Յակոբ Աբգարեան
Յակոբ Աբգարեան | |
---|---|
Ծնած է | 1781[1] |
Ծննդավայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Մահացած է | 1845[1] |
Մահուան վայր | Պէյրութ, Լիբանան[1] |
Ազգութիւն | Հայ[1] |
Կրօնք | քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ, հանրային գործիչ |
Երեխաներ | Եօթը զաւակ: երեք մանչ, չորս աղջիկ |
Յակոբ Աբգարեան (1781[1], Պէյրութ, Լիբանան - 1845[1], Պէյրութ, Լիբանան[1]), Աշխարհական անունով ճանչցուած Յակոբ Աբգարեան հիմնադիրն է Աբգարիոս (արաբերէն հնչումով՝ Էպքարիոս) ծանօթ գերդաստանին, իր ծնողներուն մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունին։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 1781-ին Ագշէհիր, ուրկէ իր կրօնական անունը՝ Լիւստրացի, Ագշէհիրը կը ձգէ պատանի հասակին՝ հայերէն լեզուի նախնական ուսում մը ստանալէ յետոյ եւ կը մտնէ Երուսաղէմի Սբ. Յակոբեանց վանքի ժառանգաւորաց վարժարանը։ 1807-ին, 26 տարեկան հասակին կը ձեռնադրուի վարդապետ եւ պաշտօնով արտասահման կը ղրկուի վանքին համար հանգանակութիւն ընելու։ 1815-ին Պոլիս կ՚ուղարկուի որպէս Երուսաղէմի Պատրիարքին ներկայացուցիչ։ Պոլիս կը մնայ մինչեւ 1818: Ագշէհիր այցելելէ յետոյ Պոլսէն Երուսաղէմ կը ղրկուի մասնաւոր առաքելութեամբ մը, որու նպատակը չկրցանք ճշդել։ Երկու տարի յետոյ՝ 1820-ին, էջմիածինի մէջ եպիսկոպոս կը ձեռանադրուի եւ կուգայ Պոլիս։ Կարճ ժամանակ մը յետոյ կը հրաժարի Պոլսոյ իը պաշտօնէն եւ կ'երթայ Ագշէհիր։ Երուսաղէմի Պատրիարքին պնդումին վրայ, որ Երուսաղէմ վեյադառնայ, հոն կերթայ երկու տարի յետոյ կը ստանձնէ իը պաշտօնը։ Ինչպէս ըսինք 1824-ին կը հրաժարի կուսակրօնութենէն, նախ Սայտա եւ ապա Պէյրութ կը հաստատուի Յակոբ Աբգարեան աշխարհական անունով։ Աշխարհական կեանքի մէջ ալ ծանօթ դէմք կը դառնայ Յակոբ Աբգարեան։ Անգլիա կ՚այցելէ ու կ'ըսուի թէ թագաւորին ունկնդրութեան կ'արժանանայ։ 1825-ին Սայտայի անգլիական հիւպատոս կը նշանակուի, պաշտօն մը որ մինեւ 1829 կը պահէ։ Այս թուականէն մինչեւ 1845՝ իր մահը, կը հաստատուի Պէյրութ, ուր Ժամանակ մը Նէապոլսոյ թագաւորութեան եւ ապա Անգլիոյ հիւպատոս կը նշանակուի Սուրիոյ մէջ։ Պէյրութի մէջ հող կը գնէ եւ տուն կը շինէ այն ատեն քաղաքէն դուրս գտնուող այժմու անկլօ-ամերիկեան եկեղեցիին մօտ։ Այս նոյնինքն մեր հիմակուայ Սբ. նշան եկեղեցին է։ Յակոբի մահէն յետոյ իր բնակարանը Երուսաղէմի պատրիարքներէն՝ Յովհաննէսի կողմէ ծախու կ'առնուի եւ Սբ. երկիր գացող ուխտաւորներուն համար Սբ. Նշան անուամբ մատուռի կը վերածուի։ Այս մասին հետեւեալը կը կարդանք Սաւալանեանցի «Պատմութիւն Երուսաղէմի» գրքին 952րդ եջին վրայ։
Գործեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յակոբ նմանապէս հող գնեց Սայտայի մէջ։ Այժմու Տէյր Մուխալլէսի եւ շրջակայքի հողերը կը պատկանէին իրեն, զորս ինք ծախեց վերոյիշեալ վանքին։ Սա ալ ըսենք միջանկեալ կերպով՝ թէ այս երեք կարդացող կղերականներու Սայտա հաստատուիլը անկէ առաջ կուգար, որ այդ ժամանակ, այսինքն շուրջ հարիւր յիսուն տարի առաջ, Սայտա աւելի մեծ ու կարեւոր քաղաք մըն էր, քան՝ Պէյրութ, ինչպէս մանրամասն կերպով բացատրեցինք Պէյրութի պատմութեան մէջ։ Իր պատրիարքական ներկայացուցիչ նշանակուիլը 34 տարեկան հասակին եւ արքեպիսկոպոս ձեռնադրուիլը 39-ին, կ'ապացուցեն թէ բացառիկ կարողութեանց տէր մէկն էր Յակոբ Աբգարեան, մինչեւ վերջն ալ լաւ ու սիրալիր յարաբերութիւն մշակեց Երուսաղէմի պատրիարքութեան հետ։ Իր Պոլիս որպէս պատուիրակ ղրկուիլը լուրջ դժգոհութիւն կը պատճառէ իրեն։ Իսկ խռովաբար Եղիա վարդապետին պաշտօնի ետ կոչուիլը պատճառ կ'ըլլայ իր վանական կեանքէն հրաժարելուն։ Երուսաղէմի Պատրիարքին գրած նամակները կ'ապացուցեն թէ իր դիրքը պատրիարքարանի հանդէպ միշտ ալ բարեկամական էր։ Իր վերջին նամակով շնորհակալութիւն կը յայտնէ այդ ժամանակուայ Պատրիարք հօր, որ իր (Յակոբին) ընտանիքին պէտք եղած աջակցութիւնը եւ հիւրասիրութիւնը ընծայած են ինք եւ վանքը, երբ Յակոբին կինը եւ զաւակները Երուսաղէմ այցելութեան գացած են վանքին հետ առնչութիւն ունեցող հաշուական խնդրով մը, որ դեռ այդ ժամանակ առկախ կը մնար Յակոբին եւ վանքին միջեւ։ Հետաքրքրական է դիտել թէ նամակներէն ոմանք հայերէն գրուած էին, իսկ ուրիշներ ալ հայատառ թրքերէն։ Հայերէն նամակները ստորագրուած են Աբգարեան, իսկ հայատառ թրքերէն նամակները ստորագրուած են Ապիքարիոս կամ Աբգարիոս Եպիսկոպոս Ագշէհիրցի։ Ինչպէս գիտենք, Աբգար անունը մեզի՝ հայերուս անծանօթ անուն մը չէ։ Հաւանաբար Յակոբին մեծ հայրը Աբգար կը կոչուէր, ինչեւիցէ, այդքանը մեզ չի հետաքրքրեր։ Կ'ըսուի թէ այս Աբգարիոսը եւ Հնդկաստանի Աբգար ծանօթ ընտանիքը միեւնոյն գերդաստանին ճիւղերն են։ Հաւանաբար Յակոբ իր թրքերէն նամակներուն մէջ ստորագրած է Ապիքարիոս՝ հայկական եան յետադաս մասնիկը փոխելով իոս յունական յետադաս մասնիկով, որ դարձեալ եան կը նշանակէ յունարէն։ Ահա ասկէ կը բացատրուի Աբգարիոսի գերդաստանին արաբերէնով Էպքարիոսի փոխուիլը։ Հոս կ՚արժէ մատնանշել հետեւեալ կէտը եւս։ Յակոբ Աբգարեանի դստեր՝ փոքրիկն Մարթայի շիրմաքարին վրայ (որ կը գտնուի անկլօ-ամերիկեան հին գերեզմանատան մէջ) հայերէն գրութեան մէջ կ'ըսուի. «նորաբոյս ծաղիկ Աբգարեան զարմի», մինչդեռ, արաբերէնով կ'ըսուի. «Աբգարիոսի աղջիկը»: Որով այս մեզի խորհիլ կուտայ թէ լիւստրացի աշխարհական անունով հայ միջավայրի մէջ ճանչցուեցաւ որպէս Յակոբ Աբգարեան, իսկ օտարներու կողմէ կոչուեցաւ Եաղուպ, ապա՝ Աբգարիոս։
Ընտանիք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յակոբ Աբգարեան 1825-ին կ'ամուսնանա յ Պէյրութի մէջ Մասատ ծանօթ ընտանիքի աղջիկներէն՝ Հավվայի հետ, կ'ունենան եօթը զաւակ - երեք մանչ, չորս աղջիկ։ Ժօզէֆ եւ Մարթա կր մեռնին անչափահաս։ Յակոբի աղջիկներէն Ճէմէմիա եւ Էլիզապէթ կ'ամուսնանան տեղացի ընտանիքներու զաւակներու հետ, մինչ ամէնամեծ աղջիկը Մարիան կ'ամուսնանայ յոյն ծագումով Ա. Ֆիլիպիտէսի հետ։ Այս ընտանիքէն քաղաքիս ծանօթ փաստաբաններէն Մեթր Ճորճ Ֆիլիպիտէս։ Յակոբի մանչերուն ամէնամեծն էր Իսկէնտէր, իսկ փոքրիկը՝ Ճան (Եուհաննա), որոնք գրի գրականութեան եւ առեւտուրի սաւրէ ասպարէզին մէջ համբաւաւոր հանդիսացան եւ որոնց կենսագրութիւնները, ինչպէս նաեւ Աբգարիոս գերդաստանի այլ արժէքաւոր զաւակներուն կենսագրութիւնները, կուտանք հոս։ Յակոբ մեռաւ Հոկտ. 20, 1845-ին, 64 տարեկան հասակին եւ թաղուեցաւ այժմու անկլօ-ամերիկեան հին գերեզմանատան մէջ։ Շիրիմին վրայ դրուած է տապանաքար մը, որուն վրայ թէ՛ հայերէն (գրաբար) եւ թէ արաբերէն մակագրութիւն մը կայ, որուն արձանագրութիւնը եւ նկարը կուտանք։
Ինչպէս ըսինք, Յակոբ Աբգարեան եղաւ իր ժամանակին Պէյրութի ծանօթ անձնաւորութիւններէն։ Այս ուղղութեամբ հետեւեալը կը գրէ «Եաղուպ աղա (այսպէս ճանչցուած Յակոբ Աբգաբեան) մեծ կարողութեան տէր մարդ մըն էր եւ իր ժամանակին կառավարիչներու եւ կուսակալներու շարքին համբաւաւոր անձնաւորութիւն մըն էր Մերձ. Արեւելքի մէջ»:
Աս Սուր Թաղէն դէպի վեր անկլօ֊ամերիկեան եկեղեցին ելլող ճամբուն վրայ հին Պէյրութ քաղաքը գուռ մը ունի եղեր, որ այժմ ալ կը տեսնուի վերոյիշեալ ճամբուն աջին՝ փոսի մէջ եւ ի պատիւ Յակոբ աղա Աբգարեանի, կը կոչուի եղեր եւ տակաւին ալ կը կոչուի Պապ Եաղուպ։ Կը կարծուի թէ ժամանակին այս դուռը գոյութիւն չունի եղեր, սակայն երբ Յակոբ քաղաքէն դուրս հող մը գնած է (ինչպէս ըսինք՝ այժմու Սբ. Նշան եկեղեցիին վայրը), ինք ազդեցիկ անձնաւորութիւն մը ըլլալուն՝ դուռ մը բանալ տուած է, որ ի պատիւ իրեն կոչուած է Պապ Եաղուպ։ Մեր Սբ. Նշան եկեղեցին (այսինքն այն ատենուայ Յակոբ Աբգարեանի բնակարանը) Պէյրութէն շատ դուրս կը գտնուի եղեր։[2]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 1,8 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։