Միմար Սինան


թրք.՝ Mimar Sinan
արաբերէն՝ قوجه معمار سنان آغا
Ծնած է 15 Ապրիլ, 1490
Ծննդավայր Կեսարիոյ գաւառի Աղրնաս Գիւղ
Մահացած է 8 Յունիս,1588
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս[1]
Երկեր/Գլխաւոր գործ Ferhat Pasha Mosque?, Banya Bashi Mosque?, Շեհզատէ, Սիւլեյմանիէ մզկիթ, Սելիմիէ մզկիթ, Մեհմետ փաշա Սոկոլովիչի կամուրջ եւ Մոստարի կամուրջ?
Մասնագիտութիւն Ճարտարապետ
Ամուսին Fatma Nur?
Ստորագրութիւն

Միմար Սինան (արաբ.՝ معمار سينان, ծնած 15 Ապրիլ 1490, Կեսարիոյ գաւառի Աղրնաս Գիւղ, 8 Յունիս 1588, Կ. Պոլիս[2])՝ 1539-ին Սինան Աղա Օսմանեան կայսրութեան ատեն գործած է իբրեւ գլխաւոր ճարտարապետ, Սուլթան Սիւլէյման Ա.-ի շինարար ճարտարապետը եղած է եւ պատասխանատու՝ աւելի քան 300 մեծագոյն շինարարութիւններու եւ ուրիշ պարզ նախագիծերու:

1502-ին, պատանի հասակին ուսանած է Կ. Պոլսոյ Աճեմի օղլաններու (քրիստոնեաներու) դպրոցին մէջ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սինան Միմարի կիսանդրին

Ծնած է 15 Ապրիլ 1490-ին, Թուրքիա, Կեսարիոյ գաւառի Աղրնաս գիւղին մէջ[3]: Քարագործի զաւակ է, հասած է գիտարուեստական ուսման մակարդակի. 1503-ին ընդունուած է զինուորական դպրոց, սկիզբը ծառայած է ենիչերիներու զօրամասին մէջ իբրեւ սակրաւոր սպայ, ապա իբրեւ գլխաւոր հրամանատար, նշանաւոր դարձած է կամուրջներու եւ ռազմական կառոյցներու շինարարութեան ասպարէզներուն մէջ[2]։

1551-ին արժանացած է փաշայի (զօրավար) աստիճանին (աշխարհի առաջին հայ զօրավարն է)։

Մօտաւորապէս 50 տարեկանին, զինք արքայական գլխաւոր ճարտարապետ նշանակած են[4]:

Գործերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գոր­ծած է ­Սիւ­լէյ­ման Ս­քան­չե­լիին իշ­խա­նու­թեան օ­րով։ Սինանի կը վերագրուի շուրջ 360 շինութիւն: Միայն Թուրքիոյ մէջ կառուցած է 81 մեծ եւ 50 փոքր մզկիթ, 55 «մետրեսէ» (դպրոց), 19 դամբարան, 7 գրադարան, 14 մինարեթ (շէնք), 3 հիւանդանոց, 8 կամուրջ, 17 «քարվանսարայ» (պանդոկ), 31 պալատ, 35 բաղնիք, պահեստներ եւ այլն։

Պաշ ԽալՖա տիտղոսը շահած այս ճարտարապետին կառուցած մզկիթներուն, մետրեսէներուն, պալատներուն, խաներուն եւ հրապարակներուն վրայ կամարակապ շինութիւններուն կը հանդիպինք ամէնուրեք այսօրուան Թուրքիոյ տարածքին։

Կառոյցներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամէնէն նշանաւոր գործերէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շեհզատէ մզկիթին համալիրը բաղկացած է աղօթասրահէ եւ գաւիթէ, յատակագիծերը քառակուսի են, ծաւալային յօրինուածքը՝ բրգաձեւ:

Սինան առաջինն էր, որ յայտնաբերած էր նոր երկրաչափական տեսքով յենարան մը, որ կ'օգտագործուէր եկեղեցիներու գմբէթը կապելու սիւներու հետ, ասիկա ակնյայտ է Սոքուլլու Մեհմէտ Փաշայի (Sokollu Mehmet Paşa) մզկիթին մէջ՝ Կ. Պոլսոյ (1571-1572) եւ Սալիմիէի (Selimiye) մզկիթին մէջ՝ Էտիրնէ:

Սուլէյմանիէ մզկիթին մէջ նախօրինակ ունենալով Կ. Պոլսոյ Ս. Սոֆիայի տաճարը՝ Սինան յանգած է շինարարական եւ գեղագիտական իւրովի լուծումներու: Գմբէթին բարձրութիւնը՝ 53 մ., տրամագիծը՝ 27 մ. կը յենի 4 հսկայական մոյթերու վրայ։ Կողային նաւերը ծածկուած են հինգական տարբեր չափի գմբէթներով: Արտաքին ծաւալին չորս անկիւններէն վեր կը սլանան մինարէթներ: Սինանի կառուցած Սելիմիէ մզկիթը համաշխարհային ճարտարապետութեան մէջ նշանաւոր է իբրեւ Օսմանեան ճարտարապետութեան գլուխ գործոցը: Բլուրի գագաթին կառուցուած համաչափ յօրինուածքով այս համալիրը շրջափակուած է ուղղանկիւն պատերով: Կեդրոնը իրարու կից գաւիթն ու աղօթասրահն են, մէկ անկիւնը քառակուսի յատակագիծով գերեզմանատունն է, իսկ պարսպապատի երկար կողի ողջ երկարութեամբ՝ շուկան:

Սուլէյմանիէ եւ Շեհզատէ մզկիթները արձանագրուած են Եունեսքոյի Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին մէջ։

Սինան՝ Կեսարիոյ հայ-յունական ճարտարապետական դպրոցին մեծագոյն ներկայացուցիչը ըլլալով, դարձած է հայկական բիւզանդական (Յուստինիանոսի շրջան) գմբէթաշինութեան աւանդները շարունակող մեծագոյն վարպետներէն մէկը, ԺԶ. դարու Օսմանեան ու եւրոպական ճարտարապետական տեսանկիւնէ տաղանդաւոր ճարտարապետ մը, որ մեծ դեր ունեցած է Օսմանեան ճարտարապետութեան զարգացման եւ որ կը ձգտէր գագաթնակէտին հասնիլ:[5]

Սելիմիէի մզկիթը իր գլուխ գործոցն էր, իւրայատուկ էր Օսմանեան կայսրութեան միօրինակ ճարտարապետութեան մէջ: Երբ Միմար Սինան կը սկսի կառուցել այս մզկիթը ճարտարապետերը կ'արտայայտուին, թէ անհնար է կառուցել այնպիսի մզկիթի գմբէթ մը, որ աւելի մեծ ըլլայ քան Ս. Սոֆիայի տաճարին գմբէթը եւ այս մէկը յատկապէս մահմետականներու կարծիքն էր. այս կարծիքները աւելի խթան կը հանդիսանան, որ ան այս նախագիծը իրականացնէ: Երբ յաջողութեամբ կ'իրագործէ Սելիմիէ մզկիթին նախագիծը, շատ կը հպարտանայ, որ աշխարհի ամէնէն մեծ գմբէթը ունի: Գմբէթին բարձրութիւնը գետնի մակարդակէն աւելի ցած էր, իսկ տրամագիծը՝ աւելի լայն (0,5 մ.), կեդրոնական գմբէթը ութանկիւն էր (31,28 մ. լայնք եւ 42 մ. բարձրութիւն) յենարաններու վրայ պատուած մարմարով եւ հատաքարով, իսկ չորս մինարեթները՝ 83 մ. բարձրութեամբ: Այս մզկիթը կը դառնայ քաղաքին խորհրդանշական կառոյցը:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]