Jump to content

Յովսէփ Գաթըրճեան

Յովսէփ Գաթըրճեան
Ծնած է 19 Փետրուար 1820(1820-02-19) կամ 1820[1][2][3]
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 9 Յունուար 1882(1882-01-09) կամ 1882[1][2][3]
Մահուան վայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն պատմաբան, թարգմանիչ, լեզուաբան

Հայր Յովսէփ Գաթըրճեան (19 Փետրուար 1820(1820-02-19) կամ 1820[1][2][3], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 9 Յունուար 1882(1882-01-09) կամ 1882[1][2][3], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), բանասէր, պատմագէտ եւ թարգմանիչ։ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ։

Ան դարձաւ հիմնադիրը հայ քննական պատմագրութեան, որ հայ աղբիւրներուն համընթաց` գիտցաւ օգտագործել նաեւ օտար աղբիւրներ, ինչպէս` յոյն եւ լատին պատմագիրներ:

Ծնած է Պոլիս։ Փոքր հասակէն ղրկուած է Վիեննայի Մխիթարեան վանքը, որու ուսման շրջանը աւարտելէ ետք, 30 Մայիս 1841-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է:

Հ. Գաթըրճեանի անունը անմահացած է իր արդիւնալից գրական գործունէութեամբ: Իր բազմաթիւ գործերը մասամբ աստուածաբանական են, մասամբ պատմական եւ մասամբ ալ պատմամատենագրական: Իր սրատեսութիւնը սակայն կ՚ուղղուի նաեւ այս սահմաններէն անդին՝ հեռաւոր հորիզոններ, ուր զինք կը տեսնենք դեգերած նաեւ այնպիսի խնդիրներու մէջ, որոնք դուրս են իր գրական հետազօտութեանց ծիրէն:

Աշակերտական տարիներէն կը սկսի իր գրական գործունէութիւնը, երբ Գարագաշեանի ընկերակցութեամբ, Յովհանեանի Ոսկեդարեան հայերէնին կեանք կու տայ, կ'իւրացնէ զայն եւ նոյն յստակ պատկերալից լեզուով ալ կը սկսի գրել: Միաժամանակ հմուտ էր նաեւ հին եւ նոր դասականներուն՝ լատիներէնին, յունարէնին, ֆրանսերէնին եւ այլն[4]: Կը ձեռնարկէ հայերէնի թարգմանելու հին եւ նոր դասականներէն գիրքեր, ինչպէս՝ Բոսուէի «Խօսք վասն տիեզերական պատմութեան» գրուածքէն (տպ. 1841-ին), զոր մեծ յաջողութեամբ կը թարգմանէ Հ.Մ. Գարագաշեանի ընկերակցութեամբ, որուն կը յաջորդեն ուրիշներ. Կուրտեայ Ռուփայի՝ «Վասն գործոց եւ արութեանց Աղեքսանդրի Մեծի» (տպ. 1844-ին). Կիկերոնեայ՝ «Վասն ծերութեան» (տպ. 1843-ին), Քսենոփոնտեայ՝ «Խրատք Կիւրոսի» (տպ. 1843-ին), Կիպրիանու՝ «Վասն միութեան եկեղեցւոյ» (տպ. 1846-ին):

Իր ուսումնական գործունէութեան մէջ նշանակալից փոփոխութիւն մը տեղի կ'ունենայ, երբ 1848-ին Տատեան պէյի առաջարկով իրեն կը յանձնուի ընդարձակ Տիեզերական պատմութեան մը պատրաստութիւնը: Այս բազմակնճիռ եւ փշալից ասպարէզին մէջ Գաթըրճեան ցոյց պիտի տար իր միտքի կորովը: Տարի մը ետք արդէն մամուլին կը յանձնէ ընդարձակ հատոր մը, որ պիտի կազմէր խնդրուած Տիեզերական պատմութեան առաջին հատորը: Հին բոլոր ազգերուն հոն տեղ շնորհուած էր։ Բնականաբար նաեւ ազգային պատմութեան չէր կրնար տեղ չտալ, որու յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է Բ. հատորին մէջ, որ լոյս կը տեսնէ երեք տարի ետք: Հոս ազգային պատմութիւնը կ'ենթարկուէր անաչառ եւ մանր քննութեան մը, որուն արդիւնքը կ'ըլլար Հայոց քննական պատմութիւնը՝ հիմնուած օտար եւ ազգային աղբիւրներու միաձայնութեան վրայ, ջանալով միշտ ազգային աւանդութիւնը ճշդել օտար աղբիւրներու համեմատ, եւ ոչ, ինչպէս իր նախորդներն ընելու վարժ էին՝ զուր ճգնիլ «զարեգակնային ժամացոյց տիեզերաց ուղղել ըստ ժամացուցին, զոր ի ծոցի մերում գտանեմք, այլ զսա մանաւանդ ըստ նմին յերիւրել՝ որչափ ինչ հնարն իցէ»: Եւ Գաթըրճեան իր քննադատական այս զննութեամբ ո՛չ միայն չի մեղանչեր ազգասիրութեան դէմ, ինչպէս դեռ չհասունցած ժամանակը դատած էր, այլեւ կը ստեղծէ գիտնական նոր ուղղութիւն մը, որմով կարելի էր հասնիլ հայկական իրաց պատմական եղելութեան: Եւ այսօր բանասիրութիւնը գիտէ յարգել քննադատ միտքին մեծ արժանիքը:

Քննադատական այս ուղղութեամբ կ'առաջնորդուի Հ. Գաթըրճեան նաեւ մատենագրական հետազօտութեանց մէջ։ Տիեզերական պատմութեան հետ միասին կ'ուսումնասիրէր նաեւ Հայոց մատենագրութեան պատմութիւնը, որուն առաջին տետրակը՝ Հայոց անգիր ժամանակի գրականութեան պատմութիւնը, լոյս կը տեսնէ 1851-ին արդիւնք սրատես եւ նուրբ քննութեան: Թէեւ ինչպէս Տիեզերական պատմութիւնը, նոյնպէս եւ այս գործը անաւարտ կը ձգէ Գաթըրճեան, բայց օր աւուր աւելի խոր միջամուխ կ'ըլլար նոյն մատենագրական ուսումնասիրութեանց մէջ՝ քննելով, լուսաբանելով եւ հրատարակելով հայերէն պաշտամունքի գիրքերը՝ ձեռագրական եւ պատմական հետազօտութիւններով: Գաթըրճեանի ծրագիրն էր երեւան հանել հայերէն Պատարագամատոյցը, Մաշտոցը, Տօնացոյցը, Վկայաբանութիւնը, Կանոնագիրքը եւ մինչեւ ԺԵ. դար հայերէն եւ Հայոց վերաբերեալ նամակներու ժողովածուն՝ Գիրք Թղթոցը:Ինչ որ հաւաքած ալ էր հարուստ ատաղձ, բայց դժբախտաբար իր բազմաթիւ արտաքին զբաղումները եւ կեանքի վերջին չորս տարիներուն դժնդակ հիւանդութիւնը կը կաշկանդէին զինք, եւ հազիւ վերջին օրերուն կը յաջողի ըստ էական մասին աւարտել պատարագամատոյցի ուսումնասիրութիւնը, որ մահուընէ 15 տարի ետք միայն լոյս կը տեսնէ խնամօք Հ. Յ. Տաշեանի (Սրբազան պատարագամատոյցք Հայոց, թարգմանութիւնք պատարագաց Յունաց, Ասորւոց եւ Լատինացւոց 1897): Ասոր մաս կը կազմէր նախնաբար Հանգանակին քննութիւնը, որ հայերէն եւ լատիներէն կրկին հրատարակութեամբ կը տպագրուի 1891-ին եւ 1893-ին (Հանգանակ հաւատոյ որով վարի Հայաստանեայց եկեղեցի 1891): Ձեռագիր կը մնան դեռ միւս գործերը՝ Կանոնագրոց, Մաշտոցի եւ այլոց քննութիւնք. իր այս հոյակապ ծրագիրին մէկ մասը կը կազմէ նաեւ Աստուածաշունչի վաւերական եւ անվաւեր գրոց քննական հրատարակութիւնը, առ այս իբրեւ նախափորձ կ'ընծայէ 1877-ին «Հանգիստ երանելւոյն Յովհաննու» անվաւերականին քննութիւնը՝ հայերէն եւ լատիներէն:

1860ական թուականներուն Հ. Գաթըրճեան կը գտնուէր Կ. Պոլիս իբրեւ վարիչ վարժարանին, ուր կրօնական հրատապ խնդիրներ կը յուզէին զինք կաթողիկէ եւ ոչ կաթողիկէ Հայերու միջեւ։ Ասիկսա առիթ կու տայ Հ. Գաթըրճեանի ուսումնասիրելու մանրամասնօրէն երկու եկեղեցիներու հաւատոյ իրաց մէջ ունեցած տարբերութիւնները՝ զուտ աստուածաբանական տեսակէտով, որուն արդիւնքը կ'ըլլայ «Հիմնական տարբերութիւնք» գործը (տպ. 1864-ին), որ փայլուն գրաւական մըն էր հեղինակին աստուածաբանական իրաց մէջ հմտութեան: Գործը պատճառ կու տար Տէրոյենցի հրապարակ հանելու Իրաւախոհը. որուն չի յապաղիր Գաթըրճեանի պատասխանը եւ ահա կը սկսի նոր շարք մը պոլեմիկ գրուածոց՝ Իրաւախոհի կեղծիք եւ իրաց ճշմարտութիւնը, որուն առաջին տետրակը լոյս կը տեսնէ 1873-ին եւ Բ.ը ձեռագիր աւարտած արդէն կը յանձնուի մամլոյ, բայց տպագրութիւնը խոչընդոտի կը հանդիպի: Բ. տետրակի գրութեան ամէնէն հետաքրքրական մասը պիտի պարզէր Հայոց Զ.-Ը. դարերու եկեղեցական պատմութենէն նորանոր էջեր: Նաեւ այս տետրակները ցոյց կու տան հեղինակին մտաց սրութիւնն աստուածաբանական իրաց մէջ։ Այս տեսակէտով հոս կը յիշուին նաեւ իր Քանի մը խօսքերը «Մասիս» լրագիրի թիւին մէջ (1854):

Սակայն այս մեծ գիտունին գրական գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր դեռ այս դոյզն տողերուն մէջ, իբրեւ ուսուցիչ Մխիթարեան միաբանութեան այլեւայլ վարժարաններու մէջ մերթ կրօնից, մերթ փիլիսոփայութեան, մերթ երկրաչափութեան եւ մերթ բնապատմական գիտութեանց, թարգմանած է նաեւ այլեւայլ դասագիրքեր, ինչպէս Փիլիսոփայութիւն, Երկրաչափութիւն (Մոչնիքի, տպ. 1864), Կենդանաբանութիւն եւ բուսաբանութիւն (Պսկոռնիխ) եւայլն, որոնք կը մնան անտիպ:

Բայց Գաթըրճեանի համբաւը կը հանգչի յատկապէս իր քննադատական-պատմական գործերուն վրայ, որմով ան քննական Հայոց պատմութեան նորակերտ շինուածքին հիմը կը դնէ: Եւ իբր այսպիսի ալ ճանչցուած է առ հասարակ բոլորէն:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]