Jump to content

Յակոբ Ասատուրեան

Յակոբ Ասատուրեան
Ծնած է Կապադովկիա, Զոմախլու գիւղ,
Ծննդավայր Չոմախլու, Դևելի, Կեսարիա, Թուրքիա[1]
Մահացած է 11 Օգոստոս 2003(2003-08-11) (100 տարեկանին)
Մահուան վայր Նիւ Ճըրզի
Քաղաքացիութիւն Ամերիկա
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարան
Քոլումպիա Համալսարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, երաժշտագէտ, երգիչ, բանաստեղծ, արձակագիր
Աշխատավայր բանաստեղծ, արձակագիր եւ երաժշտագէտ:

Յակոբ Ասատուրեան (ծնած է Կապադովկիա, Զոմախլու գիւղ, 3 Մարտ 1903 — 11 Օգոստոս 2003, Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ): Բանաստեղծ, արձակագիր եւ երաժշտագէտ:

Ծնած է 1903-ին, Կապադովկիայի Զոմախլու գիւղին մէջ, ուր եւ յաճախած է Խրիմեան վաժարանը: Հազիւ պատանեկան տարիքը թեւակոխած՝ հազարաւոր ճակատագրակիցներու հետ կրած է սուգն ու տառապանքը 1915-ի Եղեռնին, եւ անապատէն փախստական խումբի մը միացած՝ 1918-ին ապաստանած է Երուսաղէմ, Հայկական Բարեգործական Ընդ. Միութեան որբանոցը:

1921-1927 հետեւելէ ետք Նիւ Եորքի երկրորդական վարժարաններու գիշերային դասընթացքներուն՝ 1928-ին կը սկսի յաճախել Գոլումպիա համալսարանը. սակայն 1929-ի ամերիկեան տնտեսական աննախընթաց տագնապը մասնագիտական ուսման բոլոր կարելիութիւններէն կը զրկէ զինք։ Այդ թուականէն ետք իր ամէնօրեայ մտերիմները կ'ըլլան հայ գիրքն ու հայ թերթերը՝ զորս կ'ապահովէ հանրային գրադարաններէ։

Գրական ստեղծագործութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1923-ին հրատարակուած է իր առաջին բանաստեղծութիւնը՝ «Հայաստանի Կոչնակ» շաբաթաթերթին մէջ։ 1936-էն սկսեալ աշխատակցած է «Նոր Գիր» գրական հանդէսին՝ քերթողական ու արձակ էջերով, գրախօսական-վերլուծական տեսութիւններով եւ երաժշտութեան նուիրուած ակնարկներով։

1946-ին հրատարակած է անդրանիկ հատորը՝ «Անդաստան» (բանաստեղծութիւններ).

1962-ին՝ «Կոմիտաս Վարդապետ եւ հայ երգը».

1965-ին՝ «Յովակիմի թոռները» վիպաշունչ գործը, որ գրեթէ լրիւ կը պատկերացնէ իր կեանքը՝ ծննդավայր գիւղէն մինչեւ անապատ - աքսոր. այս գործը վերահրատակուած է 1974-ին, Հայաստանի մէջ.

1969-ին՝ «Քարի եւ հողի պատմութիւն» (հայրենական տպաւորութիւններ՝ իրական միջադէպերու վրայ բանուած պատկերներով). նոյն թուականին՝ «Կոմիտաս Վարդապետ» երկլեզու (անգլերէն եւ հայերէն) հատորը, աշխատակցութեամբ Սուրէն Մանուէլեանի եւ Ճէք Անդրէասեանի.

1978-ին՝ «Հարիւրամեակ - հանդիպումներ, յուշեր» խորագրուած հատորը, Կոմիտասը՝ ծննդեան հարիւրամեակին առիթով հայրենիքի մէջ կազմակերպուած հանդիսութեանց մեկնակէտով, սակայն հայրենական դէմքերու եւ դէպքերու մասին հաղորդական, ոգեպաշտիկ, ապրումով բաբախուն էջերով[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]