիշողութեան մարզիկները յաճախ կը մրցակցին այլընտրանքային ձեւով կազմակերպուած մրցաշարքերու։ Այդ մրցաշարքերն են՝ «Յիշողութեան Լիկայի Առաջնութիւնները» (նախապէս՝ Յիշողութեան Ծայրագոյն մրցաշարք), Մեմորիատը եւ Մեմօ Խաղերը[11][12][13]։

Միւս տիպի յիշողութեան առաջնութիւնները կրնան ժամանակի սահմանափակումներ չպարունակել։ Օրինակ π թիւի մտապահման (ծանօթ՝ իբրեւ Պիֆիլոլոկիա) ցուցանիշները սկսած են արձանագրել 1970-ականներէն։ Ներկայիս ցուցանիշ արձանագրողը կրցած է մտապահել աւելի քան 70,000 նիշ π թիւէն։

Ցուցանիշներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յիշողութեան մարզանքին մէջ յաճախ նոր ցուցանիշներ կ'արձանագրուին [14]։

Խաղաքարտերու արագ մտապահման վերջին աշխարհի ցուցանիշը կը պատկանի Միացեալ Նահանգներէն Ալեքս Միուլենին՝ 19,96 երկվայրկեան (52 խաղաքարտ)[15]։

5 վայրկեանուան ընթացքին ամէնէն շատ թիւեր մտապահելու ցուցանիշը արձանագրած են Ալեքս Միուլենն ու Շուէտէն Մարվին Վոլոնիուսը՝ 520 թուանշան[16]։

Յայտնի Մասնակիցներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշխարհի ախոյեաններ[17]

  • Տոմինիք Օ'Պրայըն (Միացեալ Թագաւորութիւն)՝ յիշողութեան աշխարհի ութեակի ախոյեան (1991, 1993, 1995-97, 1999-2001),
  • Ճոնաթան Հենքոք (Միացեալ Թագաւորութիւն)՝ յիշողութեան աշխարհի ախոյեան (1994),
  • Էնտի Պել (Միացեալ Թագաւորութիւն)՝ յիշողութեան աշխարհի եռեակի ախոյեան (1998, 2002-03),
  • Քլեմընս Մեյըր (Գերմանիա)՝ յիշողութեան աշխարհի երկակի ախոյեան (2005-06),
  • Պեն Փրիտմոր (Միացեալ Թագաւորութիւն)՝ յիշողութեան աշխարհի եռեակի ախոյեան (2004, 2008-2009),
  • Կունթըր Քարսթըն (Գերմանիա)՝ յիշողութեան աշխարհի ախոյեան (2007),
  • Վանկ Ֆենկ (Չինաստան)՝ յիշողութեան աշխարհի երկակի ախոյեան (2010-11),
  • Եոհաննէս Մալոու (Գերմանիա)՝ յիշողութեան աշխարհի ախոյեան (2012),
  • Ճոնաս Վոն Էսսեն (Շուէտ)՝ յիշողութեան աշխարհի երկակի ախոյեան (2013-14),
  • Ալեքս Միուլեն (ԱՄՆ)՝ յիշողութեան աշխարհի երկակի ախոյեան (2015-16):

Այլ՝

  • Ճոշուա Ֆոեր (ԱՄՆ)՝ ԱՄՆ-ի յիշողութեան առաջնութեան հեղինակ եւ ախոյեան (2006)[18],
  • Էտ Քուք (Միացեալ Թագաւորութիւն)՝ Memrise-ի հեղինակ, մեծ վարպետ, հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն[19],
  • Սայմոն Ռէյնհարտ (Գերմանիա)՝ միջազգային մեծ վարպետ, Գերմանիոյ քառեակի ախոյեան, աշխարհի երկակի փոխախոյեան, յիշողութեան ծայրագոյն մրցաշարքի երկակի ախոյեան[19][20][21][22],
  • Մարվին Վոլոնիուս (Շուէտ)՝ միջազգային մեծ վարպետ, Շուէտի երկակի ախոյեան, աշխարհի փոխախոյեան, ցուցանիշ արձանագրող[23][24][25],
  • Եանժա Ուինսերսուլ (Մոնկոլիա, նախքան՝ Շուէտ)՝ միջազգային մեծ վարպետ, Gothenburg Open առաջնութեան ախոյեան, ցուցանիշ արձանագրող[23][26][27],
  • Նելսոն Տելիս (ԱՄՆ)՝ քառեակի ԱՄՆ-ի յիշողութեան ախոյեան (2011-12, 2014-15), մեծ վարպետ[18][19]
  • Ռոն Ուայթ (ԱՄՆ)՝ երկակի ԱՄՆ-ի յիշողութեան ախոյեան (2009-10)[18],
  • Լենս Շիրհարթ (ԱՄՆ)՝ միջազգային մեծ վարպետ, աշխարհի ցուցանիշ արձանագրող (արտասանուող թիւեր)[25][28],
  • Հուանկ Շենկուա (Չինաստան)՝ միջազգային մեծ վարպետ, աշխարհի փոխախոյեան[23][29][30],
  • Շի Պինպին (Չինաստան)՝ միջազգային մեծ վարպետ, երկակի Չինաստանի ախոյեան, ցուցանիշ արձանագրող[23][31][32],
  • Պրէյտեք Եատաւ (Հնդկաստան)՝ միջազգային մեծ վարպետ, Հնդկաստանի քառեակի ախոյեան[33],
  • Օլա Քարէ Ռիսա (Նորվեկիա)՝ միջազգային մեծ վարպետ, Նորվեկիոյ յիշողութեան առաջին մարզիկ եւ ցուցանիշ արձանագրող[23][34][35],
  • Պորիս Քոնրատ (Գերմանիա)՝ միջազգային մեծ վարպետ, ցուցանիշ արձանագրող[23][36][37],
  • Քրիսթիան Շաֆեր (Գերմանիա)՝ միջազգային մեծ վարպետ[23][38],
  • Քեթի Քերմոտ (Միացեալ Թագաւորութիւն)՝ ցուցանիշ արձանագրող (բառեր, անուններ եւ դէմքեր)[25][39],
  • Սենկեսամտան Ուլզիխութակ (Մոնկոլիա)՝ միջազգային մեծ վարպետ[23][40],
  • Փույեւջաւ Իրդենեսայխան (Մոնկոլիա)՝ միջազգային մեծ վարպետ, Մոնկոլիոյ ախոյեան, 2015-ի պատանիներու աշխարհի ախոյեան[23][41][42],
  • Տանիէլ Թեմեթ (Միացեալ Թագաւորութիւն)՝ գրող, կը զբաղի օթիզմի ուսումնասիրութեամբ:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Contact Us - The World Memory Championships»։ worldmemorychampionships.com։ արտագրուած է՝ July 6, 2016 
  2. Foer, Joshua (February 15, 2011)։ «Secrets of a Mind-Gamer»։ NYTimes.com։ արտագրուած է՝ July 6, 2016 
  3. «World Memory Championships | World Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2017-01-02 
  4. «FAQs | USA Memory Championship»։ USAMemoryChampionship.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ July 19, 2017-ին։ արտագրուած է՝ July 6, 2016 
  5. «Grandmaster of memory stays on top»։ The Hindu։ November 12, 2010։ արտագրուած է՝ July 6, 2016 
  6. 6,0 6,1 Gemma Luz Corotan (August 31, 2010)։ «Filipino nurse, 'kristo' excel in UK memory tilt»։ INQUIRER.net։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ September 1, 2010-ին։ արտագրուած է՝ July 6, 2016 
  7. «Memory champs meet for UK contest»։ BBC News։ August 15, 2009։ արտագրուած է՝ July 6, 2016 
  8. «List of Memory Competitions»։ Memory Techniques Wiki։ արտագրուած է՝ July 6, 2016 
  9. 9,0 9,1 «Special Titles | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-07-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-11-26 
  10. «Person-Action-Object (PAO) System»։ Memory Techniques Wiki։ արտագրուած է՝ July 6, 2016 
  11. «Championship | Memory League»։ www.memoryleague.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-12-30-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  12. «Home | Memoriad»։ www.memoriad.com/։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  13. «Home | Memo Games»։ www.memogames.org/։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-12-30-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  14. «World Records | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-07-10-ին։ արտագրուած է՝ 2016-11-26 
  15. «5 minute "Speed" Cards Record | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-06-22-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-07 
  16. «5 Minute Numbers Record | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-06-22-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-07 
  17. «World Memory Championships | World Memory Statistics»։ www.world-memory-statistics.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  18. 18,0 18,1 18,2 «List of USA Memory Champions - Memory Techniques Wiki» 
  19. 19,0 19,1 19,2 «Special Titles | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-07-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-11-07 
  20. «Simon Reinhard | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-10-15-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  21. «2014 Extreme Memory Tournament | Memory League»։ www.memoryleague.com։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  22. «2016 Extreme Memory Tournament | Memory League»։ www.memoryleague.com։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  23. 23,0 23,1 23,2 23,3 23,4 23,5 23,6 23,7 23,8 «Special Titles | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-07-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  24. «Marwin Wallonius | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-10-06-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  25. 25,0 25,1 25,2 «World Records | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-07-10-ին։ արտագրուած է՝ 2016-11-07 
  26. «15 minute Names & Faces Record | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-06-22-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  27. «Yanjindulam Altansuh | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-09-06-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  28. «Lance Tschirhart | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-07-24-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  29. «Huang Shenghua | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-12-30-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  30. «WMC 2016 | World Memory Championships»։ www.worldmemorychampionships.com։ արտագրուած է՝ 2016-12-21 
  31. «Shi Binbin | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-11-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  32. «60 minute/Hour Cards Record | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-06-22-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  33. «Prateek Yadav | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-12-30-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  34. «Ola Kare Risa | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-12-30-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  35. «5 Minute Binary Record | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-06-22-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  36. «Boris Konrad | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-03-16-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  37. «Memoriad World Records | Memoriad»։ www.memoriad.com։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  38. «Christian Schafer | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-12-30-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  39. «Katie Kermode | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-07-24-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  40. «Sengesamdan Ulziikhutag | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-12-30-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  41. «Purevjav Erdenesaikhan | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-12-30-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 
  42. «World Memory Championships 2015 Junior | International Association of Memory Statistics»։ www.iam-stats.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-12-30-ին։ արտագրուած է՝ 2016-12-29 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]