Jump to content

Մանուէլ Ասատրեան

Մանուէլ Ասատրեան
Ծնած է 26 Ապրիլ 1926(1926-04-26) կամ 1926[1]
Ծննդավայր Արագած, Հայաստան
Մահացած է 25 Յունուար 2000(2000-01-25) կամ 2000[1]
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստան
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստան
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարան
Մասնագիտութիւն լեզուաբան, հայագէտ
Աշխատավայր Երեւանի Պետական Համալսարան
Երեխաներ Հրաչյա Ասատրյան?

Մանուէլ Ասատրեան (26 Ապրիլ 1926(1926-04-26) կամ 1926[1], Արագած, Հայաստան - 25 Յունուար 2000(2000-01-25) կամ 2000[1], Երեւան, Հայաստան), հայ գիտնական։

2000 թուականի սկիզբը հայերէնագիտութեան բնագաւառը կորսնցուց իր երախտաշատ գիտնականներէն մէկը։ 74 տարեկանին, Փետրուարի ցրտաշունչ օրերուն, կարճատեւ հիւանդութենէ ետք, յաւիտենապէս իր աչքերը փակեց հայրենաբնակ անուանի լեզուաբան, հայերէնագէտ, Երեւանի Պետական Համալսարանի երկարամեայ ու վաստակաշատ դասախօս, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր-փրոֆեսէօր Մանուէլ Եգորի Ասատրեան։

Ասատրեան ծնած է 1926 Ապրիլ 26-ին, Էջմիածնի շրջանի Արագած գիւղը։ 1942-ին, աւարտելէ ետք Էջմիածնի մանկավարժական ուսումնարանը, կը պաշտօնավարէ իր ծննդավայրի դպրոցին մէջ՝ դասաւանդելով հայոց լեզու եւ գրականութիւն։ 1946-ին կ՚ընդունուի Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրական ֆաքուլթէթի հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժինը, զոր կ՚աւարտէ 1951-ին։ Նոյն տարին կ՚ընդունուի ասպիրանտուրայի բաժին եւ 1954-ին Բայի սեռը ժամանակակից հայերէնի մէջ աշխատասիրութեան համար կը ստանայ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան։ 1970-ին՝ իր ժամանակակից հայերէնի ձեւբանութեան հարցեր եռահատոր ուսումնասիրութեան համար կը ստանայ դոկտորի գիտական աստիճան, իսկ 1973-ին՝ արժանաւորապէս իրեն կը շնորհուի փրոֆէսօրի կոչում։

Յիրաւի, իր անժամանակ կորուստը մեծ եղաւ ե՛ւ հայաստանեան ե՛ւ սփիւռքեան առումով։

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ասատրեան Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ սկսած է աշխատիլ 1954-էն՝ դասաւանդելով ժամանակակից հայոց լեզու եւ բարբառագիտութիւն։ Բազմաթիւ ուսուցիչներ, լրագրողներ եւ բանասէրներ, ըլլան անոնք հայրենաբնակ թէ սփիւռքահայ, եղած են անոր ուսանողները եւ մեծապէս օգտուած՝ անոր դասախօսութիւններէն եւ լեզուական-գիտական մտածողութենէն։

Ասատրեան հեղինակ է տասնեակ մը գիրքերու եւ գիտական բազմաթիւ յօդուածներու, որոնք հիմնականին մէջ նուիրուած են ժամանակակից գրական արեւելահայերէնի կառոյցին ուսումնասիրութեան եւ բարբառագիտութեան հարցերուն։ Իր հեղինակութեամբ հրատարակուած գիրքերէն առաւել յայտնի են՝ Բայի սեռը ժամանակակից հայերէնում (1959), Ուրմիայի (Խոյի) բարբառը (1962), Լոռու խօսուածքը (1968), Ժամանակակից հայոց լեզուի ձեւաբանութեան հարցեր (1970), Ժամանակակից հայոց լեզուի գործնական աշխատանքների ձեռնարկ․ ձեւբանութիւն (Ժենիա Ճշմարիտեանի հետ, 1981), Հայերէնագիտութիւնը 60 տարում (1981) եւ Ժամանակակից հայոց լեզու․ շարահիւսութիւն (1987), որոնց մէջ անդրադարձած է հայերէնագիտութեան կնճռոտ եւ վիճայարոյց խնդիրներուն եւ տուած՝ գրեթէ սպառիչ պատասխաններ։

Ասատրեան ներհուն ու բծախնդիր մանկավարժ մըն էր՝ խստապահանջ, խստադատ․ սակայն իր խստապահանջութիւնը կը բխէր ուսանողներու՝ հայոց լեզուի հանդէպ ցուցաբերած անփութութենէն։ Դասախօսութիւններու ընթացքին իր նուրբ զուարթախոհութենէն ի յայտ կու գար ուսանողներուն օգտակար դառնալու իր անսակարկ բարեացակամութիւնը։ Իր հազարաւոր սաները, երախտապարտ թէ երախտամոռ, դժուար թէ մոռնան զինք, որովհետեւ ոչ միայն Գիտնական էր, այլեւ՝ Ուսուցիչ եւ Մարդ։

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.