Jump to content

Մատթէոս Ջուղայեցի

Մատթէոս Ջուղայեցի
Ծնած է 1350
Ծննդավայր Հին Ջուղա
Մահացած է 1411
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Գլաձորի համալսարան[1]
Ազդուած է Գրիգոր Տաթեւացի
Մասնագիտութիւն մեկնիչ, ուսուցիչ, գրիչ
Աշխատավայր Մատենագիր, գրիչ, մանկավարժ

Մատթէոս Ջուղայեցի (ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ), 14-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 15-րդ դարու սկիզբի հայ մեկնիչ, մանկավարժ եւ գրիչ, որուն աշխատութիւնները մեծապէս ընդօրինակուած ու տարածուած են Հայաստանի եւ հայաշատ գաղթավայրերու մէջ։

Ծնած է հին Ջուղա։[2][3] Նախնական կրթութիւնն ստացած վայրն անյայտ է։ Բարձրագոյն կրթութիւն ստացած է Տաթեւի համալսարանին մէջ՝ աշակերտելով Յովհան Որոտնեցիին ու Գրիգոր Տաթեւացիին։ Շրջագայած է Հայաստանի եւ Փոքր Ասիոյ մէջ, գացած է Կոստանդնուպոլսում։ 1393 թուականէն մի քանի տարի առաջ Մատթէոս ճամբորդած է Խաչէնի շրջանները, Աղթամար։[4] Տիրապետած է մի քանի լեզուներու։ Երիտասարդ տարիներուն, ո՛չ միայն ուսումնասիրած է հայ մատենագրութիւնը, այլեւ՝ տիրապետած է արաբերէն գրաւոր լեզուին, ուսումնասիրած է իսլամական կրօնական գիրքեր, առած ու մեկնաբանած է քաղուածքներ։

1391 թուականին Երնջակի Ապրակունեաց վանքին մէջ կը գրէ իր առաջին աշխատութիւնը՝ «Մեկնութիւն Ղուկասու Աւետարանին»։ Գրիգոր Տաթեւացիին աշակերտելէ ետք, 4-5 տարի անց, Ջուղայեցին սկսաւ ինքնուրոյն աշխատութիւններ մեկնաբանել։ 1392 թուականին Աղթամարի մէջ գտնուած ժամանակ՝ Մատթէոսը կը վիճի մուսուլմանի մը հետ, որուն մասին կը պատմէ իր «Վասն Հարցման Անօրինաց․ Զանազան Պատասխանիք» խորագրով աշխատանքին մէջ։ 14-րդ դարու 90-ական թուականներէն Ջուղայեցին արդէն ճանչցուած վարդապետ էր Սիւնիքի եւ Վասպուրականի մէջ։ Այդ տարիներուն Լենկ Թեմուրի զօրքերն կ՛ասպատակէին Հայաստանի նահանգներն ու շրջանները, գերի կը տանէին բնակիչները, կ՛աւերէին գիւղերն ու քաղաքները։ Այս իրադարձութիւններուն մասին Ջուղայեցին գրած է 1395 թուականին՝ Տաթեւի վանքի մէջ։[5] Լենկ Թեմուրի զօրքերը 13 տարի պաշարման մէջ կը պահեն Երնջակի բերդը, ուր կը գտնուէր նաեւ Մատթէոս Ջուղայեցին։ Այնտեղ ան կը գրէ Յակոբ Մծբնայ հայրապետին նուիրուած տաղ մը։ Յայտնի չէ, թէ Ջուղայեցին պաշարումէն երբ դուրս եկած է, սակայն յայտնի է, որ 1393 թուականին կը գտնուէր Տանձափարախ անապատին մէջ, ուր գրած է «Վասն Քարոզութեան Բանի» աշխատութիւնը։

1395 թուականինան մշտապէս կը հաստատուի Տաթեւի մէջ։ Շուտով ձեռք կը բերէ մեծ փորձ դասախօսական ոլորտէն ներս եւ մի քանի տարի անց կը դառնայ Տաթեւի համալսարանի գլխաւոր վարդապետերէն մէկը։ Ասոր մասին, 1402 թուականին, կը վկայէ Թովմա Սիւնեցի գրիչն իր յիշատակարանին մէջ՝ Ծար գաւառի Քարավաճառ գիւղին մէջ։[6] Ըստ 1407 թուականի իր ինքնագիր յիշատակարաններէն մէկուն՝ Ջուղայեցին միաժամանակ կը վարէր նաեւ Տաթեւի վանքի վանահօր պաշտօնը։ 1407 թուականին ան ոմն Մըմբարաքշահի պատուէրով կը նկարագրէ ժամանակի քաղաքական իրավիճակը, ընդօրինակած՝ աւետարանի մը վերջաւորութեան մէջ։

Մատթէոսը հայ ժողովուրդի հետ միասին որոշ յոյսեր կը կապէր Լենկ Թեմուրի պարտութեան հետ։ Կը կարծէին, թէ՝ անոր պարտութեամբ ժողովուրդի եւ երկրի վիճակը կը բարելաւուէր, սակայն այդ սպասելիքները չարդարացան, որուն մասին ան կ՛անդրադառնայ Գրիգոր Տաթեւացիի թաղման ժամանակ արտասանած դամբանականին, ինչպէս նաեւ «Քննութիւն Գործոց Առաքելոց» յիշատակարանին մէջ։ Երկրի մէջ տիրող ծանր իրավիճակը Մատթէոս՝ 1411 թուականին, կը նկարագրէ իր վերջին աշխատութեան մէջ։

1411 թուականէն ետք Ջուղայեցիի մասին որեւէ յիշատակութիւն չկայ։

Ստեղծագործական կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ստեղծագորելծով շուրջ 3-4 տասնամեակ (1380-1410-ական թուականներ)՝ Մատթէոս Ջուղայեցին ձգած է գրական հարուստ ժառանգութիւն՝ գանձեր ու տաղեր (Գրիգոր Ծերենցի պատուէրով), բազմաթիւ մեկնութիւններ, մօտ 50 քարոզ, Գրիգոր Տաթեւացիի թաղման (Յունուար, 1410) արտասանած դամբանականը։ Որոշ երկեր պահպանուած են իր իսկ ինքնագիրով։ Գաղափարական պայքար մղած է միարարական շարժման դէմ՝ հայ եկեղեցւոյ ազգային-դաւանական անկախութեան համար։ Անոր ստեղծագործութիւններն ունին պատմա-ճանաչողական արժէք, հարուստ տեղեկութիւններ կը պարունակեն Լենկթեմուրի եւ Քարաքոյունլուներու շրջանի՝ Հայաստանի ներքին կեանքի, քաղաքական վիճակի, ընկերային-տնտեսական յարաբերութիւններու, դասային կառուցուածքի, քաղաքային ու գիւղական համայնքներու, կենցաղի, զբաղումներու, հարկատեսակներու, արհեստաւորական եւ գիւղատնտեսական աշխատանքներու, միջնադարեան թատրոնի, ժամանակի բնական գիտութիւններու վերաբերեալ։ Պահպանուած են Մատթէոս Ջուղայեցիի օրինակած քանի մը արժէքաւոր գրչագրեր։

14-րդ դարուն հին Ջուղան փոքրիկ գիւղաքաղաք մըն էր, որ կը գտնուէր Արաքսի յայտնի կամրջին քով։ Այստեղէն կ՛անցնէր միջազգային նշանակութիւն ունեցող կարաւանային ճամբաներէն մէկը[7]։ Ջուղան այդ ժամանակ վերածուած էր առեւտրական հանգրուանի, իսկ ջուղայեցիները որպէս առեւտրականներ ու միջնորդներ կը մասնակցէին այդ առեւտուրին։ Այդ իսկ պատճառով Ջուղայեցիի աշխատութիւններուն մէջ կան առեւտուրի եւ արհեստի մասին բազմաթիւ տուեալներ։

17-րդ դարու հեղինակ Վարդան Բաղիշեցին իր «Ով ոք են արարեալ զլուծմունքս եւ զքաղուածոյս գրոց» ցուցակին մէջ Գրիգոր Տաթեւացիի եւ Առաքել Սիւնեցիի հետ միասին կը յիշատակէ նաեւ Մատթէոս Ջուղայեցիին։

1750 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնէ անոր «Վասն քարոզութեան բանի, առեալ ի վարդապետութենէ սուրբ հօրն Եւագրեայ․․․» աշխատութիւնը։

Մխիթարեան հայագէտները կ՛արհամարհէին միջնադարեան հայ մատենագրութեան բոլոր այն գործիչները, որոնք բացայայտօրէն դէմ հանդէս եկած էին կաթոլիկ եկեղեցւոյ գաղափարախօսութեան եւ Վատիկանի կողմէ Արեւելք ուղարկած քարոզիչներուն։ 14-րդ դարու երկրորդ կէսին Տաթեւի դպրոցի հիմնադիրներ ու ղեկավարներ Յովհան Որոտնեցին, Գրիգոր Տաթեւացին եւ անոնց աշակերտները ուժեղ պայքար մղեցին Հայաստանի մէջ կաթոլիկութեան եւ հայ միարարներու դէմ։ Այդ աշակերտներէն մէկն ալ Մատթէոս Ջուղայեցին էր։

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Քարոզ Սուրբ Խաչի․․․» անունը կրող քարոզներէն մէկուն մէջ Ջուղայեցին կը պատմէ իր՝ Կոստանդնուպոլիս այցի մասին եւ թէ ինչպԷ՞ս այն կործանումէ փրկուած է արաբական արշաւանքներու ժամանակ։[8]
  • «Բան Յաւետարանէն Յովհաննու» աշխատութեան մէջ Մատթէոս կը փորձէ բացատրել «օն» ձայնարկութիւնը։[9]
  • «Քննութիւն Գործոց Առաքելոց» աշխատութեան մէջ ան կը պատմէ բորոտութեան մասին։ Այդ ժամանակներուն Մոկաց երկրին մէջ շատ բորոտներ կային եւ Ջուղայեցին, ցանկանալով գտնել հիւանդութեան յարուցիչները, ուշադրութիւն դարձուցած է մոկացիներու սնունդին վրայ եւ պարզած, որ անոնց սնունդին մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ ծանրամարս կորեկի հացը, մեղրն ու ընկոյզը, եւ որ այդ է հիւանդութեան բուն պատճառը։[10]
  • «Ի Գլխոյն Ղուկասու Հաւաքումն Բանից Եւ Հոլով Քարոզք Ի Մեկնութենէ Իգնատիոսի Հայոց Վարդապետի, Ժողովեալ Աշխատութեամբ Մատթէոսի Աշակերտի Գրիգորի», որ գրածէ Երնջակի Ապրակունեաց վանքին մէջ 1391 թուականին։
  • «Յովհաննու Որոտնեցոյ Տիեզերալոյս Բաբունապետի Արարեալ Բան Յաւետարանէն Յովհաննու, Որ Ասէ՝ Ի Սկզբանէ Էր Բանն Եւ Բանն Էր Առ Աստուած», չնայած վերնագիրին մէջ նշուած է Յովհան Որոտնեցիի անունը՝ աշխատութեան հիմնական մասը գրած է Ջուղայեցին։ Ուղղակիօրէն ան կը սիրէ իր աշխատութիւններուն վերնագիրներուն մէջ նշել այն հեղինակները, որոնցմէ օգտուած է ան։
  • «Մատթէոսի Վարդապետի, Վասն Հարցմանց Անօրինաց Զանազան Բատասխանիք, Զզոր Խնդրեալ Բարեպաշտն Աբիսողոմ Մեծ Տանուտէրն Շիրինայ», որ գրած է 1393 թուականէն առաջ։
  • Գանձեր Ու Տաղեր[Ն 1]
    • «Տաղ Ազնիւ (Յակոբայ Մծբնայ հայրապետին) Ի Մաթէոս Վարդապետէ», գրած է Երնջակի մէջ 1386-1399 թուականներուն։ Տաղը ձայնագրուած է բազմաթիւ բարդ խաղերով։[11]
    • «Կանոն Երեւման Խաչին», որ ունի տաղ ու յորդորակ, որոնք նոյնպէս ձայնագրուած են բազմաթիւ խաղերով։[12]
    • «Կանոն Մեծահրաշ Կիրակէի», ակրոստիքոս՝ «Մաթէոսի Է, Խնդրեաց Գրիգոր»։[13]
    • «Գանձ Մեծի Երկուշաբաթին», ակրոստիքոս՝ «Ի Մաթէոսէ, Խնդրեաց Գրիգոր»։[14]
    • «Մեղեդի Անոյշ (սրբոյ հայրապետաց գ․ ժողովոցն) ի Մաթէոս Վարդապետէ», ակրոստիքոս՝ «Մաթէոսի է երգս այս, նոր է գրեալ»։[15]
  • «Մատթէոսի Վարդապետի Աշխատասիրեալ Վասն Քարոզութեան Բանի, Ի Վարդապետութենէն Սուրբ Հօրն Եւագրեայ, Որ Միտք Անապատի Կոչի Եւ Ի Նորին Վարուցն Հետեւողէ Սրբոյն Նեղոսէ, Որ Ցան Եւ Ցիր Գոյր Օ Բանս Նոցա՝ Հաւաքեալ Ի Մի Ի Պէտս Բանասէր Անձանց», որ գրած է 1393 թուականին Տանձափարախ անապատին մէջ։
  • «Նուաստ Մաթէոս Վարդապետի՝ Աշակերտի Եռամեծին Գրիգորի Աշխատասիրեալ Առ Ի Հաւաքումն Բանից, Որ Հայի Առ Զ (6) Աւուր Գործս Աստուծոյ, Ի Խնդրոյ Սարգիս Կրօնաւորի, Ի Բանն Սողոմոնի, Որ Ասէ՝ Ամենեցուն Ճարտարապետն Ուսոյց Ինձ Իմաստութիւն», որ գրած է 1395 թուականին Տաթեւի վանքին մէջ։
  • «Վասն Ժամանակաց Գիտելոյ Զօրքանն», որ գրած է 1402 թուականին հաւանաբար Տաթեւի մէջ։ Կը ներկայացնէ փոքր աղիւսակ մը, որ կը պարունակէ եկեղեցական եւ քաղաքական կարեւոր իրադարձութիւններու թուականներ։
  • «Նորին Մատթէոսի Վարդապետի Ներբողեան Ողբերգաբար, Ոգեալ Ի Թաղումն Երջանիկ Րաբունապետին Գրիգորի։ Ընդ Նմին Յիշատակեալ Զողբս Լալեաց Կոտորածին, Որ ի Վրացտուն՝ Ի Փայտակարան Քաղաքի, Քանզի Պատկեր Աւուրց Ի Մի Դիպեցաւ, Մանաւանդ Ի Հրաշագեղ Կարապետ՝ Եղբայր Իւր», որ գրած է 1410 թուականի սկզբներուն Տաթեւ մէջ։
  • «Մատթէոսի Մուաստ Եւ Յետին Աշակերտի Եռամեծացն Յովհաննու Եւ Գրիգորի, Աշխատասիրեալ Ի Քննութիւն գործոց Առաքելոց, Ի Մեկնութենէ Սուրբ Հարցն Յովհաննու Ոսկեբերանի Եեւ Եփրեմի, Ի Խնդրոյ Հարազատ Եղբօր Մերոյ Յակոբ Վարդապետի՝ Մականուն Ովսանանց Կոչեցեալ», որ Մատթէոսի ամենաընդարձակ ու կարեւոր աշխատութիւնն է։ Գրած է 1411 թուականին՝ հաւանաբար Տաթեւի մէջ։

Քարոզներ եւ ձեռագիրներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ջուղայեցին գրած է մօտ 50 քարոզ։[16] Ատոնք գրուած են Աստուածաշունչէն վերցուած բնաբաններով, որոնք, որպէս կանոն, 7 պատուիրաններն էին։ Քարոզներունած գրու թուականը յայտնի չէ։ 1391 թուականին գրուած «Ի Գլխոյն Ղուկասու Հաւաքումն Բանից» աշխատութիւնը եւս քարոզներ կը պարունակէ։

Ջուղայեցին զբաղած է նաեւ ձեռագիրներու ընդօրինակմամբ։ Անոր բազմացուցած ձեռագիրներէն յայտնի են՝

  • Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» աշխատութիւնը, զոր ընդօրինակուած է 1397 թուականին՝ Ատոմ աբեղայի խնդրանքով։
  • Աւետարան, զոր ընդօրինակուծ է 1407 թուականին՝ Տաթեւի մէջ, Յովել քահանայի խնդրանքով։
  • Աւետարան, զոր ընդօրինակուած է 1407 թուականին՝ ոմն Մըմբարաքշահի պատուէրով։
  • Գ․ Զարբհանալեան «ՊատմութիւնՀայերէն Դպրութեան» երկհատորանոց աշխատութիւն։
  • Հ․ Աճառեան «Հայոց Անձնանունների Բառարան», 3-րդ հատոր։
  1. Քանի որ գանձերու եւ տաղերու մեծ մասը կը պարունակեն մեծաքանակ երաժշտական խաղեր, ապա կարելի է կարծել, որ Մատթէոս Ջուղայեցին եղած է ո՛չ միայն բանաստեղծ, այլեւ՝ երաժիշտ-երգահան։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Հայկական սովետական հանրագիտարանԵրևան: 1981. — հատոր 7. — է. 289.
  2. Թովմա Մեծոփեցի, էջ 50-51
  3. Վ․ Բաղիշեցի, ձեռագիր № 8444, էջ 182 ա - 182 բ
  4. Ձեռագիր, № 969, էջ 107 բ
  5. Լ․ Խաչիկեան «ԺԴ Դարի Հայերէն Ձեռագրերի Յիշատակարաններ», Երեւան, 1950 թ․, էջ 613
  6. Լ․ Խաչիկեան «ԺԴ Դարի Հայերէն Ձեռագրերի Յիշատակարաններ», Ա․ մաս (1401-1450 թթ․), Երեւան, 1955 թ․, էջ 25
  7. Շարաֆ-բեկ, ՀԱ, 1899, էջ 66
  8. Ձեռագիր № 2229, էջ 230 բ
  9. Ձեռագիր № 5871, էջ 34 ա
  10. Ձեռագիր № 1402, էջ 131 ա
  11. Ձեռագիր № 425, էջ 46բ - 47բ
  12. Ձեռագիր № 425, էջ 255ա - 258բ
  13. Ձեռագիր № 425, էջ 261ա - 262բ
  14. Ձեռագիր № 474, էջ 152ա - 157ա
  15. Ձեռագիր № 471, էջ 106բ - 108բ
  16. Ձեռագիր № 2229

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]