Ղեւոնդ Տայեան
Ղեւոնդ Տայեան | |
---|---|
Ծնած է | 30 Յունիս 1884 |
Ծննդավայր | Պարտիզակ (Քոճայելի) |
Մահացած է | 12 Սեպտեմբեր 1968 (84 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Ս. Ղազար կղզի, Վենետիկ, Իտալիա |
Մասնագիտութիւն | երաժշտագէտ |
Հ. Ղեւոնդ Տայեան (30 Յունիս 1884, Պարտիզակ (Քոճայելի) - 12 Սեպտեմբեր 1968, Ս. Ղազար կղզի, Վենետիկ, Իտալիա), հայ երաժշտագէտ, Մխիթարեան միաբանութեան անդամ։
1890 թուականէն ուսանած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մէջ, երեւան բերել, յատկապէս, երաժշտական ու երգեցողական ակնառու ունակութիւններ։
1911-14 թուականներուն Հռոմի մէջ ուսումնասիրած է Գրիգորեան երգեցողութիւն եւ երաժշտական հնագրութիւն։ Այնուհետեւ նուիրուած է հայ հոգեւոր երաժշտութեան հետազօտման, իտալական եւ գերմանական հանրագիտարաններու եւ զանազան միջազգային համաժողովներու մէջ այդ նիւթին շուրջ հանդէս եկած է յօդուածներով ու հաղորդումներով։
Երկար տարիներ զբաղած է մանկավարժութեամբ, 1921-1927 թուականներուն՝ «Բազմավէպի» խմբագիր։ 1916-1941 թուականներուն եւրոպական նոթագրութեամբ գրի առած է եւ 1952 թուականէն սկսեալ հատոր առ հատոր հրապարակած է շարականներուՂազարի մէջ բանաւոր հաղորդմամբ պահպանուած եղանակները (սկզբնաղբիւր կը նկատուին Մխիթար Սեբաստացիի աւանդած եղանակները, որոնք ան 1891-1992 թուականներուն սորված է Էջմիածինի եւ Հայաստանի այլ վանքերու մէջ հրատարակութիւնը չէ աւարտած)։
Իր գրառած շարակնոցին մէջ փորձած է փոփոխութեան ինքնահնար «մոնոսիս» եւ «թրեզսիս» (1/4 եւ 3/4 թոն բարձրացնող) ու «պեմոլէթ» եւ «պեմոլոն» (1/4 եւ 3/4 թոն իջեցնող) նշաններու օգնութեամբ գրաւոր դրսեւորել հայ մոնոտիք երաժշտութեան անհաւասարաչափ աստիճանը։
Տայեանի շարակնոցը, որպէս շարականներու շուրջ երկուքուկէս դար աւանդապահօրէն հաղորդուած ամբողջական տարբերակ մը, ինքնուրոյն արժեք կը պահպանէ։ Տայեան հեղինակած է նաեւ «Եղիշէի չորս եղանակները հնագոյն գրչագրի մը մէջ» (1911), «Կոմիտաս վարդապետ» (1936) եւ այլ աշխատութիւններ, աշխարհիկ եւ հոգեւոր երգեր։