Յարութիւն Մկրտչեան

Յարութիւն Մկրտչեան
Ծնած է 15 Ապրիլ 1903(1903-04-15)
Ծննդավայր Փայխներ, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 15 Նոյեմբեր 1992(1992-11-15) (89 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստան
Քաղաքացիութիւն Flag of the Ottoman Empire (1844–1922).svg Օսմանեան Կայսրութիւն
Flag of the Soviet Union.svg Խորհրդային Միութիւն
Flag of Armenia.svg Հայաստան
Ուսումնավայր Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան
Թիֆլիսի Պետական Համալսարան
Խ. Աբովեանի Անուան Մանկավարժական Համալսարան
Կոչում փրոֆէսոր
Մասնագիտութիւն գրագէտ, գրականագէտ
Աշխատավայր Հայաստանի Գրողներու Միութիւն
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն

Յարութիւն Մկրտչեան (15 Ապրիլ 1903(1903-04-15), Փայխներ, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 15 Նոյեմբեր 1992(1992-11-15), Երեւան, Հայաստան), հայ գրող, գրականագէտ, Գրողներու միութեան անդամ եւ գիտութեան վաստակաւոր գործիչ։

Կեանք եւ գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Վան։ 1915 թուականին կորսնցուցած է ծնողները եւ ինք փրկուելով Մեծ Եղեռնէն հասած է Էջմիածինի որբանոցը: Կրթութիւնը ստացած է Գէորգեան ճեմարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1919 թուականին։

1923-1926 թուականներուն ուսումը շարունակած է Թիֆլիսի 26-րդ Կոմիսարներու անուան համալսարանին մէջ:

Վարած պաշտօններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մկրտչեան 1931-1933 թուականներուն եղած է Հայաստանի Արուեստի աշխատողներու միութեան նախագահ։

1934-1937 թուականներուն Հայաստանի Գրողներու միութեան առաջին քարտուղար, միաժամանակ հերթականութեամբ վարած է «Սովետական Գրականութիւն» եւ  «Գրական Թերթ» պարբերականներու խմբագիրի պաշտօնը:

Եղած է Գրական թանգարանի տնօրէն՝  1937-1940 թուականներուն:

1941-1945 թուականներուն մասնակցած է հայրենական մեծ պատերազմին: Պատերազմէն ետք վարած է Երեւանի Մանկավարժական Համալսարանի գրականութեան բաժնի վարիչի պաշտօնը, միաժամանակ Երեւանի համալսարանին մէջ վարելով ուսուցչութեան պաշտօն:

Գրական գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մկրտչեանի գրական գործունէութիւնը սկսած է 1920-ական թուականներուն։ Ան գրած է պատմուածքներ, որոնք հրատարակուած են «Անմահական այգի», «Նովելներ եւ ակնարկներ» եւ «Հայրենի երկրում» ժողովածուներուն մէջ:

Հրատարակած է մանուկներու համար գրուած աշխատութիւններ՝ «Զանգակաւոր գայլը» եւ «Արագիլը»:

Գրականագէտը մենախօսութիւններ ու ուսումնասիրութիւններ հրատարակած է Միքայէլ Նալպանտեանի, Ստեփան Զօրեանի, Աքսել Բակունցի, Նայիրի Զարեանի եւ այլ գրողներու մասին, որոնք հրատարակուած են «Գրական դէմքեր» աշխատութեան մէջ:

Մկրտչեան հրատարակած է նաեւ դասագիրքեր՝ 10-րդ դասարանի համար[1]:

Շքանշաններ եւ կոչումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մկրտչեան արժանացած է․

  • «Կարմիր աստղ» շքանշանին,
  • Խորհրդային Հայաստանի Գիտութեան վաստակաւոր գործիչ կոչումին[2]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Գրական տեղեկատու։ Երեւան։ «Սովետական գրող»։ 1986։ էջ 319-329։
  2. «ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԿՐՏՉԵԱՆ (1903-1922)»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-16 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։  CC BY-SA icon 80x15.png