Յակոբոս Տաշեան
Յակոբոս Տաշեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 25 Հոկտեմբեր 1866 |
Մահացած է | 3 Փետրուար 1933 (66 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Վիեննա, Աւստրիոյ Առաջին Հանրապետութիւն |
Մասնագիտութիւն | բանասէր |
Յակովբոս Տաշեան (Թաշճեան Փրանկիսկոս Մելքոնի, 25 Հոկտեմբեր 1866 - 3 Փետրուար 1933, Վիեննա, Աւստրիոյ Առաջին Հանրապետութիւն), ձեռագրագէտ, բանասէր, լեզուաբան, հայագէտ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախնական կրթութիւնը ստացած է Կարինի ծխական դպրոցին մէջ, 1880-ի ամրան յաճախած է Կ. Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանը, աշակերտած է Յովսէփ Գաթըրճեանին, ապա ուսանած է Վիեննայի Մխիթարեաններու ընծայարանին մէջ։ 1883-ին ստացած է Յակովբոս անունը, 1885-ին անդամագրուած է Մխիթարեան միաբանութեան մէջ։ 1889-ին ձեռնադրուած է քահանայ։ Ուսումը աւարտելէ ետք (1889) Մխիթարեան կրթարանին մէջ դասաւանդած է փիլիսոփայութիւն, հայոց լեզու։ 1893–1912-ին եղած է Վենետիկի, Պեռլինի (այստեղ ուսումնասիրած եւ նկարագրած է Արքունի մատենադարանի հայերէն ձեռագիրերը), Կ. Պոլսոյ, Զմիւռնիայի, Կարնոյ, Տայոց աշխարհին մէջ։ 1909-ին Կ.Պոլսոյ Մխիթարեան վանատան մեծաւոր նշանակուած է։
Գիտական Վաստակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անձնական ծանօթութիւն, նամակագրական կապեր ունեցած է ժամանակի յայտնի հայ եւ եւրոպացի հայագէտներու՝ Գ. Տէր-Մկրտչեանի, Մ. արք. Տէր-Մովսիսեանի, Բ. Կիւլեսերեանի, Հ. Հիւբշմանի, Հ. Պետերմանի, Պաուլ Ֆետտերի, Ֆ. Միւլլերի, Ֆ. Կոնիբերի եւ ուր. հետ։ Տիրապետած է բազում լեզուներու (լատիներէն, յունարէն, ասորերէն, արաբերէն, եթովպերէն, գերմաներէն, անգլերէն եւ այլն)։ Տաշեան հայերէն սորվեցուցած է ֆրանսացի նշանաւոր լեզուաբան Անտուան Մեյէին (վերջինս հպարտացած է անոր հետ)։
Տաշեան 45 տարի անընդմէջ աշխատած է հայագիտութեան բնագաւառին մէջ՝ ստեղծելով մեծարժէք գործեր։ Հեղինակ է «Ակնարկ մը հայ հնագրութեան վրայ...» (1898), «Ուսումն դասական հայերէն լեզուի» (1920), «Բառախօսական դիտողութիւններ հայերէն գիտական լեզուի մասին» (1926) լեզուաբանական բնոյթի եւ «Հայ բնակչութիւնը Սեւ ծովէն մինչեւ Կարին...» (1921), «Հայ ազգի տարագրութիւնը...» (1921), «Հաթեր եւ ուրարտեանք» (1934), «Հին Հայաստանի արեւմտեան սահմանը» (1948) պատմական եւ պատմաաշխարհագրական աշխատութիւններու։ Արժէքաւոր լրացումներով, յունական, ասորական, արաբական, եթովպական եւ այլ աղբիւրներու հետ համեմատելով՝ հրատարակած է «Վարդապետութիւն առաքելոց անվաւերական կանոնաց մատեանը...» (1896)։
Բանասիրական վիթխարի աշխատանքի արդիւնք է Յ. Գաթըրճեանի «Սրբազան Պատարագամատոյցք հայոց...» երկի հրատարակումը (1897)՝ ծանօթագրութիւններով եւ լրացումներով։ Տաշեան զբաղած է նաեւ քիմիայի եւ բնական այլ գիտութիւններու հայերէն եզրաբանութեան հարցերով։ Թարգմանած է Յ. Հիւբշմանի, Հ. Պետերմանի, Ա. Կարիէրի, Կ. Կոնիբերի, Ն. Մառի եւ ուրիշ հայագէտներու աշխատութիւններ։
Տաշեանի գիտական հարուստ ժառանգութեան մէջ կ՛առանձնանայ «Ցուցակ հայերէն ձեռագրաց մատենադարանին Մխիթարեանց ի Վիեննա» (1895) աշխատութիւնը, որ կազմելէ ետք ան ի յայտ բերած է «մեծագոյն գիտնականի հմտութիւն, գործելու հազուագիւտ ուժ» (հայագէտ Պ. Ֆետտեր)։ Հայ բանասիրութեան մէջ ցուցակագրման Տաշեանի եղանակն անուանուած է «տաշեանական ոճ»։ Ձեռագրացուցակին մէջ ընդգրկուած են Վիեննայի Մխիթարեան մատենադարանի 571 ձեռագիր մատեաններ, 7 ներդիր նկարներ։ Նկարագրութիւններու մէջ մանրամասն տեղեկութիւններ կը հաղորդուին ձեռագրի ստեղծողի, մատեանի արտաքինի, գիրի մասին, իւրաքանչիւր ձեռագիր մատեանի (քարոզ, մեկնութիւն եւն) բովանդակութիւնը կը բացայայտեն։ Ձեռագիրի հանգամանալէն նկարագրութիւնը, ծանօթագրութիւնները, ցանկերը, հարուստ տեղեկատուութիւնը հանրագիտական տեղեկատուի արժէք ունին։
Երկեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յակովբոս Տաշեան, Ցուցակ հայերէն ձեռագրաց ի կայսերական մատենադարանին ի Վիեննա, Վիեննա, 1891։
- Յակովբոս Տաշեան, Ագաթանգեղոս առ Գէորգայ Ասորի եպիսկոպոսին եւ ուսումնասիրութիւն Ագաթանգեղեայ գրոց, Վիեննա, 1891։
- Յակովբոս Տաշեան, Ուսումնասիրութիւնք Ստոյն Կալիսթենեայ վարուց Աղեքսանդրի, Վիեննա, 1892։
- Յակովբոս Տաշեան, Հայկական աշխատսիրութիւնք հայագէտ Պ. Ֆէթթէրի. Վիեննա,1895 (Ազգային մատենադարան, ԺԷ)։
- Յակովբոս Տաշեան, Մատենագրական մանր ուսումնասիրութիւնք, Մասն առաջին, Ա-Զ, Նեմեսիոս, Պրոկղ, Խոսրովիկ, Եպիփան եւ Սեկունդոս, Վիեննա, 1895 (Ազգային մատենադարան, ԺԶ)։
- Հ. Յակովբոս Վ. Տաշեան, Մատենագրական մանր ուսումնասիրութիւնք հետազօտութիւնք եւ բնագիրք, մասն երկրորդ, Է-Ժ, Խիկար եւ իւր իմաստութիւնն, Ագապետոս եւ իւր յորդորականք առ Յուստինիանոս, թղթակցութիւն Աբգարու եւ Քրիստոսի ըստ նորագիւտ արձանագրութեան Եփեսոսի, եւ Գէորգայ Պիսիդեայ Վեցօրեայք, Վիեննա: Մխիթարեան տպարան, 1901 (Ազգային մատենադարան, ԼԷ)։
- Յակովբոս Տաշեան, Ցուցակ հայերէն ձեռագրաց մատենադարանին Մխիթարեանց ի Վիեննա, Վիեննա, 1895։
- Սրբազան պատարագամատոյց Հայոց. Թարգմանութիւնք պատարագաց յունաց, ասորւոց եւ լատինաց հանդերձ քննութեամբ, նախագիտելեօք եւ ծանօթութեամբք ի Հ. Յովսեփայ Վ. Գաթրճեան։ Հրատարակեալ հանդերձ յաւելուածովք ի Հ. Յակովբոս Տաշեան, Վիեննա, 1897։