Jump to content

Մենք (գրական խմբակ)

Մենք գրական խմբակ:

Գործուն եղած է 1930-1933 թուականներու ընթացքին:

«Մենք» պարբերաթերթը լոյս կը տեսնէ հինգ թիւերով։ Այս խմբակը գրական ակումբ մը ըլլալէ անդին՝ գրական եւ մտաւորական շարժում մը կ'ըլլայ սփիւռքի նախնական տարիներուն։ Այս խմբակի անդամները կ՚երազէին անդրազգային նորագոյն գրականութեան մը ստեղծումը։ Անոնք նպատակ ունէին համախմբել տարբեր գաղութներու (համայնքներու) մէջ ցրուած հայ գրողներն ու մտաւորականները, այս նոր գրականութեան գաղափարին շուրջ, մերժելով անցեալէն եկած արեւմտահայ գրականութեան աւանդոյթը։ Այս խմբակի անդամները, նոյնանուն պարբերականով եւ առանձին հրատարակուած գեղարուեստական այլ գործերով փորձեցին հայ ինքնութիւնը վերակերտել եւ վերասահմանել սփիւռքեան, նոր պայմաններուն մէջ։[1]

«Մենք»ի հիմնադրութեան նախադրեալները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1915 թուականին տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը (անգլերէն՝ The Armenian Genocide) ունեցաւ տարբեր հետեւանքներ։ Անոնցմէ ամէնաշոշափելին հայկական սփիւռքի գոյացումն էր։ Այս նոր իրականութեան թելադրած հարցերն ու խնդիրները իրենց արտահայտութիւնը պետք է ունենային այդ օրերու մտաւորականութեան ու գրականութեան վրայ։ Աշխարհագրական, քաղաքական, տնտեսական ու հոգեբանական նոր պահանջներն ու գործօնները ձեւաւորեցին սփիւռքահայ գրականութիւնը։ Այս գրականութեան ստեղծումին մէջ առանձնայատուկ դերը խաղաց ֆրանսահայ գաղթավայրը[2]։

«Մենք»ի հիմնադրութիւնը ծանուցանող յայտարարութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մենք, ստորագրեալներս, երիտասարդ գրողներ, Փարիզի մեջ կազմած ենք գրական խմբակ մը, «Մենք». հետեւեալ յառաջադրութիւններով ․–

Սերտ ընկերական կապ հաստատել եւ զօրացնել անկեղծ համերաշխութեան ոգին իրարու մեջ, այդպիսով աւելի արդիւնաւետ կերպով ծառայելու համար հայ մշակոյթին եւ գրականութեան։

Մեր համերաշխութեամբն ու համագործակցութեամբն իսկ, որ երբեք չպիտի խափանէ իւրաքանչիւրիս անհատականութեան ազատ ու լրիւ զարգացումը, շաղախ հանդիսանալ չորս ափերով ցրուած երիտասարդ գրողներու միջեւ ու այդպիսով դիւրացնել հայ նորագոյն գրականութեան ազատ զարգացումն ու ծաղկումը։

Փնտռելով իւրաքանչիւրին մօտ նոյն ժողովրդի զաւակներուն յատուկ հասարակաց գծեր, ներշնչումներ ու մտահոգութիւններ. ճամբայ հարթել, որոնել եւ կերպարանք տալ, ժամանակի ընթացքին, ընդհանուր հանգանակի մը, որ ազատութիւն տալով հանդերձ իւրաքանչիւրին անհատականութեան, համապատասխանէ հայ մշակոյթի պահանջներուն։
- Խմբային յայտարարութիւն, Մենք, 1931 թիւ 1, Փարիզ, էջ 3


«Մենք»ի «Տղաքը»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նիկողոս Սարաֆեան, պարբերաթերթի երկրորդ թիւէն ետք կը լքէ խմբակը, երբ կակամարաութիւնները եղեր էին ծայրայեղօրէն սուր։[3]

ԲԻԶԱՆԴ ԹՕՓԱԼԵԱՆ

ՓԱՅԼԱԿ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

ԱՐՇԱՄ ՏԱՏՐԵԱՆ

Զ. Մ. ՈՐԲՈՒՆԻ

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ

ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ

ՇԱՒԱՐՇ ՆԱՐԴՈՒՆԻ

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

ՆԻԿՈՂՈՍ ՍԱՐֆեԱՆ

ՂԵՒՈՆԴ ՄԵԼՈՅԱՆ

ՀՐԱՉ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

ՌԱՖԱԷԼ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՖՐԷՆԿԵԱՆ

ՈՍՏԱՆԻԿ

Գ. ԳԵՂԱՐՔՈՒՆԻ

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Լույս է տեսել Նիկողոս Սարաֆեանի «Վենսենի անտառ» գրքի անգլերեն տարբերակը»։ nt.am։ արտագրուած է՝ 2024-08-15 
  2. cultural (2013-12-11)։ ««Մենք» հանդեսը»։ cultural.am (armenian)։ արտագրուած է՝ 2024-07-29 
  3. Գրիգոր Պըլտեան, Նամակ Ն․Սարաֆեանի Մասին Ուղղուած Յարութիւն Պէրպէրեանին՝ 15-Յունիս-1987։ Հրապարակուած Բագին գրական հանդէս, օգոստոս 1987։