Jump to content

Մինաս Բժշկեան

Մինաս Բժշկեան
Ծնած է 15 Հոկտեմբեր 1777(1777-10-15)[1][2]
Ծննդավայր Տրապիզոն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 26 Նոյեմբեր 1851(1851-11-26)[1][2] (74 տարեկանին)
Մահուան վայր Ս. Ղազար կղզի, Վենետիկ, Աւստրիական Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Աւստրիական Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Կրօնք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի
Ուսումնավայր Սուրբ Ղազար կղզու վանք?
Մասնագիտութիւն բանասէր, ուսուցիչ, պատմաբան, ազգագրագետ, երաժշտագէտ, քերական, դասախօս, ուսումնասիրող, Կաթոլիկ քահանայ

Հայր Մինաս Բժշկեան (15 Հոկտեմբեր 1777(1777-10-15)[1][2], Տրապիզոն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - 26 Նոյեմբեր 1851(1851-11-26)[1][2], Ս. Ղազար կղզի, Վենետիկ, Աւստրիական Կայսրութիւն), հայ բանասէր, մանկավարժ, պատմաբան, ազգագրագէտ, երաժշտագէտ, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ։

Հայր Մինաս Բժշկեան ծնած է Տրապիզոն, 15 Հոկտեմբեր 1777-ին։ Վարդապետ ձեռնադրուած է Ս. Ղազարի մէջ, 1804-ին։ Շուտով, միաբանութիւնը զինք ղրկած է Թուրքիա՝ կրթական առաքելութեամբ։ Շրջան մը գործած իր ծննդավայրին մէջ, շրջան մըն ալ Պոլիս:

1825-ին հեռացած է Թուրքիայէն ու հաստատուած՝ Ղարասու-բազար (Խրիմի թերակղզին), որպէս տեղւոյն հռոմէադաւան հայերու հոգեւոր հովիւ։ Շուրջ քսան տարի գործած է հոն, անդադար շարունակելով իր կրթական ու գրական աշխատանքները։

Իբրեւ լեզուագէտ, զբաղած է քերականական հարցերով։ Հայ հին ձայնագրութեան եւ երաժշտական խազերու մասնագէտ եղած է։

Բազմաշնորհ վարդապետը վախճանած է Վենետիկ, 1851-ին։

«Բազմաշնորհ» ածականը կը պատշաճի հին շրջաններու գրեթէ բոլոր Մխիթարեան վարդապետներուն։ Եթէ սերտենք իւրաքանչիւրին կենսագրութիւնը, ապա դիւրաւ պիտի համոզուինք, թէ անոնք մեծաւ մասամբ ո՛չ միայն բազմաշնորհ էին, այլեւ բազմաշխատ, բազմահմուտ, բազմավաստակ, բազմալեզու, եւ տէր՝ բազմահատոր գործերու…։ Ս. Ղազարու վանքը կարծէք կը դիւթէր կամ կը կերպարանափոխէր պոլսեցի ու գաւառացի հայ ուսումնատենչ երիտասարդները, որոնք ոտք դնելով այնտեղ՝ ա՛նպայման կը հետեւէին հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացիի բազմաշխատ ու բազմարդիւն ուղիին…։ Ահա՛ անոնցմէ մէկը եւս,– Հ. Մինաս Բժշկեան։
- Լեւոն Շառոյեան [3]


Հրատարակութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայր Մինաս Բժշկեան եռանդուն կողմնակից էր աշխարհաբարի։ Պոլիս ապրած ժամանակաշրջանին աշխարհաբարով թատերգութիւններ գրած է՝ դպրոցական բեմերու համար։ Այդ թատերգութիւններէն ոմանք իր իսկ հսկողութեամբ ներկայացուած են Տիւզեաններու Գուրուչէշմէի ապարանքին մէջ, 1815-ին։

Բժշկեանի գլխաւոր մտասեւեռումը պատանիներու դաստիարակութիւնն էր։ Այդ հիմամբ ալ, 1815-ին հրատարակած է «Ճեմարան գիտելեաց» դասագիրքը, ուր կը խօսէր գիտութեան եւ արուեստներու տարբեր ճիւղերուն մասին։

1818-ին հրատարակած է «Հմտութիւն մանկանց» աշխարհաբար դասագիրքը (չորս մասերով):

Այս գրքին մէջ հանրամատչելի տեղեկութիւններ կու տար զանազան ժողովուրդներու (Պարսիկներ, Թուրքեր, Վրացիներ, Հնդիկներ, Չինացիներ, Ափրիկեցիներ…) պատմութեան, կենցաղին ու հաւատալիքներուն մասին։
- Լեւոն Շառոյեան[3]


1818-ին Բժշկեան ֆրանսերէնէ կատարած է «Առակք Եզովբոսի» 540 էջանի հայերէն թարգմանութիւնը (1818)[4], որ քանիցս վերատպուած է։ Այս գիրքն ալ, նախորդներուն նման, տպուած է Վենետիկի մէջ։ Նոյն տարին, լոյս տեսած է ֆրանսերէնէ թարգմանած Ռոպենսոն Գրուզոյի պատմութիւնը, 600 էջ, աշխարհաբարով:

1817-1818 տարիներուն, Հ. Բժշկեան առիթ ունեցած է երկար ճանապարհորդութիւն մը կատարելու Սեւ ծովու ամբողջ երկայնքին՝ Տրապիզոնէն սկսեալ մինչեւ Պոլսոյ ափունքը։ 1819-ին առանձին գրքով հրատարակած է իր ուղեգրութիւնը՝ «Պատմութիւն Պոնտոսի, որ է Սեւ ծով» հատորը։

Այս գրքին մէջ որքա՜ն շահեկան նիւթեր կրնանք գտնել այսօր՝ տեղաբնակ Յոյներու, Լազերու, մա՛նաւանդ իրենց քրիստոնէական հաւատքը կորսնցուցած Համշէնահայերու մասին…։
- Լեւոն Շարոյեան


Բժշկեանից տեղեկանում ենք, որ մուսուլման համշէնցիների նման` Տրապիզոն գաղթած քրիստոնեայ համշէնցիները նոյնպէս խօսել են այդ բարբառով: 1817-1819 թթ. տուեալ բնակավայրում շրջած Մինաս Բժշկեանը յայտնում է. «(Տրապիզոնի) գիւղերում եւս Հաչդուր կոչուող մանր մզկիթներ կան: Քանի որ գիւղական բնակչութիւնը Համշէնից է, իսկ քաղաքայինը` Անիից, մեծ տարբերութիւն է առկայ նրանց բարբառների միջեւ»:
- Համշէնական Ինքնութիւնը Օսմանեան Փաստաթղթերում Թուրքերէնից թարգմանեց ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆԸ


Այս ուղեգրութիւնը Հրանդ Տէր Անդրէասեանի կողմէ թրքերէնի թարգմանուած ու տպուած է 1967-ին, Պոլիս, «Karadeniz Kıyıları Tarih ve Coğrafyası 1817-1819» անունով։

1830-ին, Լեհաստան կատարած իր քննական մէկ ճամբորդութեան տպաւորութիւնները հաւաքած է «Ճանապարհորդութիւն ի Լեհաստան» հատորին մէջ (1830), նկարագրելով վերջալոյսն ու մաշումը լեհահայ պատմական համայնքին, որուն նախահայրերը Անիէն եկած էին։

1838-ին, մշակած ու հրատարակած է «Սրբազան պատմութիւն» խորագրեալ երկհատոր գործ մը, ուր կը խօսի քրիստոնեայ եկեղեցւոյ սկզբնաւորման ու օրէնքներուն, ինչպէս նաեւ Հռոմի քահանայապետերու պատմութեան մասին՝ Պետրոս Առաքեալէն մինչեւ Գրիգոր ԺԶ. պապը (1830-ական թուականներ)։

Հ. Բժշկեան ունի ռուսերէնի քերականութեան նուիրուած հայերէն աշխատասիրութիւն մը (1828), նաեւ՝ հայերէնի քերականութեան ռուսալեզու դասագիրք մը (1840)։ Քերականական այլ ձեռնարկ մըն ալ ինքզինք կը բացատրէ իր վերնագրով իսկ,- «Քերականութիւն բազմալեզու, յորում բովանդակին սկզբունք արաբացի, պարսիկ, օսմանեան եւ թաթար բարբառ, հանդերձ ծանօթութեամբք այլ եւ այլ լեզուանց» (1844)։ Ասոնց կողքին, գրած է կենսագրական բառարան մը՝ նշանաւոր դէմքերու մասին ամփոփ տեղեկութիւններով (1850)։

Հայր Մինաս մասնագէտ մը եղած է հայ հին ձայնագրութեան եւ երաժշտական խազերու։ Գործակցեր է ժամանակաշրջանի պոլսահայ յայտնի երաժշտագէտ Պապա Համբարձում Լիմոնճեանին։ Երաժշտագիտական իր անտիպ մէկ ուսումնասիրութիւնը (որուն մասին լայնօրէն խօսած էր Հայր Ղեւոնդ Տայեան «Գեղունի»-ի 1927-ի թիւին մէջ) լոյս տեսաւ Երեւան, 1997-ին, փարիզաբնակ երաժշտագէտ Արամ Քերովբեանի հոգածութեամբ։
- Լեւոն Շառոյեան [3]


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]