14 (Նիկողոս Սարաֆեան)
14 կամ Տասնը Չորս գիրք մըն է՝ քերթուածներու փունջ մը ժողվող, ֆրանսահայ գրող (բանաստեղծ, վիպասան) Նիկողոս Սարաֆեանի գրիչով՝ անոր երկրորդ հատորը։[1][2] Կապուած է ՝ֆրանսական յուլիս 14-ի հետ (ֆրանսերէն՝ le 14 juillet), առաջին անգամ կը հրատարկուի 1933-ին։
Այստեղ Նիկողոս Սարաֆեան, նոր ձեւի մշակումով կ՚անդրադառնայ հայոց ցեղասպանութեան ու հայ ժողովուրդին կրած տառապանքներուն, կ՚ափսոսայ անոր ցաւը, թախիծը. բայց կը ցնծայ յաղթանակներով ու լուսաբացով: Կը բարձրացնէ Ճիչ անարդարութեան ու կ՚ուղղէ պահանջատիրութեան կոչ ապագայ սերունդին: Որպէս սփիւռքահայ (ֆրանսահայ) գրող կ՚արտացոլացնէ սփիւռքահայութեան ուրոյն ներաշխարհը: Իր Ժամանակի գրականութեան հետ քայլ պահող այս ստեղծագործութիւնը թերեւս անհասկնալի թուի շատերուն, բայց խորը թափանցելով կարելի է տեսնել միտքը, փիլիսոփայութիւնը, հայրենասիրութիւնը : Սարաֆեան ունի իւրայատուկ ոճ եւ հարուստ պատկերներ:[1] Գիրքը փոքր է ծաւալով։[2]